Երեքշաբթի, 18 Մայիս 2021-ին, Սուրիոյ Նախարարներու Խորհուրդը Հուսէյն Արմուսի նախագահութեամբ իր շաբաթական, հերթական նիստին ընթացքին հաստատեց, որ խորհուրդը Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահութեան ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքները կը հետապնդէ, որպէսզի ընտրութեան ընթացքը հեզասահ ընթանայ եւ քաղաքացիները կարենան դիւրութեամբ քուէարկել։