Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններով պիտի ուրուագծուի Սուրիոյ յառաջիկայ տարիներու քաղաքական ուղեգիծը, ժողովուրդին, ներառեալ փոքրամասնութիւններուն, գոյութենական գրաւականները պիտի ամրապնդուին, յատկապէս երկրի աշխարհաքաղաքական ներկայ իրավիճակին, շրջափակումին, ինչպէս նաեւ պատերազմի իբրեւ հետեւանք թշնամի ուժերու Սուրիա թափանցումին լոյսին տակ: Նախագահական ընտրութիւններու մասնակցութիւնը բոլոր ժամանակներէ աւելի կարեւոր կը համարուի այս փուլին: Ուստի կատարենք մեր քաղաքացիական պարտաւորութիւնը, մասնակցինք ընտրութեան եւ քուէարկենք ի նպաստ Սուրիոյ ներկայ նախագահ Պաշշար Հաֆէզ ալ Ասատին, որովհետեւ.
-Նախագահը խիզախօրէն յաղթահարեց երկրին դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւնները. քաղաքական, տնտեսական, պատերազմական տարաբնոյթ ճնշումներուն դէմ դնելով ետ մղեց երկրի գոյութենական սպառնալիքն ու ահաբեկչական արհաւիրքները:
-Հակառակ տնտեսական աննախադէպ շրջափակումին, ամէն ջանք ի գործ դրաւ տնտեսութիւնը փլուզումէն փրկելու եւ երիտասարդ մարդուժի աշխատանքը քաջալերելու:
-Եղաւ Հայ Դատի զօրակից եւ հայ ժողովուրդի անկեղծ բարեկամ: Իր նախագահութեան օրով Սուրիոյ խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Ցեղասպանութեան նիւթը ներառուեցաւ Սուրիոյ պետական դասագիրքերու մէջ:
-Նախագահին անմիջական օժանդակութեամբ Սուրիոյ տարբեր նահանգներու մէջ վերանորոգուեցան պատերազմէն վնասուած եկեղեցիներ, մզկիթներ, մշակութային ու բարեսիրական կառոյցներ: Այլ խօսքով՝ Սուրիոյ վերականգնումը ընթացք առաւ բազմաբնոյթ դժուարութիւններու լոյսին տակ:
-Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւնները եղան բնականոն եւ բարեկամական:
-Սուրիոյ երիտասարդ նախագահը եղաւ նորարարութեան ջահակիր. ան կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու խաղաղ գոյակցութեան քաջալեր հանդիսացաւ:
-Թիկունք կանգնելով ժողովուրդին եւ սուրիական բանակին, Սուրիան աստիճանաբար դուրս բերաւ պատերազմական քաոսէն ու աշխատանքի մղեց ժողովուրդը՝ ոչ միայն լաւատեսութեամբ, այլ մանաւանդ աշխատանքով յաղթահարելու թշնամի ուժերու սադրանքները եւ երկրէն վանելու բոլոր օտար ուժերը: