Կիրակի, 30 Մայիս 2021- ի առաւօտեան, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի։ Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան։ Յընթացս պատարագին տեղի ունեցաւ դրօշակի օրհնութիւն։ Հոգեշնորհ հայր սուրբը քարոզին մէջ պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ հայաստանի հանրապետութեան առաջին անկախութեան կերտման եւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման հերոսամարտերուն։ Պատարագի աւարտին հոգեշնորհ հայր սուրբը, Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանը, դպրաց դասն ու հաւատացեալ ժողովուրդը թափօր կազմած ուղղուեցան առաջնորդարանի շրջափակ, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին առաջնորդութամբ. ուր յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ ծաղկեպսակի զետեղում՝ ի յիշատակ մայիսեան յաղթանակը կերտող եւ Արցախի անմահ նահատակներուն։ Ապա շարունակուեցաւ փողերախումբի ազգային երգերու կատարումը։ Աւարտին տեղի ունեցաւ Կիլիկիա մաղթերգի միասնական կատարումը։ Իսկ երեկոյեան ժամը 7։30-ին, «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Մայիս 28-ի 103 – ամեակին տօնակատարութիւնը, հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ քհնյ.Պէրպէրեանի, պատկան մարմինի, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն։ Հանդիսավար Վանա Կիրակոսեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը անմահ նահատակներուն, ապա հնչեց Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները։ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան» քերթուածէն հատուածներ ասմունքեց Մարինա Աւետիսեան։ Օրուան խորհուրդը ներկայացուց Յակոբ Պարսումեան։ Ան հաստատեց հայ ժողովուրդի հաւատքը վերածնունդի եւ գալիք յաղթանակի ըսելով. «Մայիս 28-ը ազատութեան գաղափարին մարմնացումն է հայերուս համար։ Պիտի կրկնուի՞ն նման հերոսամարտեր։ Մենք կը հաւատանք, որ անպայման պիտի կրկնուին յանուն ազատութեան հերոսական սխրանքները։ Առանց հաւատքի մեր ապագան միշտ մութ պիտի մնար, իսկ մարդկային կեանքը երջանկութիւն պիտի չճանչնար»։ Ազգային երգերով ելոյթ ունեցան Ատուր Ադամեան եւ Ռաֆֆի Օհանեան։ Այնուհետեւ հոգեշնորհ հայր սուրբը իր եզրափակիչ խօսքով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի անխորտակ կամքին ու աննահանջ երթին ըսելով. «Մենք այն ժողովուրդն ենք, որ դարեր շարունակ մղած է գոյատեւման պայքար։ Մեր պատմութեան էջերը լի են պատերազմներով եւ դժուարութիւններով։ Այդ էջերուն մէջ դրոշմուած է ցեղասպանութիւն, երկրաշարժ, արցունքով ու տառապանքով լեցուած օրեր, սակայն այդ նոյն պատմութեան էջերը կը ներկայացնեն հայու մարտական ոգին ու յաղթական ուժը։ Սարդարապատով, Բաշ Ապարանով եւ Ղարաքիլիսայով մենք ապացուցեցինք մեր անյաղթ կամքը եւ այսօր 103 տարի ետք դարձեալ աննահանջ վճռակամութեամբ պիտի շարունակենք մեր պահանջատիրական արդար երթը։ Մեր միութեամբ, միասնութեամբ փշռենք շղթան նենգ բռնութեան»։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն