-Աղ­բալ­եա­նին  ճա­նա­չե՞լ ես,- հար­ցուց՝ քիչ մը շփո­թի մատ­նե­լով զիս, որով­հե­տեւ վեր­ջին հար­ցումն է, որ կր­նա­յի ակն­կա­լել իր­մէ՝ այն հո­գե­վի­ճա­կին մէջ, ուր կը գտն­ուէր՝ յի­շե­լով աք­սո­րի ու գն­դա­կա­հա­րութ­եան  տա­րի­նե­րը:
-Ո՛չ,- պա­տաս­խա­նե­ցի,- դժ­ուար թէ իմ տեղս ու­րիշ մը կա­րե­նար յի­շել զինք.  նուա­զա­գոյն գա­ղա­փարն իսկ  չեմ  ու­նե­ցած  իր մա­սին. ոչ տա­րիքս կը նե­րէր, ոչ ալ այն մի­ջա­վայ­րը, ուր ես կ’ապ­րէի անոր ող­ջու­թեան կը թոյ­լատ­րէր, որ հան­դի­պէի իրեն:
-Ես նրան շատ լաւ եմ յի­շում,- ըսաւ ու  իս­կոյն դէմ­քին մռայ­լը փա­րա­տե­ցաւ, պրկ­ուած մկան­նե­րը թուլ­ցան,   խա­ղա­ղու­թիւն մը իջաւ  նայ­ուած­քին (հա­ւա­նա­բար ՝ հոգի­ին եւս), կա­րե­լի է ըսել՝ մին­չեւ թե­թեւ ժպիտ մը գծագր­ուե­ցաւ  շուր­թե­րուն,- մենք այն ատեն դռ­կից էինք: Մեր բա­կե­րը բաժն­ուած էին ցած ցան­կա­պա­տով մը, եւ մե­րոնք  ազա­տօ­րէն կը հա­ղոր­դակ­ցէ­ին իրա­րու հետ:
Ու յի­շեց մաս­նա­ւո­րա­բար այն օրը, ուր Փետր­ուար­եան ապս­տամ­բու­թեան շնոր­հիւ Աղ­բալ­եան ազա­տե­ցաւ  բան­տէն ու տուն դար­ձաւ. «Անն­կա­րագ­րե­լի ցն­ծու­թեան առիթ էր այդ, որ,  աւա՜ղ, շատ կարճ տե­ւեց, ու այ­նու­հե­տեւ այ­լեւս չտե­սայ նրան»:
Ու պատ­մեց անոր կնոջ ու զա­ւակ­նե­րուն մա­սին, որոնց հետ  յա­րա­բե­րու­թիւնը  շա­րու­նակ­ուած էր, մին­չեւ տե­ղա­փոխ­ուի­լը ու­րիշ շր­ջան եւ ու­րիշ մի­ջա­վայր:
Ծա­նօթ.- Չկր­ցայ հաս­տա­տել, թէ այս դրաց­նու­թիւնը ո՛ւր տե­ղի ու­նե­ցած էր,  քա­նի ինք  ծնած էր  Կո­տայք  (այժ­մու Աբով­եան քա­ղա­քը),- որ պարս­կա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րուն  մաս կազ­մած էր Երե­ւա­նի խա­նու­թեան,- եւ յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քին ալ կը շա­րու­նա­կէր ապ­րիլ այն­տեղ:
Քա­ջա­լեր­ուե­լով տրա­մադ­րութ­եան այս յան­կար­ծա­կի փո­փո­խու­թե­նէն՝ խնդ­րե­ցի, որ  պատ­մէ  Արամ Մա­նուկ­եա­նի խաչ­քա­րի զե­տե­ղու­մի հան­գա­մանք­նե­րուն մա­սին, որ տար­տա­մօ­րէն իմա­ցեր էի ու­րիշ­նե­րէ:
-Կ’ու­զեմ ջու­րը ակէն խմել:
Եւ յու­սա­խաբ չը­րաւ զիս:
* * *
«Վա­ղուց գիւ­տը ըրեր էի իր շի­րի­մին,- սկ­սաւ պատ­մել ան,- որուն կ’այ­ցե­լէի ամէն ան­գամ որ նըն­ջեց­եալ մը ու­նե­նա­յինք:   Օր մըն ալ ցան­կու­թիւն արթն­ցաւ մէջս քիչ մը աւե­լի շուք տա­լու  անոր: Շի­րի­մին կա­րե­լի չէր դպ­չիլ, սա­կայն կա­րե­լի էր…խաչ­քար մը աւելց­նել անոր վրայ: Այն օրե­րուն  ան­կա­րե­լի երազ­ներ էին ասոնք, սա­կայն ժա­մա­նակ­նե­րը բա­ւա­կան փոխ­ուե­ցան, ու հա­մար­ձա­կե­ցայ կա­պի մէջ մտ­նել  գե­րեզ­մա­նի տնօ­րէ­նու­թեան հետ, ուր հարց տուին, թէ ի՛նչ հան­գա­ման­քով  պի­տի փո­փո­խու­թեան են­թար­կեմ շի­րիմ մը:  Որե­ւէ  վա­ւե­րա­կան  կապ մը  ու­նէի՞ նն­ջեց­եա­լին հետ»:
«Բայց ահա իմա­ցանք, որ Արամ ու­նէր աղ­ջիկ մը,  որ կ’ապ­րէր Մոսկ­ուա, եւ այդ աղջ­կան  գրա­ւոր թոյլտ­ւու­թեամբ կա­րե­լի էր խաչ­քար զե­տե­ղել գե­րեզ­մա­նին վրայ: Ուս­տի գրե­ցինք աղջ­կա­նը՝ Սե­դա­յին, ու ստա­ցանք անոր՝ նո­տա­րի ձեռ­քով հաս­տատ­ուած  պաշ­տօ­նա­կան   ար­տօ­նու­թիւնը՝  երախ­տա­գի­տա­կան ջերմ  բա­ռե­րո­վ մէկ­տեղ, որով կը լի­ա­զօր­ուէ­ինք բա­րե­փո­խե­լու հօ­րը գե­րեզ­մա­նը»:
«Դի­մե­ցինք օր­ուան լա­ւա­գոյն  քան­դա­կա­գոր­ծին: Ու երբ գոր­ծը աւար­տին հա­սաւ, ան մեր­ժեց վարձ­քը գան­ձել: Կո­թո­ղի հաս­տատ­ման օրը քա­հա­նայ մըն ալ կ’ըն­կե­րա­նար մեր փոք­րիկ խում­բին:  Երբ խաչ­քա­րը փո­խադ­րող կառ­քը կը պատ­րաստ­ուէր գե­րեզ­մա­նա­տուն մտ­նել, քա­նի մը երի­տա­սարդ­ներ կանգ­նե­ցու­ցին զայն,  իրենց ու­սե­րուն վրայ  դրած տա­րին խաչ­քա­րը մին­չեւ շի­րի­մը»:
Զրու­ցա­կի­ցիս վրայ հա­ճե­լի թե­թե­ւու­թիւն մը եկած էր, կար­ծես գոհ էր, որ այս  բո­լո­րը պատ­մե­լու առիթ ներ­կա­յա­ցած էր եւ ու­նե­ցած էր  խե­լօք ունկն­դիր մըն ալ, որ յափշ­տա­կու­թեամբ մտիկ կ’ընէր իրեն:
Եւ ճիշդ այդ տպա­ւո­րու­թե­նէս ալ քա­ջա­լեր­ուած՝ խնդ­րե­ցի, որ պատ­մէ  Նժ­դե­հի աճիւ­նին՝ Հա­յաս­տան վե­րա­դար­ձի ու հայ­րե­նի հո­ղին յանձ­նու­մի պատ­մու­թիւնը եւս:
-Պի­տի նե­րող ըլ­լաք,- ար­դա­րա­ցայ,- որով­հե­տեւ ժա­մա­նակ­նե­րը լաւ չեն,  եւ Աստ­ուած գի­տէ, թէ մէյ մըն ալ ե՛րբ  առի­թը  կր­նայ ներ­կա­յա­նալ:
* * *
«Եթէ Արա­մը գրե­թէ մո­ռաց­ուած անուն  էր, ապա Նժ­դե­հը կոտ­տա­ցող վէր­քի նման էր, որ շատ յի­շող­ներ ու­նէր եւ ու­նի մին­չեւ հի­մա: Նրա մա­հից ան­ցել է ըն­դա­մէ­նը 25  տա­րի,  եւ նրան  էս­տեղ յա­կա­նէյան­ուա­նէ  ճա­նա­չող­ներ կա­յին, կա­րե­լի էր հան­դի­պել  նրա զի­նա­կից­նե­րին:  Ստա­լի­նի մա­հից յե­տոյ կա­յին ակըն­կա­լող­ներ, որ ազատ ար­ձակ­ուէր, մին­չեւ ան­գամ իրեն այ­ցե­լող հա­րա­զատ ու­նե­ցաւ Պուլ­կար­իա­յից.  սա­կայն ան­ծա­նօթ պատ­ճառ­նե­րով էդ ազա­տու­թիւնը չս­տաց­ուեց, քայ­քայ­ուած առող­ջու­թիւնն էլ իր կար­գին, եւ Նժ­դեհ մա­հա­ցաւ  ու թաղ­ուեց Մոսկ­ուա­յի մեր­ձա­կայ­քը՝  Վլա­դի­մի­րի բան­տում»:
Ինչ­պէս Արա­մի պա­րա­գա­յին էր, ու­րեմն Նժ­դե­հի յի­շա­տա­կի փըր­կու­թեան կը լծ­ուի նոյն խմ­բա­կը: Անոնք յա­տուկ  առա­քե­լու­թեամբ Վլա­դի­միր կը ղր­կեն երի­տա­սարդ մը, որ կը գտ­նէ Նժ­դե­հի բանտն ու գե­րեզ­մա­նը,- որ եղ­բօ­րը  շնոր­հիւ ար­ժա­նա­ցած էր  փայ­տէ խա­չի ու ար­ձա­նագ­րու­թեան եւս,- ապա սա­կար­կու­թեան  կը մտ­նէ բան­տա­պա­հին հետ եւ փո­խան կա­շառ­քի՝ կը յա­ջո­ղի բա­նալ տալ գե­րեզ­մա­նը ու ան­կէ վերց­նել սա­փոր մը աճիւն: Բան­տա­պա­հը, դա­րա­կէ մը հա­նե­լով,  անոր կը յանձ­նէ Նժ­դե­հի անձ­նա­կան քա­նի մը իրե­րը՝ մա­խա­ղի մը մէջ ամ­փոփ­ուած: Այս բո­լո­րը կը բեր­ուին Երե­ւան:
Հի­մա հարց կը ծա­գի, թէ  ո՛ւր պի­տի թա­ղեն այդ սա­փո­րը:
«Դի­մե­ցինք Վազ­գէն Ա-ին՝ խընդ­րե­լով որ տեղ յատ­կաց­նի  Ս. Գայ­իա­նէի տա­ճա­րի բա­կի մէջ՝ զօր. Թոր­գո­մի շի­րի­մին կից փոք­րիկ տա­րա­ծու­թեան վրայ: Սա­կայն  չըն­դու­նեց. խու­սա­փում էր  պա­տասխ­նատ­ուու­թիւ­նից»:
Ասոր վրայ՝ աճիւնը կը բաժ­նեն եր­կու­քի. մէկ մա­սը կը թա­ղեն Երե­ւա­նը եզե­րող  բլուր­նե­րէն մէ­կուն մէկ ան­մատ­չե­լի կո­ղին: Իսկ միւս կէ­սը՝ ձին­գէ սա­փո­րով մի­ա­սին, կը տա­նին թա­ղե­լու Սիւ­նիք, Խուս­տուփ լե­րան  վրայ,  Կա­պա­նէն  մօտ 10 քմ հե­ռու,  վա­րար ակի մը կից:
«Եւ այ­նու­հե­տեւ ամէն տա­րի երեք ըն­կե­րով, որոշ­ուած օրը,  ուխ­տի կը գնա­յինք  աճիւ­նին: Կը խու­սա­փէ­ինք մի­ա­սին ճամ­բայ ել­լե­լէ, մին­չեւ ան­գամ կ’իջե­ւա­նէ­ինք տար­բեր հիւ­րա­նոց­ներ, որ­պէս­զի որե­ւէ կաս­կած չարթնց­նենք, եւ  ան­ջատ ճամ­բա­նե­րէ զի­րար կը գտ­նէ­ինք ակի շուր­ջը»:
* * *
Վա­րագ Առա­քել­եան շատ մտա­հոգ էր նա­եւ Արա­մի բնա­կա­րա­նին պար­զած կի­սա­ւեր վի­ճա­կով,  բայց կր­նա՞ր ըլ­լալ, որ ծրագ­րէր  անոր բա­րե­կար­գու­մը եւս: Դժ­ուար թէ.  նախ ժա­մա­նակ չու­նե­ցաւ, սպա­ռած էին ու­ժերն ալ, բայց մա­նա­ւանդ իրեն   կը պակ­սէ­ին նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րը: Ան, վեր­ջին հա­շուով, ապ­րած էր պե­տա­կան պաշ­տօն­եա­յի հա­մեստ  ամ­սա­կա­նո­վը, որուն մէկ մասն ալ կը յատ­կաց­նէր փո­խադ­րու­թեան, քա­նի կը բնա­կէր Աբով­եան,  Կո­տայ­քի մէջ, ուր ու­նէր առանձ­նա­տուն մը՝ օժտ­ուած  կո­կիկ տնա­մեր­ձով մը, որուն մշա­կու­մը ինք կը կա­տա­րէր մին­չեւ յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քը եւ չէր վա­րա­ներ անոր պտուղ­նե­րէն բա­ժին հա­նե­լու  պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն եւս:
Կը մնար, ու­րեմն,  շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել եւ հրա­ժեշտ առ­նել:
Տե­ղէն ելաւ եւ դա­րա­նէն ծրար մը առ­նե­լով հե­տե­ւե­ցաւ ին­ծի:
Հա­զիւ դռ­նէն դուրս ելած՝ գտն­ուե­ցանք նեղ անց­քի մը մէջ: Այս­տեղ ալ դի­մեց ին­ծի.
-Կա­րե­լի՞ է այս յօդ­ուա­ծը ար­տա­սահ­մա­նի մէջ տպել:
-Այո, ի հար­կէ- պա­տաս­խա­նե­ցի իս­կոյն՝ կար­ծեմ զար­մաց­նե­լով զինք ոչ այն­քան  ցու­ցա­բե­րած պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբս, որ­քան ինք­նավս­տա­հու­թեամբս:
Դժ­բախ­տա­բար կը սխա­լէի:
* * *
Բա­ւա­կան պա­րարտ ծրար մըն էր, որ քա­նի մը օր ետք յանձ­նե­ցի Վա­րանդ Փա­փազ­եա­նին՝ «Ազ­դակ»ի այն օրե­րու  տնօ­րէ­նին: Խոս­տա­ցաւ «բան մը ընել» եւ սա­հե­ցուց զայն  գրա­սե­ղա­նի դա­րա­կին մէջ:
Քա­նի մը շա­բաթ անց յօդ­ուա­ծը տա­կա­ւին լոյս տե­սած չէր, ուս­տի  ստիպ­ուե­ցայ  հան­դի­պիլ անոր եւ հարց­նել պատ­ճա­ռը: Զար­մա­նալի­օ­րէն չյի­շեց, թէ նման բան մը յանձ­նած եմ իրեն: Ցոյց տուի այն դա­րա­կը, ուր դրած էր: Բա­ցաւ զայն, փնտ­ռեց ու ոչինչ գտաւ:  Խոս­տա­ցաւ աւե­լի փնտ­ռել…եւ այն­պէս ալ այդ յօդ­ուա­ծը լոյս չտե­սաւ ու մոռց­ուե­ցաւ:
Են­թադ­րե­լով, թէ անոր բո­վան­դա­կու­թիւնը կը վե­րա­բե­րէր նոյնինքն Արա­մի խաչ­քա­րին ու Նժ­դե­հի աճիւն­նե­րուն, ինքս  պատ­մե­ցի զա­նոնք  հա­կիրճ յօդ­ուա­ծով  մը ու ցր­ուե­ցի օր­ուան մա­մու­լին՝ հե­տա­գա­յին քիչ մը աւե­լի ման­րա­մասն գրե­լու  հե­ռան­կա­րով: Աւե­լի ուշ  հայ­րե­նի մա­մու­լին մէջ քա­նի մը ան­գամ կար­դա­ցի զոյգ պա­տում­նե­րը, որոնք լայն գի­ծե­րու մէջ կը նոյ­նա­նա­յին իմ գիտ­ցա­ծովս, սա­կայն  կը գտն­ուէ­ին  մանր-մունր տար­բե­րու­թիւն­ներ եւս, որոնց բո­լո­րը  հա­րա­զա­տօ­րէն, որ­քան յի­շո­ղու­թիւնս կը թոյ­լատ­րէր,  տուած եղայ ներ­կա­յովս:
Արմենակ Եղիայեան