«Ար­մէնփ­րես» կը հա­ղոր­դէ, որ Իրա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նի ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նութ­եան յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Մոժ­թա­պա Զոլ­նու­րի անդ­րա­դառ­նա­լով հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին վրայ ստեղծ­ուած կա­ցու­թեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի զին­եալ ու­ժե­րուն կող­մէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րածք ներ­խուժ­ման յայ­տա­րա­րած է, որ Իրա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թիւնը չ’ըն­դու­նիր շր­ջա­նի որե­ւէ փո­փո­խու­թիւն, շր­ջա­նի եր­կիր­նե­րու տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը պէտք է պահ­պան­ուի:
«Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քէն մաս մը գրա­ւելն ու մեր սահ­ման­նե­րը փո­փո­խու­թեան են­թար­կե­լը մե­զի հա­մար ըն­դու­նե­լի չեն: Անց­եա­լի սահ­ման­նե­րը պէտք է ամ­բող­ջու­թեամբ ըլ­լան պաշտ­պան­ուած, եւ Հա­յաս­տա­նի հետ Իրա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան հա­սա­րա­կաց սահ­մա­նը պէտք է պահ­պան­ուի», յայ­տա­րա­րած է Մոժ­թա­պա Զոլ­նու­րի: