Ոտքդ հա­զիւ ներս կը դնես սեն­եա­կէն, քեզ ըն­դու­նող առա­ջին հիւ­րըն­կա­լը կ’ըլ­լայ Պետ­րոս Ադամ­եա­նի կի­սանդ­րին իր պատ­ուան­դա­նին վրա­յէն: Ար­ձա­նը չի խօ­սիր, բայց տա­րօ­րի­նակ զգա­ցում մը կը նե­րար­կէ մէջդ վայրկ­եա­նա­պէս, ու կը հասկ­նաս, որ սո­վո­րա­կան սեն­եակ մը չէ քու դի­մացդ իր դու­ռը բա­ցո­ղը. կը զգաս, որ եթէ ոչ եկե­ղե­ցի, բայց ան­պայ­ման սր­բա­տե­ղի մըն է, որուն պա­տե­րէն հոյլ մը թատ­րո­նի «սուր­բեր» իրենց նկար­նե­րէն կ’ող­ջու­նեն քեզ: Մե­ռած են, բայց ան­մա­հա­ցած, որով­հե­տեւ տաս­նամ­եակ­ներ շա­րու­նակ, առանց դոյզն իսկ ակն­կա­լու­թեան ոտ­քի պա­հած են թա­տե­րա­կան այս օճա­խը:
Հա­լէպ քա­ղա­քի ՀԲԸՄ-ի, Հայ Երի­տա­սար­դաց Ըն­կե­րակ­ցու­թեան, Պետ­րոս Ադամ­եա­նի ան­ուան թա­տե­րա­խում­բի նս­տա­վայրն է, թա­տե­րա­սեն­եա­կը, ժո­ղո­վա­սեն­եա­կը, փոր­ձա­սեն­եա­կը, հա­ւա­քա­տե­ղին, որ կը կրէ երէց դե­րա­սան Յով­հան­նէս Սամ­ուէլ­եա­նի անու­նը, եւ ուր կը պահ­պան­ուին թա­տե­րա­խում­բի բո­լոր ար­խիւ­նե­րը՝ ալ­պոմ­ներ, տե­սե­րիզ­ներ, լու­սան­կար­ներ, յայ­տա­գիր­նե­րու հա­ւա­քա­ծոն եւ թա­տե­րա­կան գրա­կա­նութ­եամբ լե­ցուն գրա­դա­րա­նը:
Այս տա­րի թա­տե­րա­խում­բը պի­տի տօ­նէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 60-ամ­եա­կը: 1961-2021… Ան­սա­կարկ նուի­րու­մի, ան­խոնջ աշ­խա­տան­քի ու անն­կա­րագ­րե­լի զո­հո­ղու­թեանց շղ­թա­յի մը օղակ­ներն են այս վաթ­սուն տա­րի­նե­րը: Թէ­եւ ՀԵԸ-ի մէջ թա­տե­րա­կան ձեռ­նարկ­ներ եղած են անց­եա­լին, սա­կայն թա­տե­րա­խում­բի պաշ­տօ­նա­կան ծնուն­դը կը հա­մար­ուի 1961-ը, երբ ան մկրտ­ուե­ցաւ մեծ դե­րա­սան Պետ­րոս Ադամ­եա­նի անու­նով ու դար­ձաւ Ըն­կե­րակ­ցու­թեան կա­րե­ւոր շար­ժում­նե­րէն մէ­կը, որ տաս­նամ­եակ մը ետք շատ աւե­լի կա­նո­նա­ւոր յա­ճա­խա­կա­նու­թեամբ բե­մել­ներ կազ­մա­կեր­պեց, երբ Երե­ւա­նէն վկայ­եալ, ար­հես­տա­վարժ բե­մադ­րիչ ու­նե­ցաւ, յան­ձին իր ան­դամ­նե­րէն Գրի­գոր Քէ­լէշ­եա­նի, որ ամ­բողջ 15 տա­րի ղե­կա­վա­րեց խում­բը:
Թա­տե­րա­խում­բին ան­ցած ուղի­ին մա­սին խօ­սի­լը ինք­նին ամ­բողջ հաս­տա­փոր գիրք մը լեց­նել կը նշա­նա­կէ, ինչ որ վե­րա­պահ­ուած է այս տա­րի լոյս տես­նե­լիք յու­շա­մատ­եա­նին, սա­կայն ան­կա­րե­լի է չխօ­սիլ սփիւռ­քա­հայ թա­տե­րա­կան շար­ժում­նե­րուն մա­սին, եւ յատ­կա­պէս Ադամ­եան թա­տե­րա­խում­բին  մա­սին ու չթ­ուել կարգ մը երե­ւոյթ­ներ, որոնք ան­ծա­նօթ կր­նան ըլ­լալ հայ­րե­նի մեր քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն:
Ադամ­եան թա­տե­րա­խում­բը վաթ­սուն տա­րի­նե­րու եր­կայն­քին, հայ­րե­նի եւ օտար, 58 հե­ղի­նակ­նե­րու 95 թա­տեր­գու­թիւն­նե­րու հա­տըն­տիր փունջ մը ներ­կա­յա­ցու­ցած է թէ՛ հա­լէ­պա­հայ, եւ թէ այլ գա­ղութ­նե­րու հան­դի­սա­տես­նե­րուն, 616 ելոյթ­նե­րով: Այս անց­նող վեց տաս­նամ­եակ­նե­րու ըն­թաց­քին 355 դե­րա­կա­տար-դե­րա­կա­տա­րու­հի­ներ բեմ բարձ­րա­ցած են: Շա­տեր ան­վե­րա­դարձ մեկ­նած, շա­տեր երկ­րէն հե­ռա­ցած, որոշ թիւ մը Հա­յաս­տան հաս­տատ­ուած ու շա­տեր ալ Հա­լէպ մնա­լով, դեռ կը շա­րու­նա­կեն գոր­ծել, թա­տե­րա­խում­բի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւնը ապա­հո­վե­լով:
Թիւե­րը յի­շելն ու անց­նի­լը դիւ­րին է, սա­կայն երբ կը ճանչ­նաս դե­րա­կա­տար­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը եւ մաս­նա­ւո­րա­բար 30-40-50 տա­րի անընդ­մի­ջա­բար ծա­ռա­յած­ներն ու թթխ­մո­րի պէս մնա­ցող­ներն ու իրենց շու­քին տակ անընդ­հատ նո­րեր հո­վա­նա­ւո­րող­նե­րը, երբ կը յի­շես իւ­րա­քան­չիւ­րին հետ կապ­ուած բե­մա­կան ու­րախ ու տխուր դէպ­քե­րը, չես կր­նար եր­կու խօսք ըսել ու անց­նիլ: Օրի­նակ՝ ինչ­պէ՞ս չխո­նար­հիլ քա­նի մը դե­րա­կա­տար-դե­րա­կա­տա­րու­հի­նե­րու առ­ջեւ, որոնք ներ­կա­յաց­ման օրը ըն­տա­նի­քի մէջ մահ ու­նե­ցած են, կէ­սօ­րին թա­ղու­մէն վե­րա­դար­ձած ու գի­շե­րը բեմ բարձ­րա­ցած են: Ինչ­պէ՞ս չհամ­բու­րես ճա­կա­տը այն տղոց ու աղ­ջիկ­նե­րուն, որոնք ներ­կա­յաց­ման նա­խոր­դող օրե­րուն փոր­ձե­րէն ետք տուն չեն գա­ցած ու մնա­լով սրա­հին մէջ մին­չեւ առա­ւօտ, բե­մա­յար­դար­ման, տա­րազ­նե­րու եւ իրե­րու  հետ կապ­ուած գոր­ծե­րը գլուխ հա­նած են: Հա­պա ինչ­պէ՞ս գնա­հա­տել բո­լոր անոնք, որոնք պա­տե­րազ­մի ռում­բե­րու որո­տին տակ, փոր­ձի եկած են եւ ուշ ժա­մե­րուն ան­լոյս փո­ղոց­նե­րէ ու թա­ղե­րէ անց­նե­լով, ձմ­րան ցուր­տին ու ամ­րան տօ­թին տուն վե­րա­դար­ձած են:
Ան­սա­կարկ նուի­րու­մի վառ օրի­նակ է թա­տե­րա­սեն­եա­կի ան­ուա­նա­տէ­րը, որ Եզով­բո­սի ներ­կա­յաց­ման նա­խօր­եա­կին, դի­մա­յար­դար երի­տա­սար­դին կա­տա­կով առա­ջար­կա­ծին, ան­մի­ջա­պէս են­թարկ­ուե­լով, յա­ջորդ օրը սրահ եկած է ամ­բողջ 25 տա­րի պա­հած իր փար­թամ պե­խե­րը ածի­լած,  դառ­նա­լով իր ոս­կե­րիչ ար­հես­տա­կից­նե­րուն ծաղ­րան­քի առար­կան, սա­կայն, քա­նի դի­մա­յար­դա­րը Եզով­բո­սը պատ­կե­րա­ցու­ցած է առանց պե­խե­րի, այ­լան­դակ դէմ­քով, ինք ալ հնա­զան­դած է թատ­րո­նին սի­րոյն: Դե­րա­սա­նա­կան տա­ղան­դը բա­ւա­րար չէ դե­րա­սա­նի մը մե­ծու­թիւնը բնո­րո­շե­լու հա­մար, այլ՝ անոր նկա­րա­գի­րը, քա­նի որ անն­կա­րա­գիր դե­րա­սան մը, յատ­կա­պէս սի­րո­ղա­կան թա­տե­րա­խում­բե­րու մէջ, եր­բեք չի կր­նար սիր­ուիլ իր բե­մըն­կեր­նե­րէն ու տու­ժո­ղը կ’ըլ­լայ թատ­րո­նը:
Վե­րը յիշ­ուած 355 դե­րա­կա­տար­նե­րէն ոչ մէ­կը, ոչ մէկ նիւ­թա­կան վար­ձատ­րու­թիւն  ստա­ցած է, եր­բե՛ք, գի­տակ­ցե­լով, որ Սփիւռ­քի մէջ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը պահ­պա­նե­լը, հա­յա­պահ­պա­նու­մին կը սա­տա­րէ, այն­պէս, ինչ­պէս ազ­գագ­րա­կան պա­րա­խում­բե­րը, երգ­չա­խում­բե­րը, նուա­գա­խում­բե­րը եւ նման ձեռ­նարկ­ներ: Անոնք ոչ միայն նիւ­թա­կան վար­ձատ­րու­թիւն չեն ստա­ցած, այ­լեւ յա­ճախ տոմ­սեր ալ գնած են իրենց հա­րա­զատ­նե­րը հրա­ւի­րե­լու հա­մար:
Ադամ­եա­նը ու­նե­ցած է ՀԵԸ-ի հո­վա­նա­ւո­րութ­եան տակ գոր­ծող թա­տե­րա­կան իրա­րա­յա­ջորդ  յանձ­նա­խում­բեր նուիր­եալ վար­չա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, ատե­նա­պե­տու­թեամբ Պետ­րոս Քէ­լէշ­եա­նի, Գէ­որգ Ներ­սոյ­եա­նի,Վա­հէ Սամ­ուէլ­եա­նի, Յա­կոբ Մի­քա­յէլ­եա­նի, Զա­տիկ Գուշ­եա­նի, բժ.  Պետ­րոս Պո­յաճ­եա­նի, Յով­հան­նէս Գալ­մաճ­եա­նի, բժ. Ման­ուէլ Վար­ժա­պետ­եա­նի, Ներ­սէս Տաղլ­եա­նի, Վի­գէն Պի­թա­րի, եւ բժ. Սմ­բատ Երէց­եա­նի:
Գրի­գոր Քէ­լէշ­եա­նէն ետք, հրա­ւիր­եալ բե­մադ­րիչ­ներ եղած են Ման­ուէլ Ճի­ճին, Յա­րու­թիւն Չըն­նոզ­եա­ն, Վա­չէ եւ Լա­նա Ատ­րու­նի­նե­ր, Յով­հան­նէս Պան­տաք եւ Ման­ուէլ Քէ­շիշ­եա­ն: Որոշ բե­մադ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րած են նա­եւ Վա­հէ Սամ­ուէլ­եա­ն, Յա­կոբ Մի­քա­յէլ­եա­ն եւ Սմ­բատ Երէց­եա­ն: Թա­տե­րա­խում­բի անձ­նա­կազ­մէն կարգ մը դե­րա­կա­տար-դե­րա­կա­տա­րու­հի­ներ հրա­ւիր­ուած են ու մաս­նակ­ցած Սուր­ի­ա­կան արա­բա­կան թատ­րո­նին, ֆիլ­մե­րուն եւ սեր­ի­ալ­նե­րուն, ինչ­պէս Գրի­գոր Քէ­լէշ­եան, Ման­ուէլ Քէ­շիշ­եա­ն, Անի Պաս­մաճ­եան, Հու­րի Պաս­մաճ­եա­ն, Յա­կոբ Մի­քա­յէլ­եա­ն, Սմ­բատ Երէց­եա­ն, Նու­շիկ Մի­քա­յէլ­եա­ն, Մա­կի Զոպ­եան,Պերճ Ճել­լատ­եան եւ Ռաֆ­ֆի Գա­լայճ­եա­ն:
Ադամ­եան թա­տե­րա­խում­բը  հայ­րե­նի բե­մադ­րիչ-դե­րա­սան­նե­րու վկա­յու­թեամբ նկատ­ուած է Սփիւռ­քի ամե­նամ­նա­յուն եւ ամե­նա­յա­ջող թա­տե­րա­խում­բը, որուն հետ գոր­ծակ­ցած են հայ­րե­նի մեծ ար­ուես­տա­գէտ­ներ, ինչ­պէս Սօս Սարգըս­եան, Վար­դու­հի Վար­դե­րես­եան, բե­մադ­րիչ­ներ Նի­կո­լայ Ծա­տուր­եան, Սամ­սոն Ստե­փան­եան, Ար­տա­շէս Յով­հան­նիս­եան, Արա Երն­ջակ­եան, Նա­րի­նէ Մալ­եան, դե­րա­սա­նու­հի Լա­լա Մնա­ցա­կան­եան, թա­տե­րա­գէտ Լե­ւոն Մու­թաֆ­եան:
Հայ­րե­նի թա­տե­րա­գէտ Բախդ­ի­ար Յո­վա­կիմ­եա­նի ջան­քե­րով Ադամ­եան թա­տե­րա­խում­բի կա­րե­ւոր ար­խիւ մը կազմ­ուած է Երե­ւա­նի թա­տե­րա­կան թան­գա­րա­նին մէջ:
1991-ին Հա­յաս­տա­նի Թա­տե­րա­կան Միութ­եան այդ օրե­րու նա­խա­գահ Խո­րէն Աբ­րա­համ­եա­նի հրա­ւէ­րով Ադամ­եան թա­տե­րա­խում­բը Երե­ւա­նի եւ Վա­նա­ձո­րի մէջ ներ­կա­յա­ցում­ներ տուած է, մաս­նակ­ցե­լով սփիւռ­քա­հայ թատ­րո­նի փա­ռա­տօ­նին, ար­ժա­նա­նա­լով մր­ցա­նա­կի եւ «Տիպ­լոմ» վկա­յագ­րի, ստո­րագ­րու­թեամբ այդ օրե­րու մշա­կոյ­թի նա­խա­րար հայ­րե­նի անու­անի վի­պա­գիր-թա­տե­րա­գիր Պերճ Զէյ­թունց­եա­նի: Բա­ցի փա­ռա­տօ­նի մաս­նակ­ցու­թե­նէն, Ադամ­եա­նը եր­կու տար­բեր ան­գամ­ներ եւս ներ­կա­յա­ցում­ներ տուած է Երե­ւա­նի եւ Գիւմրիի մէջ, ար­ժա­նա­նա­լով հայ­րե­նի հան­դի­սա­տե­սին սի­րոյն եւ գնա­հա­տան­քին:
Հա­լէ­պէն դուրս Թա­տե­րա­խում­բը ելոյթ­ներ ու­նե­ցած է Սուր­ի­ա­կան զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րու մէջ՝ Դա­մաս­կոս, Լա­թաք­իա, Քե­սապ, Գա­միշ­լի. առա­ւել՝ Լի­բա­նան, Պէյ­րու­թի, Թրի­փոլիի, եւ Պուլ­կար­իոյ կարգ մը քա­ղաք­նե­րուն մէջ՝ Փլով­տիւ, Պուր­կազ, Եամ­պըլ:
Հայ մշա­կոյ­թին ծա­ռա­յե­լու եւ հա­յա­պահ­պան­ման սա­տա­րե­լու իր նպա­տա­կէն չշե­ղե­լով թա­տե­րա­խում­բը շա­րու­նա­կած է իր եր­թը տաս­նամ­եակ­նե­րու ըն­թաց­քին: Ան եղած է առա­ջի­նը Սուր­իոյ տա­րած­քին որ հի­մը դրած է ման­կա­պա­տա­նե­կան թատ­րո­նին (Նոյ­նիսկ Սուր­իոյ մա­կար­դա­կով, ինչ­պէս օրին վկա­յած է սուր­ի­ա­կան արա­բա­կան թեր­թը) եւ կա­նո­նա­ւո­րա­բար ամէն տա­րի եր­կու թա­տեր­գու­թիւն բեմ բարձ­րա­ցու­ցած է, որոնց­մէ մին՝ ման­կա­պա­տա­նե­կան, որուն հան­դի­սա­տես­նե­րը եղած են հա­լէ­պա­հայ վար­ժա­րանն­երու աշա­կերտ­նե­րը:
Թա­տե­րա­խում­բը իր օգ­նու­թիւնը չէ զլա­ցած հա­լէ­պա­հայ այլ թա­տե­րա­խում­բե­րուն, երբ խընդ­րանք ներ­կա­յաց­ուած է, դի­մա­յար­դար­ման, բե­մա­յար­դար­ման եւ զգեստ­ներ փոխ տա­լու:
Ադամ­եա­նը աւան­դոյթ դար­ձու­ցած է իր դե­րա­կա­տար­նե­րը պատ­ուել յա­տուկ շքան­շա­նով, անոնց 25, 40, 50 տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յու­թիւնը գնա­հա­տե­լով: Ցարդ ու­նե­ցած ենք 3 յիս­նամ­եայ մե­տա­լա­կիր, 9 քա­ռաս­նամ­եայ ոս­կի մե­տա­լա­կիր եւ 35 քսան­հին­գամ­եայ ար­ծաթ մե­տա­լա­կիր:
Այ­սօր հոյլ մը ադամ­եա­նա­կան­ներ, որոնք սուր­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով Հա­յաս­տան հաս­տատ­ուած են, ի մի գա­լով կազ­մած են երե­ւա­նաբ­նակ ադամ­եա­նա­կան­նե­րու թա­տե­րա­խում­բը, որ իր առա­ջին ելոյթ­նե­րը ու­նե­ցաւ ՀԲԸՄ-ի կեդ­րո­նին մէջ, մէյ մը Մարտ 27-ի թատ­րո­նի օր­ուան առ­թիւ՝  թա­տե­րա­կան պատ­կեր­ներ ներ­կա­յաց­նե­լով, մէյ մըն ալ ինք­նա­գիր եր­գի­ծա­կան պատ­կեր­ներ ներ­կա­յաց­նե­լով: Խում­բը կը ծրագ­րէ թա­տե­րա­կան մեծ գոր­ծի մը ձեռ­նար­կել, եթէ պայ­ման­նե­րը նե­րեն:
Ադամ­եա­նը կը շա­րու­նա­կէ իր յաղ­թա­կան եր­թը, միշտ հա­ւատ­քով եւ ան­կոտ­րում կամ­քով:
«ԱԶԳ», 16  Ապրիլ  2021
Յակոբ Միքայէլեան