Երկուշաբթի, 17 Մայիս 2021-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Աբխազիոյ նախագահ Ասլան Պաճանեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Նախագահները խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան միջոցներուն եւ անոնց զարգացման շուրջ, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման եւ գիտաշխատողներու փոխանակման շուրջ։ Նախագահները շեշտեցին, որ Սուրիոյ եւ Աբխազիոյ միջեւ յարաբերութիւնը հիմնուած է ամուր հիմքի վրայ։ Անոնք հաստատեցին, որ երկու երկիրները բռնատիրութեան դէմ կը պայքարին հակառակ պաշարման, պատերազմին եւ տնտեսական, քաղաքական եւ զինուորական ահաբեկչութեան։ Նախագահները խորհրդակցեցան նաեւ Սուրիոյ եւ Աբխազիոյ քաղաքական իրավիճակին շուրջ, Իսրայէլի Պաղեստինի մէջ գործած ոճիրներուն, Ուքրանիոյ եւ Խրիմի իրավիճակին շուրջ, ինչպէս նաեւ քննարկեցին Ռուսիոյ դէմ արեւմուտքի վարած քաղաքականութիւնը։