Չորեքշաբթի, 19 Մայիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ կոչ ուղղեց այլ երկիրներ գտնուող սուրիացիներուն, վաղը՝ Հինգշաբթի, 20 Մայիս 2021-ին իրենց մասնակցութիւնը բերելու նախագահական ընտրութիւններուն։ Նախարարութիւնը շեշտեց, որ տարբեր երկիրներու մէջ սուրիացիներուն նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը ազգային պարտականութիւն է եւ կը հաստատէ երկրի ճակատագրի տնօրինման սուրիացիներուն ինքնորոշման իրաւունքը, ինչպէս նաեւ փաստ է ողջ աշխարհին համար, որ սուրիացիները իրենց երկրին կառչած մնալով ձախողութեան կը մատնեն դաւադրական բոլոր ծրագիրները, եւ ամենակարեւորը կը վկայեն, որ Սուրիան անկախ երկիր է եւ իր ժողովուրդը ազատ է։ Պատմութեան ընթացքին Սուրիոյ ժողովուրդը դարձած է ազատութեան եւ արժանապատուութեան խորհրդանիշ եւ մինչեւ այսօր կառչած կը մնայ իր երկրին եւ կը շարունակէ դիմադրել Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտողներուն։