Որոշումը իրն էր: Այսպէս, այդ շաբաթ, մեր թոռնուհի Վանան քիչ մը աւելի «երկար» մեզի պիտի մնար, ո՛չ թէ որովհետեւ մայիս 28 էր, այլ «մեծ ֆայնըլներ», քննութիւններ ունէր եւ պատրաստուելու յարմարագոյն «վայրը» մեր տունը ընտրած էր: Որովհետեւ… մեր մօտ «ձայն-ձոյն» չկայ: Հրահանգող ալ չկայ: Ազատ եւ անկախ… Ու մեզի, եւ մանաւանդ ինծի համար ասկէ աւելի հաճելի ու նաեւ երջանկութեան տանող ուրախութիւն չէր կրնար ըլլալ: Եւ այս մէկը նորութիւն չէր:

 

Ու կէսօրին, ճաշի սեղանին շուրջ, չեմ գիտեր` ինչպէ՞ս պատահեցաւ, երբ յանկարծ իրեն հարց տուի` արդեօք ինք գիտէ՞ր, թէ այսօր ի՛նչ օր էր: Հաւանաբար գուշակելով «գալիքը», պատառը պնակին մէջ ձգելով, անմիջապէս հնազանդ եւ մտահոգ վազեց դէպի խոհանոցի պատը, ուրկէ կախուած էր հայկական մեր օրացոյցը ու բաներ մը մրթմրթալէ ետք ճաշասեղան վերադառնալով` ըսաւ.

 

– Պապի՛կ, չե՞ս գիտեր, այսօ՛ր «Արմէնիէն ինտիփենտընս տէյ է»:

 

– Այսի՞նքն,- ըսի ինքզինքս չհասկնալ ձեւացնելով:

 

– Այսինքն հայկական դրօշակին տօնն է… ըհ… Հայաստանի տօնը… ազատ Հայաստանի…,- ըսաւ արագ ու ինքնավստահ, դատարանը ինքզինք պաշտպանող անմեղ ամբաստանեալի մը նման եւ շարունակեց իր պատառը: Հաստատապէս դէմքին վրայ տարբեր ստուերներ նստած էին: Մտահոգ եւ ծանր: Տեսանելի էին: Բայց այս պարագային Վանան յանցանք չունէր: Ան անմեղ զոհ մըն էր, երկրին եւ դարուն: Իր նմանները բոլորն ալ մէկական զոհերն էին ներկայ պայմաններուն: Դաժան իրականութիւն էր այս մէկը:

 

Ուրեմն, ինք գիտէր, թէ ի՛նչ էր մայիսի այս օրը: Պարզապէս իրեն համար «հայկական դրօշակ»-ի օրն էր, սակայն եւ այնպէս բոլորովին մոռցած էր զայն յիշել: Այդքան միայն իր միտքը պահ դրած էր: Ու իբրեւ պապիկի մը «սրբազան պարտականութիւն»` մտովի որոշեցի այսօր անպայման եւ յարմար առիթով թոռնիկիս խօսիլ, բացատրել ու այս մասին իր գիտելիքները պարզ ու հասկնալի լեզուով վերյիշել տալ եւ ամփոփ տեղեկութիւններով ներկայացնել մայիսեան այս խորհուրդը: Զանազան յարգելի պայմաններու բերումով ամերիկեան այս քաոսին մէջ հայ վարժարանէն եւ անոր մթնոլորտէն հեռու ապրող թոռնիկին ուրիշ ի՞նչ կրնար ընել ինծի նման մտահոգ պապիկ մը:

 

Անոր համար արագ մը իրեն «փոխանցելիքներս» որոշեցի: Պարզապէս վերաքաղ մը պիտի ըլլար իր այսքան բազմազբաղ օրուան ընթացքին: Ինք, եթէ չյիշելու իրաւունք ունէր, իմ կարգիս, ես ալ իրաւունք ունէի ու նաեւ պարտաւորութիւն` վերյիշեցնելու…

 

Ու ինչ մեղքս պահեմ, միտքս բարձրաձայն չբացայայտեցի: Գաղտնի պահեցի: Ես ինծի: Գիտէի, որ անպայման պիտի հանդիպէի ծանր եւ աղմկալի ընդդիմութեան:

 

– Քա՛, մա՛րդ, ատոր ատե՞նն է… ձգէ՛, աղջիկը իր դասերուն… ամմա՛, տարօրինակ ես հա՜

 

Կինս թերեւս միջամտէր: Կը կռահէի: Անունիս պէս ալ գիտէի… Ուրեմն առաջքը առնելու համար ամէն տեսակի «անհամութիւններուն» եւ իբրեւ տարիներու հայոց լեզուի ու պատմութեան ուսուցիչ` նախ ես զիս պատրաստեցի, մտքերս խտացուցի, որոշեցի տալ, պատմել իր այս տարիքին էականն ու կենսականը, օրուան պատշաճ ու հասկնալի խորհուրդն ու պատգամը եւ ապա սպասեցի յարմարագոյն պահուն:

 

Նախ պիտի ներկայացնէի մենք զմեզ: Այլ խօսքով` հայը: Մեզի եւ մանաւանդ աշխարհի համար ո՛վ էր հայը:

 

Պիտի ըսէի, որ հայը այն անհատն է, որ կեանքէն սորված է տառապանքի լեզուն: Հայը միշտ խաղաղասէր եւ կառուցող եղած է եւ յաճախ իր կեանքի գնով ստիպուած` ամէն անգամ պաշտպանելու իր ստեղծածը: Հայը` մեր գիտցած հայը, յամառ է եւ սակայն` հայրենասէր: Ազգասէր է, բայց միշտ ազատասէր ալ է: Իր մէջ վառ եւ ամուր պահած է իր սրբազան հաւատքը: Եղած է նաեւ ստեղծարար մշակ, բայց երբ դանակը ոսկորին հասած է, դարձած է բռունցք: Իր պատմութեան ընթացքին ամէն տեսակի նենգ եւ վայրագ թշնամիներ տեսած է: Այսպէս` հռոմէացիներ, սելճուքներ, պարսիկներ, մոնկոլ-թաթարներ, արաբներ, քիւրտեր, թուրքեր եւ ներկայիս` ազերիներ: Այս բոլորին դէմ կռուած է իր ազգային պատուով ու միշտ ձգտած` անկախութեան: Ան նաեւ միշտ կառուցող եղած է: Դարերու իր պատմութեան ընթացքին, յանուն ի՛ր եւ ի՛ր հողերու ազատութեան, հերոսամարտեր մղած է: Եւ այդ հերոսամարտ-կռիւ կարեւորագոյններէն ծնունդ առած է նաեւ այդ օրուան յիշատակումը:

 

Արդ, 103 տարի առաջ մեր երկրին մէջ մահուան եւ կեանքի համար կռիւ կար: Յիշէ՛, պիտի աւելցնէի, սիրելի՛ թոռնուհիս, լա՛ւ յիշէ, որ Հայկ նահապետի օրէն ի վեր մեր ժողովուրդին համար ամէնէն էականը իր հայրենիքի ազատ եւ անկախ կեանքը եղած է: 1918 թուականի մայիսին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն մեր ժողովուրդը իր զօրքերուն միանալով` փայլուն յաղթանակներ տարած էր: Եւ այս յաղթանակներուն շնորհիւ` ան տիրացած էր իր պապենական հողերուն եւ հռչակած` իր երազած անկախութիւնը: Ստեղծած էր իր դրօշակը, իր դրամը, իր զինանշանը եւ, իբրեւ ազատ եւ անկախ երկիր, գրաւած` իր հարազատ տեղը ազգերու պատմութեան շարքին:

 

Ու այսպէս, «Սարդարապատ»-ի փայլուն ու պատմական յաղթանակով, 600 տարի իբրեւ գերի ապրելէ ետք, ծնունդ առած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Այս բոլորը` շնորհիւ ի՛ր կամքի ուժին, ի՛ր հաւատքի եւ ուժի զօրութեան եւ ի՛ր յարատեւ պայքարի ոգիին: Իսկ այսօր, չմոռնանք, որ Հայաստանը դեռ շատ երիտասարդ երկիր է: Ուստի ամէն հայ անոր կողքին ըլլալու, կենալու, զօրակցելու եւ զայն բարգաւաճ դարձնելու պարտաւորութիւնը ունի: Անոր համար մենք պահանջը ունինք ստեղծագործ միտքերու եւ կամքերու, նաեւ` ստեղծագործ բազուկներու, ու մանաւանդ` համայն հայութեան միակամ եւ յաւելեալ ճիգերուն, զոհողութեան եւ նուիրումին: Ապա, Հայաստանը, թէեւ ամբողջ հայութեան հայրենիքն է, սակայն տակաւին թերի երկիր մըն է այնքան ժամանակ, քանի դեռ չէ ամփոփուած իր բնական եւ պատմական սահմաններէն ներս: Միացեալ, ազատ եւ անկախ: Նայէ՛, թոռնի՛կս, մէյ մը քու այս ապրած երկրիդ քարտէսին նայէ՛ եւ անոր անկախութեան համար մղուած պայքարներուն, կռիւներուն, ներքին պատերազմներուն ծանօթացիր: Լա՛ւ գիտցիր, որ մեզի համար ալ, իբրեւ ժողովուրդի, անկախութիւնը բնական իրաւունքն է` ապրելու այս երկրագունդին վրայ: Եւ այս անկախութիւնը կը սկսի հոգիի եւ մտքի անկախութենէն, ազատութենէն եւ կամքէն: Նման ցանկութիւններու իրականացման համար քեզի նման պատանի եւ մանաւանդ երիտասարդ սերունդի կարեւոր ներկայութիւնն է էականը: Պատեհութիւնները չեն պակսիր եւ պիտի չպակսին, մինչեւ այն ատեն որ ունինք ցանկութիւնն ու պատրաստակամութիւնը:

 

Ու այսպէս, անհամբեր մանուկի նման, ամբողջ օրը սպասեցի յարմարագոյն պահուն, որպէսզի իրեն մօտենալով, գլուխ-գլխի խօսէի այս բոլորը` յանուն իր հայու վաղուան, որովհետեւ կը հաւատայի, նման մօտեցումով, Վանային եւ անոր նմաններուն, որոնք անիծեալ պայմաններու բերումով հեռու են հայութեան տրոփումներէն, հայու իրենց երթը շարունակուէր:

 

Ահա՛, մեր գալիք ժամանակները կենդանի եւ հիւթեղ պահելու պարզագոյն դեղատոմսը, կ՛ըսեմ մտովի:

 

Մինչ այդ, եռագոյնիդ տօնը` Մայիս 28-դ շնորհաւոր, ազա՛տ եւ անկախ հայրենիք՛եւ հա՛յ ժողովուրդ:

 

Գէորգ Պետիկեան