Եթէ պահ մը խոր­հինք մար­դոց ներ­կան ու անց­եա­լը կամր­ջող իրե­րուն մա­սին, պի­տի նկա­տենք որ անոնց մէջ մեծ տեղ կը գրա­ւէ գրա­սե­ղա­նը: Կը մտա­բե­րենք անոր տար­բեր չա­փերն ու տե­սակ­նե­րը, նոյ­նիսկ վի­մա­քա­րե­րը, որոնց վրայ փո­րագ­րե­լով նախ­նա­դար­եան մար­դը կր­ցած է ներ­կայ մեր հար­ցադ­րում­նե­րուն պա­տաս­խա­նող շատ մը գի­տե­լիք­ներ փո­խան­ցել: Գրա­սե­ղա­նի առ­կա­յու­թեամբ յա­ճախ նոր մտ­քեր կը ծնին: Այս մտ­քե­րը գրի կ’առ­նենք, ծրա­գի­րի կը վե­րա­ծենք թէ՛ մեր տան, եւ թէ գոր­ծա­տե­ղի­նե­րէն ներս գտ­նուող գրա­սե­ղան­նե­րուն ետին նս­տե­լով:
Քա­նիցս թէ­զեր կը պաշտ­պան­ուին կամ դա­տեր կ’ար­ծարծ­ուին փաս­տա­բան­նե­րու գրա­սե­ղան­նե­րուն վրայ, ու անոնց հե­տե­ւան­քով ոմանք իրենց իրա­ւունք­նե­րուն կը վե­րա­տի­րա­նան, ու­րիշ­ներ խս­տիւ կը դա­տա­պարտ­ուին:
Տար­բեր երանգ ու­նին, սա­կայն, դպ­րո­ցա­կան գրա­սե­ղան­նե­րը, որոնց ետին նս­տե­լով միշտ ալ օգուտ կը քա­ղենք: Անոնց յե­նե­լով կ’ամ­բա­րենք հե­տաքրք­րա­կան գի­տե­լիք­ներ, կը սոր­վինք գրել, կար­դալ եւ կ’ար­ձա­նագ­րենք քաղցր տպա­ւո­րու­թիւն­ներ՝ մեր ան­հոգ ման­կու­թե­նէն մին­չեւ երի­տա­սար­դու­թեան առա­ջին փու­լը:
Թէ­եւ նոյն կերպն ու որա­կը ու­նին հա­մալ­սա­րա­նի գրա­սե­ղան­նե­րը եւս, սա­կայն անոնք մեզ կը ստի­պեն լր­ջու­թեամբ եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ մօ­տե­նալ ուս­ման եւ ըս­տայնմ նս­տիլ իրենց ետին՝ մաս­նա­գի­տա­նա­լու, ուր­ուագ­ծե­լու մեր ապա­գան եւ կեր­տե­լու մեր ան­հա­տա­կա­նու­թիւնը:
Գրա­սե­ղա­նը միտք չէ, հո­գի չէ:
Գրա­սե­ղա­նը օդ չէ, ջուր չէ:
Այլ այն սե­ղանն է, որուն յե­նե­լով մեր միտ­քը թռիչք կ’առ­նէ, կ’ար­տա­յայ­տէ գա­ղա­փար­ներ, որոնք ջու­րի պէս կը ծո­րին սե­րուն­դէ-սե­րունդ, դա­րէ-դար:
Զգո՛յշ, սա­կայն… Եթէ այդ գա­ղա­փար­նե­րը գոր­ծի չվե­րած­ուին ու լոկ սան­դի մէջ ջուր ծե­ծե­լու ծա­ռա­յեն, գրա­սե­ղա­նը կը կորսնց­նէ իր իմաստն ու ար­ժէ­քը:
Անի Մի­նաս­եան