Բա­ռե­րու ետին չպահ­ուը­տինք, ո՛չ ալ տար­ուինք մեզ ու աշ­խար­հը փո­թոր­կող ալիք­նե­րու մո­լո­րեց­նող ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րով ու անոնց առ­թած հռե­տո­րա­բա­նու­թիւն­նե­րով, այլ իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը կո­չենք իրենց իս­կա­կան անուն­նե­րով, որ­քան ալ որ դառն ու ցաւց­նող ըլ­լան անոնք:
Իրա­կա­նու­թի՞ւնը: Այ­սօր, երբ աշ­խար­հը (մենք ալ անոր հետ) տար­ուած է հա­մա­ճա­րա­կին, գաղ­թա­կան­նե­րու, Կա­զա­յի (նա­եւ Եմէ­նի եւ այ­լա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւն­նե­րու), կեն­սո­լոր­տի, առեւտ­րա­կան պա­տե­րազմ­նե­րու, թշ­նա­մի-բա­րե­կամի վե­րա­դա­սա­ւո­րում­նե­րու, խտ­րա­կա­նու­թեան կի­րա­րկում­նե­րու, այս կամ այն երկ­րին մէջ այ­լա­խոհ­նե­րու յա­րու­ցած աղ­մուկ­նե­րով (շար­քը շա՜տ աւե­լի եր­կար է), մեր հայ­րե­նիքն ու անոր հետ ողջ հա­յու­թիւնը, Սար­դա­րա­պա­տին ու Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ծնուն­դի 103-րդ տա­րե­դար­ձի օրե­րուն, կ’ապ­րի ՀԱ­ԿԱ-ՍԱՐ­ԴԱ­ՐԱ­ՊԱՏ­ԵԱՆ եղե­լոյթ մը, որուն նո­րա­գոյն բարձ­րա­կէ­տը եւ մեկ­նար­կը եղաւ 44 օրե­րու պա­տե­րազ­մը: Ստեղծ­ուած է կա­ցու­թիւն (ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ընտ­րու­թեան նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն, ազեր­ի­ա­կան թա­փան­ցում­ներ, ճիշդ ու սխալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հրա­պա­րա­կում, հեր­քում­ներ, խոս­տո­վա­նու­թիւն­ներ…), որուն մէջ Սար­դա­րա­պատն ու անով ամ­րագր­ուած շօ­շա­փե­լի խոր­հուրդ­նե­րը մոռց­ուած են կամ առն­ուազն լու­սանց­քայ­նաց­ուած (եւ սա «սո­վո­րու­թիւն» դար­ձած է վեր­ջին 3 տա­րի­նե­րուն, շնոր­հիւ «Թաւշ­եայ յե­ղա­փո­խու­թեան» տա­րա­ծած… ար­դի մտա­ծո­ղու­թեան):
Նախ քա­նի մը կէտ ար­ձա­նագ­րենք այն սիւ­նա­կին տակ, որ կը կոչ­ուի Սար­դա­րա­պատ­եան երթ, որ­պէս­զի պարզ ըլ­լայ, թէ ի՞նչ ըսել կ’ու­զենք «հա­կա-Սար­դա­րա­պատ» ըսե­լով, ըն­թացք՝ որուն կա­սեց­ման, իսկ ան­կէ ան­մի­ջա­պէս ետք՝ Սար­դա­րա­պա­տի ուղի­ին վե­րա­կանգ­նու­մի պա­հան­ջը կը դնենք այս­տեղ:
ՍԱՐ­ԴԱ­ՐԱ­ՊԱ­ՏԻ
ԽՈՐՀՐ­ԴԱ­ՆԻՇ­ՆԵ­ՐԸ
Սար­դա­րա­պատն ու զու­գա­հեռ ճա­կա­տա­մար­տե­րը, պատ­մա­կան իրա­դար­ձու­թիւն­ներ ըլ­լա­լու կող­քին, մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ ար­ձա­նագ­րուած են իբ­րեւ խոր­հուրդ­ներ եւ ար­ժէք­ներ, որոնք կը մարմ­նա­ւո­րեն ԱԶ­Գը, մեր ԱԶԳ-ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ ըլ­լա­լու տես­լա­կա­նը:
Ցե­ղաս­պա­նու­թեան շղ­թա­յա­զեր­ծու­մէն հա­զիւ երեք տա­րի ետք, երբ պե­տա­կան ոճի­րին գոր­ծադ­րու­թիւնը իր աւար­տին չէր հա­սած, Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նի կո­րուս­տէն չս­թա­փած հա­յու­թիւնը, իր արե­ւել­եան երկ­րա­մա­սին մէջ, ինք­զինք դէմ յան­դի­ման գտաւ հա­մա­թու­րա­նա­կա­նու­թեան վերջ­նա­կան սպառ­նա­լի­քին՝ Հա­յաս­տա­նի ու հա­յութ­եան բնաջն­ջու­մը իր լրու­մին հասց­նող լայ­նա­ծիր յար­ձա­կո­ղա­կա­նին: Հա­յաս­տա­նի մէջ չկար ազ­գա­յին պե­տա­կան կա­ռոյց (ինչ որ մնա­ցած էր Հա­յաս­տա­նէն՝ ան­դամ էր կով­կաս­եան Սէյ­մին), որ նա­խա­ձեռ­նէր կար­գին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւն: Սա­կայն կա­յի՛ն ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման նա­խան­ձախն­դիր առաջ­նորդ­ներ, անոնց բարձ­րա­ցու­ցած ջա­հին ան­վե­րա­պա­հօ­րէն հե­տե­ւող, անոնց կո­չե­րուն մի­ա­հա­մուռ ըն­դա­ռա­ջող ժո­ղո­վուրդ:
Եւ եղաւ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ հն­չէ Արամ Մա­նուկ­եա­նի մը կո­չը, իբ­րեւ ար­ձա­գանգ՝ Բե­լի դէմ Հայ­կի պա­տե­րազ­մէն, Աւա­րայ­րէն եւ մեր լի­նե­լու­թեան պահ­պան­ման հա­մար մղ­ուած մեծ ու փոքր գո­յա­մար­տե­րէն հն­չած պատ­գամ­նե­րուն: Արա­մի կարճ կո­չը կա­րե­լի է խտաց­նել քա­նի մը նա­խա­դա­սու­թեան մէջ. հայ­րե­նիքն ու մեր ազ­գի գո­յու­թիւնը վտանգ­ուած են. չու­նինք որե­ւէ պաշտ­պան, պի­տի վս­տա­հինք մեր սե­փա­կան բա­զու­կին, մեր ու­նե­ցած նախ­նա­կան զէն­քե­րով պի­տի նետ­ուինք նա­հա­տա­կու­թեան ու ան­կէ ծնե­լիք փր­կու­թեան դաշ­տը:
Արա­մը մի­ա­ձու­լումն էր նոյն տես­լա­կա­նով ու նոյն կս­կի­ծով վա­րակ­ուած ամ­բողջ սե­րուն­դի մը, որ կը հաշ­ուէր մտա­ւո­րա­կան­ներ, պե­տա­կան հաս­կա­ցու­թիւն ու­նե­ցող­ներ, զի­նուոր­ներ եւ հրա­մա­նա­տար­ներ: Մեր ժո­ղո­վուր­դը, առանց երկմ­տե­լու, մէկ­դի թո­ղուց կու­սակ­ցա­կան եւ հատ­ուա­ծա­կան այլ նկա­տում, բա­հի տեղ հրա­ցան վեր­ցուց ու վա­զեց հայ­րե­նի­քի ու ազ­գի փր­կու­թեան ռազ­մա­դաշտ: Ֆե­տա­յա­կան մար­տե­րու մէջ թրծ­ուած Արամ­նե­րուն կող­քին, հա­յու­թիւնը ու­նե­ցաւ զօ­րա­վար­ներ Նա­զար­բէկ­եա­նի, Արա­րատ­եա­նի, Սի­լիկ­եա­նի, Ղոր­ղան­եա­նի, Դրո­յի նման բա­զում ու­րիշ­ներ, որոնք Արա­մի կո­չին հա­մա­հունչ հրա­ւէր­նե­րով՝ ժո­ղո­վուր­դին զէն­քը առաջ­նոր­դե­լէ առաջ, ղե­կա­վա­րե­ցին անոր ինք­նա­վս­տա­հու­թիւնը, սե­փա­կան բա­զու­կով անձ­նա­կան ու հա­ւա­քա­կան կեանք ու հայ­րե­նիք փր­կե­լու կամ­քը: Գիւ­ղա­ցին ու քա­ղա­քա­ցին, մտա­ւո­րա­կանն ու զի­նուո­րա­կա­նը, հո­գե­ւո­րա­կանն ու կի­նը ՄԻ­Ա­ՁՈՒԼ­ՈՒԵ­ՑԱՆ Սար­դա­րա­պա­տի մէջ: Եւ այդ մի­ա­ձոյլ ու­ժէն բխած հզօ­րան­քին դի­մաց, Թուրք­իոյ փոր­ձա­ռու, կազ­մա­կերպ ու ար­հես­տա­վարժ բա­նա­կը, գե­րի­վեր զէն­քե­րո՛վ օժտ­ուած բա­նա­կը պարտ­ուե­ցաւ, նա­հան­ջեց, ճանչ­ցաւ Սար­դա­րա­պատ­նե­րէն ծնունդ առած Հա­յաս­տա­նի ան­կախ հան­րա­պե­տու­թիւնը: (Չմտ­նենք օր­ուան շր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին հա­կա­մար­տութ­եանց, աւան­դա­կան թշ­նա­մի­նե­րու մի­ջեւ նոր դաշ­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ստեղ­ծած կա­ցու­թիւն­նե­րուն ոլո­րապ­տոյ­տին մէջ):
Ռազ­մա­դաշ­տին մէջ, ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով շահ­ուած յաղ­թա­նա­կը առա­ջին եւ կա­րե­ւո­րա­գոյն քայլն էր սկս­ուած եր­թին (այդ եր­թին նա­խեր­գան­քը կա­րե­լի չէ ար­հա­մար­հել. անի­կա «երգուած» է ֆե­տա­յա­կան շար­ժու­մով ու ազա­տագ­րա­կան բազ­մա­ճիւղ պայ­քար­նե­րով, որոնց առա­ջին գործ­նա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներն էին Զէյ­թու­նի ու Սաս­նոյ ապս­տամ­բու­թիւն­նե­րը. կա­րե­լի է եր­թալ նա­եւ աւե­լի կա­նուխ տաս­նամ­եակ­ներ, երբ Խ. Աբով­եա­նի հե­րո­սին՝ Աղասի­ին սերն­դա­կից­նե­րը հոս-հոն վեր­ցու­ցած էին Աւա­րայր­նե­րէն ու հե­տե­ւող ճա­կա­տա­մար­տե­րէն ետք տժ­գու­նած՝ պայ­քա­րի դրօշ­նե­րը):
Սար­դա­րա­պա­տէն ծնած Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թիւնը ու­նէր փոքր տա­րածք: Սար­դա­րա­պա­տը մեկ­նա­կէ­տը եղաւ նախ եւ առաջ հայ­կա­կան հո­ղե­րու հա­ւա­քին եւ հան­րա­պե­տու­թեան ըն­դար­ձա­կու­մին (չթ­ուենք ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը): Քար­տէ­զին վրայ ամ­րագր­ուե­ցաւ այն Հա­յաս­տա­նը, իր Ար­ցա­խով եւ Նա­խի­ջե­ւա­նով, որոնք քիչ ետք մաս պի­տի կազ­մէին Խորհր­դա­յին Միու­թեան, ապա, ան­կէ պի­տի խլ­ուէ­ին, մի՛շտ անար­դար եւ քա­ղա­քա­կան կա­մա­յա­կա­նու­թեանց հե­տե­ւան­քով՝ Կարսն ու Ար­տա­հա­նը, Նա­խի­ջե­ւանն ու Ար­ցա­խը (առանց մոռ­նա­լու «մանր պա­տա­ռիկ­ներ»ը, որոնք այ­սօր դարձ­եալ խռո­վա­յոյզ ալիք­ներ կը ստեղ­ծեն):
Սար­դա­րա­պա­տով սկս­ուած եր­թը Հա­յաս­տա­նին ապա­հո­վեց Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րը՝ դիւա­նա­գի­տա­կան-քա­ղա­քա­կան նուա­ճում մը ան­կաս­կած, Հա­յաս­տա­նը պաշ­տօ­նա­պէս բազ­մա­մա­կար­դակ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ դրաւ աշ­խար­հի եր­կիր­նե­րուն հետ (առեւ­տուր, ար­ուեստ, մշա­կոյթ…), ստեղ­ծեց առա­ջին «բա­րակ գի­ծեր»ը, որոնք զար­գա­ցում պի­տի ապ­րէ­ին խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն:
Հա­յաս­տան ու­նե­ցաւ իր բա­նա­կը, հիմ­նեց պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նը եւ այլ ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­ներ, ու­նե­ցաւ սե­փա­կան դրա­մը (եւ բա­զում ու­րիշ իրա­գոր­ծում­ներ), որոնք կ’ամ­րագ­րեն ազգ-պե­տու­թիւնը, կը կազ­մեն պե­տու­թիւն յատ­կան­շող հիմ­քեր: Հան­րա­պե­տութ­եան կարճ կեան­քին ըն­թաց­քին, բնա­կա­նա­բար եղան քա­ղա­քա­կան վէ­ճեր, ներ­քին հա­կադ­րու­թիւն­ներ ու մր­ցակ­ցու­թիւն­ներ, սա­կայն կա­րե­լի եղաւ եր­կի­րը զերծ պա­հել ներ­քին արիւ­նա­լի խռո­վու­թիւն­նե­րէ, աւե­լին, ազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեանց միտ­քէն չան­ցաւ հող ու իրա­ւունք զի­ջե­լու մտա­ծու­մը: Իսկ ինչ որ եղաւ՝ այ­սօր յս­տա­կօ­րէն ապա­ցուց­ուած է, թէ հե­տե­ւանք էր ար­տա­քին «բա­րե­միտ մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րու» (ամէ­նէն պարզ օրի­նա­կը՝ Մա­յիս­եան խռո­վու­թիւն­ներն ու հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մի նա­խա­կա­րա­պետ հան­դի­սա­ցող հա­մայ­նա­վար­նե­րու ստեղ­ծած շար­ժում­ներն էին, առանց մոռ­նա­լու թուր­քին եւ ազերի­ին սար­քած զու­գա­հեռ դա­ւե­րը):
Մէկ խօս­քով, եւ առանց մտ­նե­լու տն­տե­սա­կան, ելեւմ­տա­կան, երկ­րա­գոր­ծա­կան ու յա­րա­կից ոլորտ­նե­րու ման­րա­մաս­նու­թեանց մէջ, Սար­դա­րա­պա­տէն ծնունդ առած Հա­յաս­տա­նը գործ­նա­պէս ինք­զինք հաս­տա­տեց իբ­րեւ ազգ-պե­տու­թիւն, յա­ջո­ղու­թեամբ պաշտ­պա­նեց Ար­ցախն ու Սիւ­նի­քը, հա­յու­թեան կտա­կեց ԱՄ­ԲՈՂ­ՋԱ­ԿԱՆ ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­Նը վե­րա­կեր­տե­լու պատ­գա­մը: Տա­կա­ւին, ան­կա­խու­թեան օրե­րուն էր որ մար­մին առաւ հայ­կա­կան «Նե­մե­սիս»ը, որ ո՛չ միայն ար­դար պա­տի­ժի են­թար­կեց ոճ­րա­գործ ցե­ղաս­պան­նե­րը, պե­տա­կան ոճիր ծրագ­րող եւ գոր­ծադ­րող պաշ­տօ­նա­կան աւա­զա­կա­խում­բին ան­դամ­նե­րը, այլ նա­եւ քա­ղա­քա­կան նոյն կամ­քէն ծնած ար­դա­րա­հա­տոյց­ներ հրա­պա­րակ հա­նեց տաս­նամ­եակ­ներ ետք, ար­դա­րա­հա­տոյց­ներ՝ որոնք աշ­խար­հի տար­բեր ոս­տան­նե­րու մէջ հա­շիւ պա­հան­ջե­ցին Թուրք­իոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն, իսկ կարճ ատեն ետք, ազ­դան­շա­նը տուին Ար­ցախ­եան Ազա­տա­մար­տին, ճամ­բայ բա­ցին Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման: Մնաց­եա­լը ծա­նօթ պատ­մու­թիւն է, իր պան­ծա­լի ու ան­բա­րեն­պաստ երես­նե­րով:
ՀԱ­ԿԱ-­ՍԱՐ­ԴԱ­ՐԱ­ՊԱՏԸ
Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­հաս­տա­տում­էն ետք, մեր հայ­րե­նի­քին մէջ վե­րա­կանգ­նե­ցան այդ ճա­կա­տա­մար­տէն աւանդ հա­սած բազ­մա­թիւ ար­ժէք­ներ: Ու­նե­ցանք բա­նակ, սե­փա­կան դրա­մա­նիշ, վե­րա­կանգ­նե­ցան ազ­գա­յին դրօշ, քայ­լերգ ու զի­նան­շան…: Ամէ­նէն կա­րե­ւո­րը՝ մեր ժո­ղո­վուր­դին մէջ վե­րա­կանգ­նե­ցաւ հայ­րե­նի­քը սե­փա­կան բա­զուկ­նե­րու պաշտ­պա­նե­լու եւ զար­գաց­նե­լու կամ­քը:
Վե­րա­կանգ­նած եր­թը չե­ղաւ ան­թե­րի: Փտա­ծու­թիւնը, իշ­խա­նու­թիւն չա­րա­շա­հե­լու եւ երկ­րին կա­րո­ղա­կա­նու­թիւն­նե­րը ան­տե­ղի կեր­պով մս­խե­լու (առն­ուազն զա­նոնք լի­ար­ժէք բար­գա­ւա­ճու­մի լծե­լու թե­րի) ըն­թաց­քը, սա­կայն ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ, Ար­ցախն ու Հա­յաս­տա­նը պահ­պա­նե­լու, մեր ան­կա­տար իրա­ւունք­նե­րը օրա­կար­գի վրայ պա­հե­լու (մին­չեւ իսկ եր­բեմն դա­րակ­նե­րու մէջ պահ­ուած թո­ղե­լու) կամք: Իբ­րեւ պե­տու­թիւն եւ հայ­րե­նիք՝ դի­մագ­րա­ւե­ցինք մեծ ու փոքր պա­տու­հաս­ներ, ինչ­պէս՝ փրո­թո­քոլ­ներն ու ար­ցախ­եան մէ­կէ աւե­լի մեծ ու փոքր ճա­կա­տա­մար­տե­րը, սա­կայն եթէ ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րը աչ­քի առ­ջեւ բե­րենք, կր­նանք ըսել, որ սխալ ուղիէ ետ­դարձն ու նուա­զա­գոյն վնաս­նե­րով յաղ­թա­նակ շա­հի­լը երե­ւա­կա­յա­կան բա­ներ չմ­նա­ցին: Մին­չեւ իսկ վեր­ջին իշ­խա­նա­փո­խու­թե­նէն ետք, Տա­ւու­շի 2020-ի ճա­կա­տում­նե­րը ար­ձա­նագր­ուե­ցան մեր յաղ­թա­նակ­նե­րուն եւ դրա­կան քայ­լե­րուն ցան­կին տակ:
Յե­տոյ… Եկաւ 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մը եւ 30 տա­րի­նե­րու, ի՜նչ կ’ըսէք, աւե­լի քան 100-ամ­եայ եր­թը հիմ­նո­վին շր­ջա­դարձ ապ­րե­ցաւ: Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը մտան ճամ­բու մը մէջ, որ բազ­մա­թիւ գի­ծե­րու վրայ կ’ըն­թա­նայ Սար­դա­րա­պա­տի եւ ան­կէ բխած խոր­հուրդ­նե­րուն հա­կա­ռակ ուղ­ղու­թեամբ: Հա­յաս­տա­նի հո­ղե­րը, ըն­դար­ձակ­ուե­լու փո­խա­րէն, սկ­սած են կծկ­ուիլ Ար­ցա­խէն մին­չեւ Սիւ­նիք, Տա­ւուշ եւ Արա­րա­տի շր­ջան, նոր սպառ­նա­լիք­ներ կը կախ­ուին մեր հայ­րե­նի­քին ու ժո­ղո­վուր­դին գլ­խուն:
Հա­կա-Սար­դա­րա­պատ ըն­թաց­քին նա­խըն­թաց եւ իբ­րեւ թէ նուազ վնա­սա­կար ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ար­ձա­նագր­ուե­ցան նա­խորդ տա­րի­նե­րուն: Եթէ մեր ժո­ղո­վուր­դին մէջ կա­յին բա­ժան­ուա­ծու­թիւն եւ ան­կէ բխող հա­կադ­րու­թիւն­ներ, անոնք շա­բա­թէ-շա­բաթ, ամի­սէ-ամիս եւ տար­ուէ-տա­րի աւե­լի՛ ու աւե­լի՛ խո­րա­ցան: Իշ­խա­նու­թիւնը եթէ եղաւ բա­ժան­ուա­ծու­թեան եւ թշ­նա­ման­քի մթ­նո­լոր­տին գլ­խա­ւոր մա­յսթ­րօն, ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը, խորհր­դա­րա­նա­կան թէ այլ, գի­տակ­ցա­բար թէ ակա­մայ, «գի­տու­թեամբ թէ ան­գի­տու­թեամբ» ին­կան նոյն հո­սան­քին մէջ, իսկ ազ­գա­յին շա­հե­րով առաջ­նոր­դուող­նե­րու՝ ձեռ­քե­րու մի­աց­ման, ան­հան­դուր­ժո­ղու­թեան եւ ու­ժե­րու մս­խու­մին վերջ տա­լու կո­չե­րը ըստ էու­թեան մնա­ցին անար­ձա­գանգ: Թուր­քին ու ազերի­ին հան­դէպ ար­դար թշ­նա­ման­քի եւ ատե­լու­թեան ալիք­նե­րը կլա­նե­ցին ներ­քին բե­մը, իրա­րու հա­կադ­րե­ցին նախ­կին բա­րե­կամ­ներ ու քա­ղա­քա­կան խմ­բա­կից­ներ, մին­չեւ իսկ… մէկ ըն­տա­նի­քի զա­ւակ­նե­րը: Ալ ի՜նչ խօսք՝ Սար­դա­րա­պա­տէն հա­սած պատ­գամ­նե­րուն մա­սին: Նոյն մա­շեց­նող, ազ­գին ու­ժա­կա­նու­թիւնը ջլա­տող-մըս­խող ալիք­նե­րը ծա­ւա­լե­ցան մշա­կոյ­թի, կր­թու­թեան, մին­չեւ իսկ բա­նա­կին, միտ­քի զի­նուոր­նե­րուն եւ բազ­մա­թիւ այլ ոլորտ­նե­րու վրայ: Հե­տե­ւան­քը եղաւ մա­շում, տկա­րու­թիւն, բռունց­քի կա­րե­ւո­րու­թեան մո­ռա­ցում: Մին­չեւ իսկ ստեղծ­ուե­ցաւ կա­ցու­թիւն, ուր իշ­խա­նա­ւոր եւ կողմ­նա­կից­ներ, գի­տակ­ցա­բար կամ ան­գի­տա­կցաբար, սկ­սած են Թշ­նամի­ին ջա­ղաց­քին ջուր լեց­նել՝ «քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն եւ դիւա­նա­գի­տու­թիւն» խա­ղա­լու տղա­յա­կան վար­մուն­քով:
ՇՐ­ՋՈՒ­ՄԻ ՀՐԱ­ՄԱ­ՅԱ­ԿԱ­ՆԸ
…Սար­դա­րա­պա­տի օրե­րուն ալ, Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան դէմ կա­յին մի­ջազ­գա­յին դա­ւեր, մեզ քար­տէ­զէն ու պատ­մու­թե­նէն մի­ան­գա­մընդ­միշտ ջն­ջե­լու ծրա­գիր­ներ. Սար­դա­րա­պա­տը կը ճա­կա­տէր ու ար­դար յաղ­թա­նակ՝ Հա­մա­թու­րա­նա­կա­նու­թեան եւ բա­զում այլ ծրա­գիր­նե­րու դէմ: Հա­յաս­տա­նի խորհըր­դայ­նաց­ման հանգր­ուա­նին, Սիւ­նի­քի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւնն ու Ատր­պէյ­ճա­նի ախոր­ժակ­նե­րուն խա­փա­նու­մը միայն հռե­տո­րա­կան խօսք չէ­ին, այլ պատ­մու­թեան մէջ ար­ձա­նագր­ուած գործ­նա­կան փաստ ու պատ­գամ, ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԺԱ­ՌԱՆ­ԳՈՒ­ԹԻՒՆ, աւե­լին՝ ԱՄ­ԲՈՂ­ՋԱ­ԿԱՆ ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ վե­րա­կանգ­նու­մին հա­մար սր­բա­զան աւանդ:
Այ­սօր, շա՜տ դիւ­րու­թեամբ կ’ըսենք, մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ կ’ընենք, թէ՝ ներ­կան կա­րե­լի չէ բաղ­դա­տել 1918-ի կամ 1920-21-ի հետ: Ճի՛շդ է. կա­րե­լի չէ մոռ­նալ, որ պատ­մու­թեան որե­ւէ հանգր­ուան նման չէ միւ­սին, սա­կայն էա­կան է ու ան­վի­ճե­լի՝ որ իւ­րա­քան­չիւր հանգր­ուան, իւ­րա­քան­չիւր դժ­ուա­րին փուլ կը հար­կադ­րէ, որ ծնունդ առ­նեն նոր Արամ­ներ, Նա­զար­բէկ­եան­ներ, Լիզ­պո­նի հե­րոս­ներ, Ար­ցա­խի հե­րո­սա­մար­տը եւ յաղ­թա­նա­կը կեր­տող հե­րոս­ներ: Անոնց դէմ հա­կա­հե­րոս­ներ ծնան հե­տա­գա­յին եւ կոչ­ուե­ցան  Կաս­եան­ներ, Աւիս­ներ, Մա­կինց­եան­ներ եւ ու­րիշ «արդ­ի­ա­կան մտա­ծող­ներ»…:
Միայն Արամ­նե­րու կամ­քին վե­րա­բիւ­րե­ղա­ցու­մով, սար­դա­րա­պատ­եան մի­աս­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մով եւ «մեզ­մէ հզօր թըշ­նամի­ին հա­մեստ զի­նու­ժով բայց գե­րա­զանց քա­ղա­քա­կան-դիւա­նա­գի­տա­կան ու­ժի լծակ­ցու­թեամբ կըր­նա՛նք յաղ­թել» կամ­քին վե­րըն­ձիւ­ղու­մով է որ կր­նանք կա­սեց­նել այս­օր­ուան հա­կա-Սար­դա­րա­պատ ան­կու­մը, մեր հայ­րե­նի­քին կծ­կումն ու հա­յա­թա­փու­մը, մեր ժո­ղո­վուր­դի հայ­րե­նաբ­նակ եւ աշ­խար­հաս­փիւռ բա­զուկ­նե­րու նե­րու­ժին լի­ար­ժէք օգ­տա­գոր­ծու­մը:
Մեր յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րէն մէ­կը կը սկ­սի հե­տեւ­եալ տո­ղով. «Ի զէ՛ն, հա­յե՛ր,  ի սո՛ւր եւ ի հրա­ցա՛ն…»: Մեր հին ու նոր ֆե­տա­յի­նե­րը, մեր բա­նակ­ներն ու կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րը յաղ­թա­նա­կի առաջ­նոր­դող բազ­մա­թիւ նմա­նօ­րի­նակ եր­գեր ու­նինք, որոնք «բան­տար­կած» ենք եր­գա­րան­նե­րու մէջ: Այդ եր­գերն իսկ, անոնց­մով մարմ­նա­ւոր­ուած ոգին ու խոր­հուրդ­նե­րը կա­րո­ղա­կա­նու­թիւնը ու­նի՛ն առաջ­նոր­դե­լու մեր նոր Սար­դա­րա­պատ­նե­րը, որով­հե­տեւ անոնց մեծ մա­սը ծնած է յաղ­թա­կան ճա­կա­տում­նե­րէ, անոնք նոյ­նինքն մեր յաղ­թա­նակ­նե­րուն պատ­մու­թի՛ւնն են եւ կր­նան ուղ­ղոր­դել մեր հա­կա-Սար­դա­րա­պատ­նե­րը:
Ս. Մահսերէճեան