Այժմ ար­դէն յս­տակ է, որ թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան վեր­ջին նա­խա­յար­ձա­կու­մը (aggression), Իս­րա­յէ­լի բա­ցա­յայտ օգ­նու­թեամբ, ոչ միայն յան­գե­ցաւ Շուշիի, Հատ­րու­թի, Քար­վա­ճա­ռի, Քա­շա­թա­ղի եւ այլ հայ­րե­նա­կան տա­րածք­նե­րու բռ­նագ­րաւ­ման, ան յան­գե­ցաւ ոչ միայն 5000-է աւե­լի մա­տաղ կեան­քե­րու սպան­դին, ռազ­մա­գե­րի­նե­րու շա­րու­նա­կուող ող­բեր­գութ­եան, ազ­գա­յին տն­տե­սու­թեան աղէ­տին, այլեւ մեր հոգեւոր եւ մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թեան գե­րե­վար­ման եւ ճգ­նա­ժա­մին։ Այ­սօր, Ալիեւ եւ իր պա­տե­րազ­մա­կան վոհ­մա­կը մեր հոգեւոր եւ մշա­կու­թա­յին գան­ձա­րա­նին հետ կը վե­րա­բեր­ուին որ­պէս ռազ­մա­կան աւա­րի ճիշդ այն­պէս ինչ­պէս թուրք իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը՝ Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նի մեր ազ­գա­յին ժա­ռան­գութ­եան։
Այն ինչ որ կը պա­տա­հի այ­սօր մեր աչ­քե­րուն առջեւ ան­կաս­կած պի­տի ու­նե­նայ շատ ծանր հետեւանք­ներ։ Երբ թշ­նամի­իդ կը յանձ­նես քու հայ­րե­նա­կան հողդ, ինք­նա­բե­րա­բար կը յանձ­նես նաեւ այդ հո­ղը հայ­րե­նաց­նող բո­լոր բա­նա­լի կեն­սա­գոր­ծօն­նե­րը։ Հո­ղի առեւան­գու­մը կը վե­րած­ուի լեզ­ուի առեւանգ­ման։ Կը վե­րած­ուի մշա­կոյ­թի առեւանգ­ման։ Կը վե­րած­ուի քա­ղա­քակր­թու­թեան եւ ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կար­գի առեւանգ­ման։ Եւ ի վեր­ջոյ կը վե­րած­ուի ինք­նու­թեան առեւանգ­ման։
Վեր­ջին հա­րիւր տար­ուան ըն­թաց­քին, իրա­րա­յա­ջորդ թուրք իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը լայ­նօ­րէն յա­ջո­ղե­ցան դի­մա­զեղ­ծել Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ինք­նու­թիւնը։ Ջն­ջե­ցին հետ­քե­րը մեր քա­ղա­քակր­թու­թեան, յա­տուկ եւ հետեւողա­կան ռազ­մա­վա­րու­թեամբ աղա­ւա­ղե­ցին փաս­տե­րը մեր պատ­մու­թեան։ Փո­խե­ցին տե­ղա­նու­ննե­րը։ Փո­խա­րէ­նը ստեղ­ծե­ցին մէկ կեղծ պատ­մու­թիւն գոր­ծի լծե­լով նաեւ շարք մը հե­ղի­նա­կա­ւոր դէմ­քեր Արեւմուտ­քի ակա­դե­մա­կան ոլոր­տէն։Ջն­ջե­ցին ու նեն­գա­փո­խե­ցին պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւնը։ Եւ ապա­ցու­ցե­ցին, որ այդ ոճ­րա­յին աւե­րա­ծու­թիւնը իրենք կր­նան իրա­գոր­ծել քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թեան աչ­քե­րուն առջեւ եւ այս վեր­ջի­նի իսկ մեղ­սակ­ցութ­եամբ։
Մենք տե­սանք, որ մար­դը չէ հա­սած տա­կա­ւին ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան այն մա­կար­դա­կին, որ ինք­նա­բե­րա­բար տէր կանգ­նի իր հա­մա­մարդ­կա­յին յի­շո­ղու­թեան։ Պատ­մա­կան ճշ­մար­տու­թիւնը հաս­տա­տու­թե­նա­կան (institutional) տէր չու­նի։ Խնդ­րեմ մի՛ խօ­սիք Իւ­նես­քո­յի մա­սին։ Մի՛ խօ­սիք զա­նա­զան ակա­դեմ­ի­ա­նե­րու մա­սին։ Որոշ մաս­նա­գէտ­ներ միայն պա­տա­հա­կա­նօ­րէն կը լծ­ուին հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ Աստ­ուած գի­տէ, թէ ինչ­պի­սի՜ նոր­մե­րու կի­րար­կու­մով։ Նաեւ պա­տա­հա­կա­նօ­րէն որոշ հայ պատ­մա­բան­նե­րու գոր­ծե­րը կը մըտ­նեն հա­մաշ­խար­հա­յին շր­ջա­նա­ռու­թեան մէջ։ Փո­խա­րէ­նը Թուրք­իա ստեղ­ծած է «գի­տա­կան» փար­թամ հիմ­նարկ­ներ եւ հա­յոց պատ­մու­թեան փաս­տե­րու նեն­գա­փո­խու­թիւնը վե­րա­ծած է ամէ­նօր­եայ գոր­ծո­ղու­թեան։ Թուրք պե­տու­թիւնը առատ փող կը հո­սեց­նէ հա­մաշ­խար­հա­յին այս զեղ­ծա­րա­րութ­եան (կո­ռուպց­իա­յի) գե­տե­րը պա­րե­նա­ւո­րե­լու։
Տաս­նամ­եակ­նե­րու ըն­թաց­քին, այս կեղծ գրա­կա­նու­թիւնն է, որ կը դառ­նայ նորմ…Եւ յան­կարծ կը տես­նենք, որ թր­քա­կան այս հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու «ասպն­ջա­կա­նու­թիւն»ը վա­յե­լող նո­րա­հաս հայ պատ­մա­բան­ներ ալ, իրենց կար­գին, կ’ընդգրկ­ուին այս նենգ հո­սան­քին մէջ…Հի­մա կը ս­տիպ­ուինք մեր պատ­մու­թիւնը պաշտ­պա­նել այս նո­րա­հաս «օս­մա­նա­գէտ»նե­րու «ար­շաւ»նե­րէն…
Իսկ Փա­շին­եա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւնը ար­դէն կը գա­մէ վեր­ջին գա­մե­րը այս դա­գա­ղին իր թր­քա­բո­վան­դակ կր­թա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ։ Այս բո­լո­րը մատ­նան­շե­ցի ըսե­լու հա­մար, որ մենք այժմ կը գտն­ուինք Արեւել­եան Հա­յաս­տա­նի պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւնը կորսնց­նե­լու իրա­կան վտան­գին առջեւ։
Ալիեւ ֆա­շիստ բռ­նա­տէր մըն է, որ այս պա­րա­գա­յին յս­տա­կօ­րէն կը գի­տակ­ցի, թէ իր մե­ծա­գոյն թշ­նա­մին…ին­քը՝ պատ­մու­թի՛ւնն է։ Այս առու­մով, գործ ու­նինք հե­ռա­տե­սու­թեամբ օժտ­ուած թշ­նամիի մը հետ, որ սկ­սած է հս­կայ գու­մար­ներ ծախ­սել իր այս թշ­նամի­ին՝ այ­սինքն պատ­մու­թ­եա՛ն բնաջնջ­ման ծրագ­րին վրայ։ Ան հա­մոզ­ուած է, որ այս ռազ­մա­դաշ­տին վրայ ինք կր­նայ գոր­ծել ան­պա­տիժ եւ իր աւե­րը սփ­ռել ամէն կողմ։
Ան­շուշտ պէտք է գո­հու­նա­կու­թեամբ յի­շել Եւ­րո­Խորհր­դա­րա­նի Մա­յիս 19, 2021-ի բա­նաձեւը հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րու մա­սին, որուն 16-րդ պար­բե­րու­թիւնը կը խօ­սի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ապա­հո­վու­թեան մա­սին։ Կ’ար­տագ­րեմ յօդ­ուա­ծը բա­նաձեւի անգ­լե­րէն բնագ­րէն՝
«…16. (The European Parliament) Strongly insists that both parties refrain from any actions destroying Armenian heritage in Azerbaijan and Azeri heritage in Armenia; calls for the full restoration of demolished sites and for greater involvement of the international community in protecting world heritage in the region»։
Ինչ­պէս միշտ, Ատր­պէյ­ճանն ու Հա­յաս­տա­նը ար­ուես­տա­կա­նօ­րէն կը հա­ւա­սա­րեց­ուին բա­նաձեւին մէջ աւե­րա­ծու­թեան մեղ­քը տա­րա­ծե­լով նաեւ ան­մեղ կող­մին վրայ, որ բա­ցա­յայտ անար­դա­րու­թիւն մըն է հայ­կա­կան կող­մին հան­դէպ։ Այս բա­նաձեւն իսկ,- որ այ­լա­պէս ող­ջու­նե­լի դիր­քո­րո­շում մըն է Եւ­րո­Խորհր­դա­րա­նին կող­մէ,- կու գայ հաս­տա­տե­լու, որ հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կոյ­թի պահ­պա­նու­թիւնը այ­սօր տէր չու­նի աշ­խար­հի բե­մին վրայ։
Մեր հոգեւոր եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան տէ­րը միայն մենք կր­նանք ըլ­լալ։ Հետեւաբար մեր պար­տա­ւո­րու­թիւնն է պատ­րաստ­ուիլ նաեւ այս պա­տե­րազ­մին։
Կարօ Արմէնեան