28 Մա­յիս 1918-ի ան­կա­խու­թեան հռ­չա­կումն ու ազ­գա­յին ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան կեր­տու­մը այ­սօր­ուան պրիս­մա­կէն քն­նար­կես կամ այդ թուա­կա­նէն նա­յիս հայ կեան­քի պար­զած ներ­կայ պատ­կե­րին, մի­եւ­նոյնն է, սիրտդ կը ճմլ­ուի, անա­սե­լի տրտմ­ու­թեամբ հո­գիդ կը հա­մակ­ուի եւ տեղ չի ձգեր տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեան:
Հո­գե­կան ընկճ­ուա­ծու­թիւնդ աւե­լի կը  խո­րա­նայ, երբ փոր­ձես պա­տաս­խա­նը գտ­նել այն  հար­ցու­մին, թէ այ­սօր­ուան կու­սակ­ցու­թիւն­ներն ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը, մտա­ւո­րա­կան­նե­րը կամ գա­ղա­փա­րի  ջա­հա­կիր­նե­րը որ­քա՞ն հա­ւա­տա­րիմ են արդ­եօք պե­տա­կա­նա­կերտ սե­րուն­դի թո­ղած ժա­ռան­գու­թեան, յի­շա­տա­կին, գոր­ծին:
Մեր մե՜ծ փր­կի­չը՝ ան­մա­հ ա­նուն Արամ Մա­նուկ­եան «տիք­տա­թոր»ը, պա­տա­հէր, որ պա­հիկ մը հրաշ­քով արթն­նար յա­ւի­տե­նա­կան իր քու­նէն, արդ­եօք ի՞նչ գնա­հա­տա­կան պի­տի տար այ­սօր­ուան հայ կեան­քին, յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան հրա­պա­րա­կին, ուր պե­տա­կան հին այ­րեր ու նոր յա­ւակ­նորդ­ներ իբ­րեւ «հայ­րե­նի­քի փր­կիչ­ներ» ման կու գան, բայց եւ այն­պէս գործ­քով ու խօս­քով իրա­րու դէմ ոխ ու ատե­լու­թիւն կը սեր­մա­նեն եւ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դը կը պա­ռակ­տեն: Ի՞նչ գնա­հա­տա­կան պի­տի տար մա­նա­ւանդ գոր­ծող  վար­չա­պե­տին, որ քա­նի մը ամիս առաջ անոր կի­սանդրի­ին առ­ջեւ եւ ի լուր աշ­խար­հին իր նուիր­ուա­ծու­թիւնը կը յայ­տա­րա­րէր Արա­մի ու անոր ժա­մա­նա­կա­կից սե­րուն­դի յի­շա­տա­կին, կը խոս­տա­նար հա­ւա­տա­րիմ մնալ անոնց ուղի­ին եւ վճ­ռա­կան կամ­քով ըն­թա­նալ այդ ուղի­էն: Կը խոս­տա­նար նա­եւ Արա­մի վար­քը ու­ղե­նիշ ու­նե­նալ ի՛ր ու իր գոր­ծա­կից­նե­րուն հա­մար: Բայց ահա իր գոր­ծա­կից­նե­րով  ան որ­դեգ­րած է այն­պի­սի վար­քա­գիծ, որ հիմ­նո­վին ժխ­տումն  է  տր­ուած խոս­տու­մին, Արա­մի ուղի­ին: Ի՛ր ու իր վար­չա­խում­բին կրած ծանր պար­տու­թե­նէն, թշ­նամի­ին պար­տադ­րած հայ­րե­նա­կոր­ծան պայ­ման­նե­րը ստո­րագ­րե­լէ ետքն իսկ չզ­գաս­տա­ցաւ: Քա­ղա­քա­կան դոյզն պար­կեշ­տու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լով կա­ռա­վար­ման իր աւե­րիչ ձա­խո­ղու­թիւնը ըն­դու­նե­լու եւ իշ­խա­նու­թե­նէն   հե­ռա­նա­լու փո­խա­րէն, սահ­մա­նադ­րա­կան տո­ղի մը «իրա­ւուն­քով» ան կառ­չած  մնաց իր աթո­ռին: Աւե­լին. փո­խա­նակ ընկճ­ուած հայ մար­դուն բա­րո­յա­կան կո­րո­վը վե­րա­կանգ­նե­լու, շա­հա­գոր­ծե­լով պար­տու­թե­նէն ընկճ­ուած, շուար ու մե­նու­ճար վի­ճա­կը  ժո­ղո­վուր­դին,  այժմ ան ամէն հնարք ի գործ կը դնէ, նոյ­նիսկ հո­ղե­րու կո­րուս­տին ու թշ­նամի­ին սպառ­նա­լիք­նե­րուն մէջ փայ­լուն հե­ռան­կար­ներ  կը փոր­ձէ ցոյց տալ, որ­պէս­զի քու­է­ար­կո­ղը կր­կին վս­տա­հի իրեն ու զինք վե­րա­հաս­տա­տէ վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նին:
2
Հի­մա, վար­չա­պե­տա­կան աթո­ռին հա­մար յա­ւակ­նորդ թեկ­նա­ծու­ներ կը մր­ցին պար­տու­թեան խորհր­դա­նիշ «ախոյ­եա­նին» դէմ: Տար­բեր-տար­բեր կու­սակ­ցու­թիւն­ներ Խայ­տաբ­ղէտ դա­շինք­ներ կազ­մած օգտ­ուիլ կը յու­սան պար­տու­թեան «ըն­ձե­ռած» առի­թէն:  Չենք ալ գի­տեր, ամիս մը ետք որո՞ւ պի­տի նուիր­ուին ծա­փե­րը, պարտ­ուա­ծին դէմ «յաղ­թա­կան» մր­ցոր­դի՞ մը, թէ նոյ­նինքն պար­տու­թեան «ախոյ­եա­նին»…:
Ըստ Հա­յաս­տա­նէն եկած լու­րե­րուն եւ ղե­կա­վար տար­րի գնա­հա­տա­կան­նե­րուն, հայ­րե­նի պե­տու­թիւնը մատն­ուած է օր­հա­սա­կան կա­ցու­թեան՝ թշ­նամիի քմա­հա­ճոյ­քին են­թա­կայ:
Ահա­ւոր վի­ճակ ու մե­նու­ճար ազգ: Ռոս­տո­մի բա­ռով «խեղճ» ժո­ղո­վուրդ, որ այ­սօր­ուան ճա­կա­տագ­րա­կան թէժ պայ­ման­նե­րու մէջն իսկ չու­նե­ցաւ ղե­կա­վար, որուն ան­վե­րա­պահ վս­տա­հի իր ճա­կա­տա­գի­րը: Չու­նե­ցաւ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան խորհր­դա­նիշ դար­ձած ղե­կա­վար­ներ՝ վճ­ռա­կա­նու­թիւն  ներշըն­չող, ծա­ռա­յու­թ­եա՛ն մէջ միայն իշ­խա­նու­թիւն տես­նող նուիր­եալ­ներ, որոնց հմայ­քով առաջ­նորդ­ուէր ան եւ մի­աս­նա­կան պայ­քա­րի դրօ­շին տակ հա­մախմբ­ուէր:
Ներ­կա­յի կա­ցու­թե­նէն շա՜տ աւե­լի ող­բեր­գա­կան ու ան­յոյս պայ­ման­նե­րու մէջ կը գտն­ուէր ազ­գը 1918-ին, Սար­դա­րա­պա­տի նա­խօր­եակ­նե­րուն, նոյ­նիսկ մա­յիս­եան յաղ­թա­նակ­նե­րէն ետք ու ան­կա­խու­թեան հռ­չա­կու­մի յա­ջոր­դող շր­ջա­նին: Բայց այն ատեն կար  ղե­կա­վար­նե­րու սե­րունդ, որ  վար­քով ու նուիր­ուա­ծու­թեամբ հմա­յեց ժո­ղո­վուր­դը եւ Արա­մի գլ­խա­ւո­րու­թեամբ՝
Հա­ւատքն արած պող­պատ­եայ վա­հան,
Եւ սէրն հայ­րեն­եաց մի շե­փոր ռազ­մի,
Սո­ված, սար­սա­փած մարդ­կան­ցից վհատ,
Դարբ­նեց մի բա­նակ,
Եւ որ­պէս ոխից շի­կա­ցած եր­կաթ,
Խփեց ոսո­խի ճա­կա­տին անարգ…:
Իսկ հի­մա՞: Ծանր պար­տու­թե­նէն ետքն իսկ բո­լո­րին հաշ­ուիչ­նե­րը միայն քուէ կը հաշ­ուեն: Աւե­լին. ինձ­մէ չե՞ս, ին­ծի պէս չե՞ս մտա­ծեր, ու­րեմն թշ­նա­միս ես:
3
Հայ­րե­նա­սի­րու­թեան չա­փա­նիշ ու գրա­ւա­կան դար­ձած է հան­րա­հա­ւաք­նե­րու ներ­կա­յու­թիւնը: Հան­րա­հա­ւա­քիս չե՞ս գար, ժո­ղո­վո՛ւրդ, ու­րեմն  տգէտ ես, զոմ­պի ես, նոյ­նիսկ թուրք ես ու հայ­րե­նա­դաւ…: Կայ­քերն ու ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րը ողող­ուած են զի­րար բզկ­տե­լու պատ­րաստ նմա­նա­տիպ ծան­րա­գոյն որա­կում­նե­րով, որոնց հե­ղի­նակ­նե­րը յայտ­նօ­րէն ղե­կա­վար­նե­րու ար­բան­եակ­ներն են կամ հե­տե­ւորդ­նե­րը:  Եւ տա­րօ­րի­նա­կը այն փաստն է, որ անոնք (ղե­կա­վար­նե­րը) չեն սաս­տեր, լուռ են…:
Կար­ծես մոռ­ցած ենք, թէ գե­րա­գոյն ար­ժէք է մարդ էա­կը եւ անոր հան­րա­գու­մա­րը՝ ժո­ղո­վուր­դը, մա­նա­ւանդ երբ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին:
Յար­գանք՝ ժո­ղո­վուր­դին, որ հաս­տա­տա­կամ ու իր հո­ղին կառ­չած  կ’ապ­րի դա­րե­րու հա­մար: Ան ու­նի տես­նե­լու, զգա­լու, դա­տե­լու եւ տրա­մա­բա­նե­լու իր կեր­պը եւ չի տար­ուիր ասոր-անոր խօս­քե­րէն, թե­լադ­րանք­նե­րէն:  Հար­ցե­րը կը դի­մագ­րա­ւէ  հան­դար­տու­թեամբ, դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն կը տո­կայ հա­մբե­րու­թեամբ  եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն պէս չ’աճա­պա­րեր, քա­նի որ ժա­ման­ցում չու­նի ան: Քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներն են, որոնք կ’աճա­պա­րեն ու իրենց աճա­պա­րան­քին մէջ յա­ճախ կը սխա­լին՝ հաս­նե­լով նոյ­նիսկ հան­րու­թիւնը պա­ռակ­տե­լու աս­տի­ճա­նին…:
Յար­գանք՝ հայ­րե­նի  ժո­ղո­վուր­դին, որուն սո­ված, սար­սա­փած զա­ւակ­նե­րէն էր, որ բա­նակ դարբն­ուե­ցաւ  1918-ին: Այդ մարդ­կանց զա­ւակ­ներն էին ու թոռ­նե­րը, որ մեծ զր­կանք­ներ կրե­ցին եւ Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ տասն­եակ հա­զար­նե­րով իրենց կեան­քը մա­տաղ ըրին ի խն­դիր հայ­րե­նի հո­ղին՝ վեր­ջին երես­նա­մեա­կին:
Կաս­կած չկայ, որ մի­եւ­նոյն ժո­ղո­վուր­դին մէ­ջէն հրա­պա­րակ պի­տի գան նոր հե­ղի­նա­կու­թիւն­ներ, որոնք յաղ­թա­հա­սակ պի­տի  կանգ­նին հան­րու­թեան մէջ եւ իրենց խօս­քին, կեն­դա­նի գոր­ծին եւ նուի­րու­մին հմայ­քով վերջ պի­տի տան պա­ռակ­տու­մին, բո­լոր հա­յե­րը ոգեշն­չե­լով պի­տի հա­մախմ­բեն իրենց շուրջ եւ ազ­գին պի­տի վե­րա­դարձ­նեն յաղ­թա­նա­կի նպա­տակն ու հպար­տու­թիւնը:
Յաղ­թա­նա­կի նպա­տա­կով ոգեշնչ­ուած ժո­ղո­վուր­դի հա­մախմբ­ուա­ծու­թիւնն էր, որ կեր­տեց 28 Մա­յիս  եւ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թիւն:
Միհրան  Քիւրտօղլեան