Աս­մունք, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն, գիր, գրա­կա­նու­թիւն… ոմանց հա­մար մո­ռա­ցու­թեան մատն­ուած են, իսկ այ­լոց ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տին մէջ կը մնան: Ժա­մա­նա­կի մը մէջ, ուր կը կարծ­ուի, թէ նոր սե­րուն­դը կորսն­ցու­ցած է իր հե­տաքրք­րու­թիւնը ըն­թեր­ցա­նու­թեան ու հայ գրա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ, Հա­լէ­պէն 13 պա­տա­նի-երի­տա­սարդ­ներ կու գան հա­կա­ռա­կը ապա­ցու­ցե­լու, ճիգ մը ցոյց տա­լու:
Նա­խորդ տար­ուան ըն­դու­նե­լու­թե­նէն ու յա­ջո­ղու­թե­նէն ետք, երկ­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով Հա­մազ­գա­յի­նի «Ն.Աղ­բալ­եան» Մաս­նա­ճիւ­ղի Գրա­կան Յանձ­նա­խում­բը կը ձեռ­նար­կէ աս­մուն­քի դա­սըն­թաց­քի, ընկհ. Ռի­թա Կաղ­եան-Տիք­պիք­եա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ քայլ մըն ալ առաջ մղե­լով աս­մուն­քի սի­րա­հար­նե­րը: Ամիս­ներ առաջ յայ­տա­րար­ուե­ցաւ դա­սըն­թաց­քին մա­սին, մաս­նակ­ցիլ փա­փա­քող­նե­րը շատ էին, սա­կայն դա­սըն­թաց­քը սա­հմա­նա­փակ­ուած էր 8-րդ, 9-րդ, 10-րդ եւ 11-րդ կար­գե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ: Դա­սըն­թաց­քը մաս­նա­գի­տա­կան ըլ­լա­լուն, դի­մող­նե­րը ան­ցան ըն­դուն­ման քն­նու­թե­նէ, ար­տա­սա­նե­լով քերթ­ուած մը:
Անոնք դա­սըն­թաց­քին լր­ջօ­րէն հե­տե­ւեցան, սոր­վե­ցան եւ քիչ մըն ալ անձ­նա­կան դրոշմ աւել­ցու­ցին իրենց աս­մուն­քին: Այս իմաս­տով ակ­նե­րեւ էր իւ­րա­քան­չիւ­րին ներ­կա­յաց­ման ձե­ւի եւ առո­գա­նու­թեան բա­րե­լա­ւու­մը:
Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Ս. Եպս. Զօպ­ու­եա­նի, Կի­րա­կի, 16 Մա­յիս 2021-ի երե­կոյ­եան ժա­մը 8:00-ին, Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած աս­մուն­քի երե­կոն եկաւ երեք ամս­ուան այս աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը հան­րու­թեան հրամց­նե­լու:
Բաց­ման խօս­քով ընկհ. Սո­նա Ադամ­եան-Չա­լօղլ­եան յայտ­նեց, որ աս­մուն­քը իւ­րա­յա­տուկ դեր ու­նի հայ գրա­կա­նու­թեան գո­հար­նե­րը ոչ միայն ներ­կա­յաց­նե­լու ունկն­դի­րին, այ­լեւ անոր իմաստն ու խո­րու­թիւնը ըմ­բոշխ­նել տա­լու: Ան ներ­կա­նե­րուն ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց, որ ար­ժէք­նե­րու հա­մա­կար­գի փո­փո­խու­թեան այս դա­րուն, երբ շատ մը երի­տա­սարդ­ներ աս­տի­ճա­նա­բար կը հե­ռա­նան գիր-գրա­կա­նու­թե­նէն, ար­ուես­տէն ու մայ­րենի­ին օգ­տա­գործ­ման նա­խան­ձախնդ­րու­թե­նէն՝ իրենց ժա­մե­րը ա­ռա­ւե­լա­բար լեց­նե­լով ար­հես­տա­գի­տու­թեան սոսկ ժա­ման­ցի հար­թակ­նե­րուն վրայ, հայ կր­թա­կան մշակ­ներ կր­կին ժա­մեր կը տրա­մադ­րեն մատ­ղաշ սե­րունդ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւնը ուղ­ղե­լու հայ գրա­կա­նու­թեան ու մշա­կոյ­թին: Չա­լօղլ­եան խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց դա­սըն­թաց­քի ղե­կա­վա­րին՝ տիկ. Ռի­թա Կաղ­եան-Տիք­պիք­եա­նին, ինչ­պէս նա­եւ մաս­նա­կից­նե­րուն եւ անոնց ծնող­նե­րուն, որոնց գոր­ծակ­ցու­թեամբ ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տանք մը լրու­մին հա­սաւ:
Աս­մուն­քի շար­քը սկ­սաւ Լո­ռի Մա­թոս­եա­նը, ար­տա­սա­նե­լով Յ.Շի­րա­զի «Սո­խա­կի Ճա­կա­տա­գի­րը», ապա Ան­նա Չա­լաք­եան Վ.Թէ­քէ­եա­նէն «Անունդ» եւ «Ես Սի­րե­ցի» քնա­րա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը աս­մուն­քեց, որոնց յա­ջոր­դեց դարձ­եալ Թէ­քէ­եա­նի «Տաղ Հա­յե­րէն Լեզ­ուի» քերթ­ուա­ծին աս­մուն­քը՝ Շո­ղեր Տէր Յով­հան­նէս­եա­նի կա­տա­րո­ղութ­եամբ:
Օր­ուան բե­մա­վար Թա­մար Գա­զանճ­եան-Քէ­օշ­կէր­եան պար­բե­րա­բար տե­ղե­կու­թիւն­ներ հրամ­ցուց հե­ղի­նակ­նե­րուն մա­սին: Նա­յի­րի Բար­սեղ­եան տպա­ւո­րիչ առո­գա­նութ­եամբ պատ­մեց «Առիւ­ծը եւ Այ­ծը» առա­կը: Նա­նոր Մար­տիկ­եան Շի­րա­զի «Հա­յոց Լե­զուն» հն­չեց­նե­լով ներշն­չեց հան­դի­սա­կան­նե­րը: Սել­լա Աս­թարճ­եան եւ Յա­կոբ Շաքարեան ներ­կա­յա­ցու­ցին Ալամ­իա Յով­հան­նէս­եա­նի «Հա­յաս­տան» եր­կը: Հե­տաքրք­րա­կան ոճ մը ու­նէր Հու­րի Տէ­լիք­տէր­եա­նը, երբ Շի­րա­զէն «Խեղճ Մայ­րի­կը» կ’աս­մուն­քէր, իսկ Հա­մա­զասպ Շա­քար­եա­նը առ­նա­կան երանգ մը տուած էր իր աս­մուն­քին՝ Թու­ման­եա­նի «Հին Օրհ­նու­թիւն»ը աս­մու­նքած պա­հուն:
Պ.Սե­ւա­կի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու կար­գը հա­սած էր. «Քիչ Ենք, Բայց Հայ Ենք»ը աս­մուն­քեց Ար­փի Արա­պան­եան, «Որ­դուս»ը՝ Ան­նա Սաղ­պա­զար­եան ու Քա­րէն Գա­տէհճ­եան, որոնց ներ­կա­յա­ցու­մը փշա­քա­ղեց ներ­կա­նե­րը: Երբ հն­չեց Ար­ցա­խի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան Հա­լէ­պա­հայ նա­հա­տակ­նե­րուն՝ հրա­մա­նա­տար Յա­րութ Բա­նոյ­եա­նի, Մո­սիկ Սեք­լէմ­եա­նի եւ Յա­կոբ Աս­թարճ­եա­նի նուիր­ուած քերթ­ուածը՝ «Բարձ­րունքն Էլ Մե­րը Չէ, Տղերքն Էլ Չկան»ը, սրա­հին մէջ քար լռու­թիւն տի­րեց, հպար­տու­թիւնն ու տխ­րու­թիւնը մի­ա­խառն­ուե­ցան, սա­կայն աս­մուն­քող Սել­լա Աս­թարճ­եա­նը հպար­տու­թիւն առ­թող առո­գա­նու­թեամբ բարձ­րա­ցուց տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը: Լի­լիթ Ժամ­կոչ­եան Ժագ Յա­կոբ­եա­նի «Մենք»ը եւ Յա­կոբ Շա­քար­եան Սի­ա­ման­թո­յի «Ափ Մը Մո­խիր»ը ներ­կա­յա­ցու­ցին: Շի­րա­զէն «Հա­մաշ­խար­հա­յին Վիշ­տը» խոր ապ­րու­մով աս­մուն­քեց Ան­նա Սաղ­պա­զար­եան, իսկ Քա­րէն Գա­տէհճ­եան Պարոյր Սեւակէն տպա­ւո­րիչ առո­գա­նու­թեամբ «Երբ Աչ­քերն Են Սա­ռում»ը աս­մուն­քեց: Վեր­ջին աս­մուն­քը Նա­նոր Մար­տիկ­եա­նի եւ Հա­մա­զասպ Շա­քար­եա­նի մեկ­նա­բա­նու­թեամբ հն­չած Յ. Շի­րա­զի «Նո­յի Ագ­ռաւ­նե­ր»ն էր:
Աւար­տին, հե­տաքրք­րա­կան բե­մա­կա­նա­ցու­մով մը բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը բեմ բարձ­րա­ցան Ժագ Յա­կոբ­եա­նի «Կանք Ու Կը Մնանք»ը ար­տա­սա­նե­լով, անոնց մի­ա­ցաւ դա­սա­տուն՝ Ռի­թան ու ամիս­նե­րու աշ­խա­տան­քին պատ­կե­րը ամ­բող­ջա­ցաւ:
Ապա մաս­նա­կից­նե­րուն «Ն.Աղ­բալ­եան» Մաս­նա­ճիւ­ղի Վար­չութ­եան ատե­նա­պե­տին՝ ընկհ. Մա­րալ Տիք­պիք­եա­նի ձե­ռամբ հաս­տա­տա­գիր­ներ բաշխ­ուե­ցան:
Հուսկ խօսք առաւ Տ. Զա­րեհ Քհնյ. Շա­քար­եան՝ բարձր գնա­հա­տե­լով սոյն ձեռ­նարկն ու կազմակերպող­նե­րը, որոնք կր­ցան սի­րա­շա­հիլ աշա­կերտ­նե­րը ու անոնց մէջ սեր­մա­նել գրա­կա­նու­թեան հան­դէպ սէրն ու հե­տաքրք­րու­թիւնը:
Ելոյ­թը փակ­ուե­ցաւ «Պահ­պա­նիչ» աղօթ­քով:
Մաս­նա­կից­նե­րուն եռանդն ու խան­դա­վա­ռու­թիւնը փո­խանց­ուած էր իրենց հան­դի­սա­տես ըն­կեր­նե­րուն, որո­շու­մը ար­ձակ­ուած էր… իրե՛նք եւս պի­տի մաս­նակ­ցէ­ին յա­ջորդ տար­ուան դա­սըն­թաց­քին, իսկ աս­մուն­քող­նե­րը դա­սատ­ուին ու յանձ­նա­խում­բին հրա­ժեշտ տա­լով կ’ըսէ­ին. «Ան­համ­բեր կը սպա­սենք գալ տար­ուան դա­սըն­թաց­քին, մի՛ ու­շա­նաք»:

Սեւանայ Հալլաճեան