«Ապառաժ».-2 Յունիսին ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամներ, ԱՀ Ազգային Ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ Դաւիթ Իշխանեան, Արթուր Մոսիյեան եւ Վահրամ Բալայեան հանդիպած են Արցախի պետական համալսարանի ուսանողներուն եւ դասախօսներուն հետ:

Ողջունելով հրաւիրեալներուն` ԱՐՊՀ ռեկտոր Արմէն Սարգսեան յայտնած է, որ հանդիպումը կ’իրականացուի «Արցախ. Ներկան եւ Ապագան» ծրագիրի շուրջ: Արմէն Սարգսեան Դաւիթ Իշխանեանին  յանձնած է ԱՐՊՀ 50-ամեակին նուիրուած յուշամետալ եւ «Արցախի Ժողովրդագիտութիւնը» աշխատութեան հատորները:

Դաւիթ Իշխանեան, շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման նախաձեռնութեան համար, ներկայացուցած է ներքին ու արտաքին հիմնախնդիրներու լուծման ՀՅԴ տեսլականը: «Մեր համազգային օրակարգի մէջ հարցերուն հարցը Արցախեան հիմնահարցն է, Արցախի ապագան: Ցաւօք սրտի, մենք տակաւին չունինք  շարք մը հարցի պատասխաններ: Գնահատական չէ տրուած պատերազմի պատճառներուն, հետեւանքներուն, ընդհանուր վիճակին եւ յստակ չեն մեր ընելիքները», իր ելոյթին մէջ ըսած է Դաւիթ Իշխանեան:

Ան կարեւոր համարած է անվտանգային համակարգի յստակեցումը, խօսած է ՀՅԴ-ի ծաւալած քաղաքական-դիւանագիտական, տեղեկատուական-քարոզչական աշխատանքներու մասին:

Անդրադառնալով Արցախի ներքաղաքական գործընթացներուն, 10 Նոյեմբերին ԱՀ ԱԺ չորս խմբակցութիւններուն միատեղ յայտարարութեան, 20 Մայիսին ԱՀ ԱԺ երեք խմբակցութիւններու յայտարարութեան, Դաւիթ Իշխանեան ըսած է, որ անոնք տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու տեղի  տուած են:

«Մենք չենք հրաժարիր ԱՀ նախագահի հրաժարականի պահանջէն, բայց նաեւ կը գիտակցինք, թէ ինչպիսի քայլերով պէտք է տեղի ունենայ: Քաղաքական շարք մը հանդիպումներու բովանդակութեան մասին նաեւ Արայիկ Յարութիւնեանէն ոչ մէկ ամբողջական ճշմարտութիւն  ներկայացուած է: Մասնաւորապէս, ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն` փորձած են մեղադրել պաշտօններ ստանձնելու ձգտումներու մէջ: Այստեղ  անգամ մը եւս կ’ուզեմ հրապարակայնօրէն ներկայացնել, որ Դաշնակցութիւնը երբեք չէ առաջնորդուած ու չ’առաջնորդուիր պաշտօն ստանձնելու միտումներով: Մեզի համար երկրին եւ մեր ժողովուրդին շահերը աւելի  կարեւոր է», ըսած է Դաւիթ Իշխանեան:

Պատասխանելով անվտանգութեան ապահովման, Սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին հարցումին, ԱՀ ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան դիտել տուած է, որ բոլոր հարցերու լուծումը ազգային ուժերու իշխանութեան գալն է.

«Պարտուած իշխանութիւնը պէտք է հեռանայ: Իւրաքանչիւր քաղաքացի  իր մեղաւորութեան չափաբաժինը ունի, բայց հիմնական պատասխանատուն եւ մեղաւորները պարտուած իշխանութիւններն են` Արայիկ Յարութիւնեանին, Նիկոլ Փաշինեանին գլխաւորութեամբ: Մարդիկ կը կրեն բարոյական եւ քաղաքական պատասխանատուութիւն, իրաւական պատասխանատուութեան հարցը կ’որոշուի: Համոզուած եմ, որ հայկական Նիւրնպերկ պիտի ըլլայ», ըսած է Ա. Մոսիյեան` աւելցնելով, որ տակաւին յստակ չէ, թէ որքանով Արցախի իշխանութիւնը մասնակից է ՀՀ իշխանութիւններու դաւադիր ծրագիրին:

Արթուր Մոսիյեան կարեւոր համարած է ԱՐՊՀ-ի ուսանողներուն, դասախօսներուն դերակատարութիւնը հայրենիքի փրկութեան գործին մէջ:

ՀՅԴ ներկայացուցիչները ներկաներու խնդրանքով անդրադարձած են նաեւ ԱՀ նախագահի հրաժարականի պահանջի մանրամասնութիւններոն, հետագայ ընելիքներուն եւ բնակչութեան ֆիզիքական ապահովութեան մասին հարցումներուն: