«ՌԻԱ Նո­վոս­թի» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւնը կը յայտ­նէ, որ Ֆրան­սա­յի նա­խա­գահ Էման­ուէլ Մաք­րոն Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տի յանձ­նա­կա­տա­րին հետ մի­աց­եալ մամ­լոյ ասոււ­լի­սին ըն­թաց­քին շեշ­տած է Ար­ցա­խի մէջ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութ­եան պաշտ­պա­նու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը:
«Հա­կա­ռակ անոր որ զի­նա­դա­դա­րը հա­մաշ­խար­հա­յին առու­մով կը պահ­պան­ուի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ, սա­կայն տա­կա­ւին շատ ընե­լիք­ներ կան: Եւ Ֆրան­սան պատ­րաստ է շա­րու­նա­կե­լու իր աջակ­ցու­թիւնը բնակ­չու­թեան: Ես կը խօ­սիմ բո­լոր պա­հուող ան­ձե­րը ազատ ար­ձա­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին, մի­ջազ­գա­յին մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մուտ­քի սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րու վե­րաց­ման եւ ակա­նա­պատ­ուած տա­րածք­նե­րուն մէջ լուրջ խն­դիր­նե­րու մա­սին», լրագ­րող­նե­րուն ըսած է Մաք­րոն՝ Փա­րի­զի մէջ Նի­կոլ Փա­շին­եա­նի հետ հան­դի­պու­մէն առաջ:
Բա­ցի ատ­կէ, Ֆրան­սա­յի նա­խա­գա­հը մատ­նան­շած է նա­եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը: