Արդարութիւնը
մեր դուռը թակեց։
Դարեր շարունակ սպասեր էինք
Իր հրաշք գալուն,
Որ ապրինք խաղաղ
Մեր երազներու եւ վառ տենչերու
Երանութեան մէջ…
Ծաղկեփունջերով հազար ու մի գոյն,
Պար ու երգերով,
Բացինք մէկ փեղկը մեր երկփեղկ դրան։
Յանկարծ լսեցինք բախման մեծ ձայն մը։
Երբ դուրս նայեցանք
Տեսանք փշրուած ինկած էր շեմին…
… Բաց փեղկի փոխան
Փակն էր ան ընտրեր…
Մենք նոր հասկցանք…
Արդարութիւնը
Կո՜յր է ակամայ…
17 Մայիս 2021
Հրանդ Մարգարեան