ՍՕ Խաչի “Էրեբունի” Մասնաճիւղի Վարչութիւնը հանդիսաւոր կերպով յիշատակեց “Մայրերու Օր”-ը Երեքշաբթի, 25 Մայիս 2021-ին “Սալիպ” եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս, առաւօտեան ժամը 11:00-ին: Հանդիսութեան ներկայ էին ՍՕ Խաչի Շրջ.Վարչութեան անդամներ` ատենապետուհի Սեդա Կէրկէրեան, Սիւզի Փիլաւճեան, “Էրեբունի” Մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Քրիստին Սեդիկեան, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ խաչուհիներու հոյլ մը: Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Օրուան հանդիսավար Թալին Գատէհճեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու նահատակներուն յիշատակը: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց բոլորին “Մայրերու Օր” ը, ապա բեմ հրաւիրեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Քնար Քելէքեանը փոխանցելու վարչութեան խօսքը: Ընկերուհին վեր առաւ հայ կնոջ եւ հայ մօր առաքինութիւններն ու անզուգական դերը հայ ժողովուրդի ազգային կեանքէն ներս, յատկապէս զաւակներուն ազգային կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն ջամբելու գծով: Ան ջերմօրէն շնորհաւորեց բոլոր մայրերն ու խաչուհիները մայրերու տօնին առիթով եւ խրախուսեց զանոնք աննկուն կամքով շարունակելու ՍՕ Խաչի սրբազան առաքելութիւնը: Նորա Պալեան իւրայատուկ ոճով եւ առոգանութեամբ ասմունքեց Արսէն Երկաթի ” Մայրը”, Սեդա Սգայեան թովիչ ձայնով երգեց “Իմ Անոյշ Մայրիկ”ը եւ յուզումնախառն ապրումներով համակեց ներկաներուն հոգիները։ Դափնի Երէցեան վիոլայով նուագեց ” Ես Իմ Անոյշ Հայաստանի”ն, իսկ Արէն Սեդիկեան ջութակով ` երկու երաժշտական կտորներ “Կռունկ” եւ ” Թանիէթս”։ Օրուան բանախօս Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեան ՛՛Կինը Մարդասիրական Առաքելութեան Մէջ՝՝ խորագրով իր բանախօսութեան մէջ անդրադարձաւ օտար կին անձնաւորութիւններու, որոնք մարդասիրական անուրանալի նպաստ ունեցած են հայ ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական տարիներուն։ Համիտեան ջարդերու և Մեծ Եղեռնի արհաւիրքի օրերուն անոնք դարձած են հայ ժողովուրդի պահապան հրեշտակները։ Այնուհետեւ ան լուսարձակի տակ առաւ Քարէն Եփփէի, Մարիա Ճէյքըպսընի եւ Պոտիլ Պիոռնի ծաւալած որբահաւաքի, այրիներու պատսպարման եւ այլ մարդասիրական գործունէութիւնները, որոնց շնորհիւ հայ ժողովուրդը կը գոյատեւէ առ այսօր։ Ապա Փիլաւճեան անդրադարձաւ 2016-ին Հայրենիքի մէջ մեկնարկը կատարուած մարդասիրական ՛՛Աւրորա Մրցանակ՝՝ին, որ հաստատուեցաւ Արշալոյս Մարտիկեանի յիշատակին։ Իր խօսքը եզրափակելով ընկերուհին բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու ծաւալած մարդասիրական գործունէութիւնը՝ կեանք մը փրկելու, ընտանիք մը պատսպարելու նուիրական առաքելութիւնը։ Շրջ.Վարչութեան սրտի խօսքը արտասանեց Սեդա Կէրկէրեան։ Ան մաղթեց, որ ժողովրդանուէր ծառայութեան ճամբով միշտ կենսունակ մնայ կնոջական, համահայկական այս կազմակերպութիւնը իր բոլոր կառոյցներով՝ հայը հայ պահելու, կամրջելու գաղութները եւ հոգեպէս միացնելու աշխարհացրիւ հայութիւնը: Ան գնահատեց նաեւ խաչուհիները, որոնք իրենց ուսերուն ծանրացած մայրութեան հսկայ պարտաւորութեան կողքին չեն զլացած նաեւ դառնալու սուրիահայ գաղութի յոյսի ու հաւատքի անսասան կոթողները եւ ՍՕ Խաչի մեծ ընտանիքէն ներս անձնուիրաբար ծառայելով դարձած են մշտարթուն կանթեղներ՝ ամոքելու հայուն ցաւն ու թարմացնելու անոր ժպիտը։ Միութեան շարքերը խտացնելու եւ երիտասարդ ուժերով կենսաւորելու նպատակով, վարչութիւնը նախաձեռնած էր անդամարշաւի, որուն արդիւնքով միութեան շարքերը համալրեցին 18 նորագիրներ։ Անոնք կատարեցին երդման արարողութիւնը՝ կնքամայրութեամբ վարչութեան անդամ Արտեմիս Սարգիսեանի, հաստատելով որ նուիրական ծառայութեամբ նոր շունչ ու աւիշ պիտի հաղորդեն միութեան: Աւանդութիւն դարձած է “Մայրերու Օր”ուան տօնակատարութեան պարգեւատրել մասնաճիւղի անդամուհիներ, ուստի վարչութիւնը յուշանուէրով պարգեւատրեց 1985-86-ին “Էրեբունի” Մասնաճիւղէն վաստակաշատ ընկերուհիներ։ Նորոգ հանգուցեալ Մարի Պապիկեանի եւ Սիլվա Ճիւլեանի յիշատակին վարչութեան անունով սրտի խօսքեր արտասանեցին Ալիս Մելքոնեան եւ Լուսին Մահսերէճեան, վեր առնելով ընկերուհիներուն վաստակաշատ գործունէութիւնը։ Ռիթա Մահսէրէճեան դաշնամուրով նուագեց “Ռիփրոջ տը ամեոր” երաժշտական կտորը։ Փոքրիկն Շուշի Եագուպեան հիասքանչ կատարումով մեներգեց “Մայրիկ Անոյշ” ը։ Տօնակատարութիւնը իր իւրայատուկ ձայնով ճոխացուց Մարի Յովսէփեան, կատարելով երկու երգ: Հուսկ, տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում։ Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ ՍՕ Խաչի քայլերգով, ներկաներուն երգեցողութեամբ։ Խաչուհիները անգամ մը եւս եկան հաստատելու, որ ՍՕ Խաչը, որպէս հաստաբուն կաղնի, իր նուիրեալ խաչուհիներու փաղանգով պիտի շարունակէ ազգօգուտ առաքելութեան իր երթը։

Սոնա Անտրեան Դամասկոս