Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ պատերազմի տարիներուն ահաբեկչութեան կողմէ ահաւոր քանդումի ենթարկուելէ ետք, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը Հալէպի ակնավիրաբուժական հիւանդանոցին վերաբացումը կատարեց՝ զայն վերանորոգելէ ետք։ 1800 մեթր քառակուսի տարածութեամբ հիւանդանոցը կ՚ընդգրկէ 25 անկողին, երկու գործողութեան սենեակ, շտապ օգնութեան սենեակ, դասախօսութեան ներքնասրահ, աչքի որոշ հիւանդութիւններու բուժարաններ եւ տարրալուծարան։ Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարար Հասան Ղապպաշ շրջագայեցաւ հիւանդանոցի բաժիններուն մէջ եւ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ակնավիրաբուժական հիւանդանոցի վերականգնումն ու բժշկական արդիական սարքաւորումներով օժտումը հսկայ ձեռքբերում կը համարուի։ Շրջագայութեան ներկայ էին նաեւ Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ, Պաաս Կուսակցութեան Հալէպ մասնաճիւղի քարտուղար Ահմատ Մանսուր, Հալէպի Պետական Համալսարանի քարտուղար Իպրահիմ Հատիտ եւ Հալէպի Առողջապահութեան տնօրէն տոքթ. Զիատ Հաճ Թահա։