Կիրակի, 16 Մայիս 2021-ին վայելեցինք Ազգ. մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, որ կը կրէր Հալէպի Կրթութեան Տնօրէնութեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին հովանաւորութիւնը։ Գունագեղ ժպիտներով եւ պայծառ աչուկներով փոքրիկները բեմ բարձրացան, պարեցին, ցատքեցին, երգեցին, արտասանեցին եւ ներկաներուն դէմքին ժպիտ գծագրեցին։
Հանդիսականները նախ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը, ապա Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով ամավերջի հանդէսը բաց յայտարարուեցաւ։
Հայերէն բացման խօսք արտասանեց մանկապարտիզպանուհի Նուշիկ Չագրեան: Ան ըսաւ. «Կարծէք երէկ էր, երբ մեր այսօրուան շրջանաւարտները մանկապարտէզ կու գային ու կը դառնային մէկ մասնիկը Ազգ. մանկապարտէզի մեծ ընտանիքին: Անոնք միասին կը սորվէին, կը խաղային, չարաճճիութիւններ կ՛ընէին, կ՛երգէին, կը պարէին, կը կատակէին, երբեմն կը նեղուէին, կը վիճէին ու կը հաշտուէին: Տարիները շատ արագ անցան եւ ահա այսօր, անոնք բազմաթիւ գիտելիքներու տիրապետած պիտի մեկնին գիտութեան դարբնոց՝ դպրոց»:
Արաբերէն բացման խօսքով Ծաղիկ դասարանի արաբերէնի ուսուցչուհի Հելէն Եագուպեան մանկապարտէզի տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, վարժարանի հոգաբարձութեան անդամներուն, բարեսիրական հաստատութիւններուն, որոնք ջանք չխնայեցին մանկապարտէզի բոլոր կարիքները ապահովելու։
Երբ բեմը բացուեցաւ, հանդիսականները փոխադրուեցան փոքրիկներու հեքիաթային աշխարհ։ Ա. բաժանումի շրջանաւարտները ներկայացուցին մանկապարտէզի առաջին օրը բնութագրող պար մը, իսկ Բ. բաժանումի շրջանաւարտները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Սուրիական Հայրենիքին՝ ներկայացնելով արաբական պար:
Այնուհետեւ բոլոր շրջանաւարտները իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով մեր հայոց արիասիրտ բանակին ներկայացուցին «Զարթօնք» պարը։
Կարգը հասաւ երգչախումբին։ Փոքրիկները իրենց մանկական մաքուր սրտով աղօթեցին Հայաստանի համար, երգեցին ընկերոջ երգը, փառաբանեցին Սուրիական Հայրենիքն ու բանակը եւ հրաժեշտ տուին իրենց սիրասուն մանկապարտէզին, որմէ ետք ուսուցչուհի Սեւան Մալխասեան պարգեւատրուեցաւ իր վաստակին եւ անխոնջ նուիրումին համար:
Բեմը ծաղկաստանի մը պատկերին նմանեցաւ, երբ 38 շրջանաւարտ փոքրիկներ կարգապահ շարքով կանգնեցան եւ սրբազան հօր ձեռամբ ստացան իրենց վկայականները։
Աւարտին, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան օրուան եզրափակիչ պատգամով ըսաւ.«Կ’ուզեմ սուրիահայութեան եւ մասնաւորաբար հալէպահայութեան փոխանցել ՆՍՕՏՏ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնները եւ այս առիթով նաեւ շնորհաւորութիւնները մեր ազգի զաւակներուն եւ մասնաւորաբար ծնողներուն: Կ’աղօթեմ առ ամենաբարին Աստուած, որ այս գեղեցիկ պատկերը, լաւատեսութեան պատկերը, զարթօնքի, կամքի պատկերը փոխադրէ մեր կեանք: Երջանկութիւնը թող անպակաս ըլլայ մեր զաւակներուն առօրեայէն»:
Հալէպի այս ծանր պայմաններուն մէջ նոր հունձք մըն ալ մուտք գործեց նախակրթարան: Հուսկ հանդիսութիւնը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
Վեհան Պարսումեան