«Երկիր».-ՀՀ Զինեալ Ուժերը  հերքած է որոշ լրատուամիջոցներուն տարածած տեղեկութիւնները, թէ Վարդենիսի սահմանային հատուածին մէջ ատրպէյճրանցիներ հայկական դիրք  գրաւած են:
«Ոչ միայն ատրպէյճանցիները հայկական որեւէ դիրք չեն գրաւած, այլեւ նոյնիսկ տեսականօրէն չէին կրցած գրաւել, որովհետեւ սահմանային այդ հատուածին մէջ, ուր ատրպէյճանցիները փորձած են յառաջխաղացում ապահովել,  մարտական դիրքեր ուղղակի չկան եւ ընդամէնը բաց տարածք է, որ հոն գտնուող ատրպէյճանցի զինուորականները եւս  կը գտնուին հայկական ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան տակ», յստակեցուցած են ՀՀ Զինեալ Ուժերէն: