Պե­տու­թիւնը հի­ա­նա­լի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն է, զոր յա­ճախ կ’ան­տե­սենք՝ են­թադ­րե­լով որ ար­դէն իսկ մեր աշ­խար­հի ան­բա­ժա­նե­լի մաս­նիկ­նե­րէն մէկն է ան: Սա­կայն իրա­կա­նու­թիւնը այդ­պէս չէ: Պե­տու­թիւնը մշ­տա­պէս գո­յու­թիւն չէ ու­նե­ցած մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան մէջ:
Միւս կող­մէ, զա­նա­զան տե­սու­թիւն­ներ ու գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­ներ (Օր. հա­մայ­նա­վա­րու­թիւնը), վի­պա­գիր­ներ եւ ար­ձա­կա­գիր­ներ, կ’ակն­կա­լեն պե­տու­թեան ան­հե­տա­ցու­մը հե­ռա­ւոր ապա­գա­յին, մարդ­կա­յին սրըն­թաց յա­ռաջ­դի­մութ­եան ի հե­տե­ւանք:
Բնա­կա­նա­բար կա­նուխ է այդ­պի­սի ան­կիւ­նա­դա­ձա­յին փո­փո­խու­թիւն մը ակն­կա­լե­լը, սա­կայն կ’ար­ժէ մտա­ծել ու պատ­կե­րա­ցում ու­նե­նալ այս ուղ­ղու­թեամբ:
Պէտք է մենք մե­զի հարց տանք, թէ  ին­չո՛ւ  սքան­չե­լի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն է պե­տու­թիւնը: Պա­տաս­խա­նը պարզ է, քա­նի որ ան եղած է մարդ­կա­յին յա­ռաջ­խա­ղաց­քի նա­խա­պայ­մա­նը, անոր հո­վանի­ին տակ է որ հիմն­ուե­ցան գի­տու­թիւն­ներ, մշակ­ուե­ցան գիւ­տեր ու լե­զու­ներ, դր­սե­ւոր­ուե­ցան մշա­կոյթ­ներ ու աւան­դու­թիւն­ներ: Այլ խօս­քով՝ պե­տու­թիւնը եղաւ մարդ­կա­յին այլ արար­չու­թիւն­նե­րու ու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու երաշ­խի­քը, այն­պէս որ կեն­սա­կա­նօ­րէն նպաս­տեց մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քի բա­րե­լաւ­ման ու բար­ւոք ըն­թաց­քին:
Այս­տեղ կա­րե­ւոր է անդ­րա­դառ­նալ ճշ­մար­տու­թեան մը: Կա­յուն ու տո­կուն պե­տու­թիւն­ներն են, որոնք յա­ճախ կր­ցած են հա­ւա­տա­րիմ գտն­ուիլ իրենց  յա­ռաջ­դի­մա­կան առա­քե­լու­թեան: Այդ պե­տու­թիւն­ներն են, որոնք հա­սած են այն­պի­սի հզօ­րու­թեան, որուն մի­ջո­ցով իրենց ազ­դե­ցու­թիւնը, դրա­կան թէ ժխ­տա­կան, թա­փան­ցած է նոյ­նիսկ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ու եր­կիր­նե­րու մէջ, դառ­նա­լով ոչ միայն փայ­լուն ազ­դե­ցու­թիւն, այ­լեւ հա­մազ­գա­յին հարըս­տու­թիւն:
Օրի­նակ վերց­նենք գեր­մա­նա­ցի­նե­րէն: Դա­րեր շա­րու­նակ պե­տա­կա­նու­թեան ար­մատ­նե­րը խո­րաց­նե­լով, շա­րու­նա­կա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ ու ձեռք­բե­րում­ներ շա­հե­լով, գեր­մա­նա­ցի­նե­րը եղան հզօր ու չա­փա­զանց ստեղ­ծա­գործ ազգ, եւ ան­սահ­ման ներդ­րում ու­նե­ցան մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան գրե­թէ բո­լոր ոլորտ­նե­րուն մէջ՝ գի­տու­թիւն, ար­ուեստ, ար­հեստ, մար­զանք, փի­լի­սո­փա­յու­թիւն եւ… ցան­կը կ’եր­կա­րի:
Փոր­ձե­ցէ՛ք հա­մե­մա­տու­թիւն ընել մեր եւ իրենց մի­ջեւ, ուղ­ղա­կի ան­հա­մե­մա­տե­լի ենք: Պատ­ճառ­նե­րէն մէ­կը այն է, որ մեր պե­տա­կա­նու­թեան փոր­ձա­ռու­թիւնն ու ապ­րու­մը ան­բա­ւա­րար է եւ պա­կա­սա­ւոր:
Այս ան­փոր­ձու­թիւնը շօ­շա­փե­լի է այ­սօր­ուան մեր հայ­րե­նի­քի դր­ուած­քէն իսկ: Ու­նինք իշ­խա­նու­թիւն մը, որ մէկ յա­ջո­ղու­թեան դի­մաց եր­կու ձա­խո­ղու­թիւն կ’ար­ձա­նագ­րէ: 30 տար­ուան ըն­թաց­քին ու­նե­ցանք միայն հարս­տա­հա­րող, փտած, անո­րակ ղե­կա­վար­ներ, որոնք յա­ճախ ար­ժա­նա­ցան ժո­ղո­վուր­դին անէծ­քին, եւ մեր եր­կի­րը փո­խա­նակ ան­կա­խու­թիւն առած այլ պե­տու­թիւն­նե­րու շար­քին աւե­լի նպաս­տա­ւոր պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լու, աւե­լի լայն բա­ցաւ ար­տա­գաղ­թի դռ­նե­րը:
Կաս­կա­ծէ վեր է որ մեր ներ­կան՝ սփիւռ­քով թէ հայ­րե­նի­քով, ծանր է, սա­կայն մեր ճա­կա­տա­գի­րը չէ զայն այս­պէս պահե­լը, ոչ ալ մեր ճա­կա­տա­գիրն է մնա­յուն ձա­խո­ղու­թիւն­ներ կրե­լը: Լու­ծում­ներ կան ան­կաս­կած, ու ես անձ­նա­պէս կր­նամ մատ­նան­շել քա­նի մը հա­տը, այ­դու­հան­դերձ դժ­ուար է իմա­նալ, թէ մենք կա­մե­ցո­ղու­թիւն ու­նի՞նք այդ լու­ծում­նե­րը կեան­քի կան­չե­լու, արդ­եօ՞ք մենք պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն ու­նինք եր­կար ու դժ­ուար աշ­խա­տանք մղե­լու:
Հայկ Պաթթալեան