103 տա­րի առաջ, հա­մա­տա­րած յու­սա­հա­տու­թեան մէջ յոյ­սի շող մը փայ­լա­տա­կեց: Հայ ժո­ղո­վուր­դը մի­նակ էր, նոր դուրս եկած Ցե­ղաս­պա­նութ­եան ար­հա­ւիր­քէն, կորսն­ցու­ցած էր հայ­րե­նի հո­ղեր, մէ­կու­կէս միլի­ոն ազ­գի զա­ւակ: Թուրքն ու ազե­րին կը ջա­նա­յին պո­կել Հա­յաս­տա­նի հո­ղէն ինչ որ կա­րե­լի էր, ջար­դել, սպառ­նալ եւ հաս­նիլ մին­չեւ Երե­ւան, այն­պէս ինչ­պէս այ­սօր կը յո­խոր­տան Ալի­եւ­ներն ու Էր­տո­ղան­նե­րը:
Ծան­րա­գոյն տագ­նա­պա­յին իրա­վի­ճա­կէն դուրս եկած, ստեղծ­ուե­ցան խորհր­դա­րան, նա­խա­րա­րու­թիւն­ներ, կր­թա­կան հիմ­նարկ­ներ ու հաս­տա­տու­թիւն­ներ եւ վեր­ջա­պէս բա­նակ, եռա­գոյն դրօշ ու զի­նան­շան:
Ազա­տա­տենչ ու հայ­րե­նան­ուէր իս­կա­կան ղե­կա­վար­ներ, հե­րո­սա­բար ու նուիր­եալ շուն­չով դար­ձան օրի­նակ ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դին:
Ինչ­պէս ամէն տա­րի, ան­գամ Հա­լէ­պի պա­տե­րազ­մա­կան տա­րի­նե­րուն Հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը փա­ռա­ւոր շու­քով յի­շա­տա­կեց Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան կերտ­ման 103-ամ­եա­կը՝ հոծ բազ­մու­թեան ներ­կա­յու­թեամբ: Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Սուր­իոյ Երի­տա­սար­դա­կան Միութ­եան Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան, 28 Մա­յի­սի ժո­ղովր­դա­յին տօ­նա­կա­տա­րու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ազ­գա­յին Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի շր­ջա­փա­կին մէջ 28 Մա­յիս 2021-ին:
Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին հայ երեք հա­մայն­քա­պետ­նե­րը, ՀՀ Հա­լէ­պի գլ­խա­ւոր հիւ­պա­տոսն ու ՀՀ մար­դա­սի­րա­կան խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Սուր­իոյ խորհր­դա­րա­նի հայ երես­փո­խա­նը, հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, միու­թիւն­նե­րու եւ ազգ. իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:
Մուտ­քին հրա­ւիր­եալ­նե­րը դի­մա­ւո­րե­ցին ՀՄԸՄ-ի փո­ղե­րա­խումբն ու արի-արե­նոյշ­նե­րը:
Բաց­ման խօս­քե­րէն ետք, խումբ մը սե­մա­կան­նե­րէ բաղ­կա­ցած երգ­չա­խում­բը ժո­ղո­վուր­դին հրամ­ցուց յե­ղա­փո­խա­կան շարք մը եր­գեր, գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ տիկ. Գայ­ի­ա­նէ Սի­մոն­եան-Տէր­եա­նի, դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Կի­թառ Աւըն­եա­նի:
 Սե­մա­կան­նե­րու եւ հա­մազ­գայ­նա­կան­նե­րու կա­տա­րո­ղու­թեամբ ազ­գա­յին մե­ներգ­նե­րու շա­րան մը եւ Ժագ Յա­կոբ­եա­նի «Յաղ­թեր­գու­թիւն» քերթ­ուա­ծը գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գի­րին հիմ­նա­կան բա­ղադ­րիչ­ներն էին: Օր­ուան բա­նա­խօ­ս՝ Մար­իա Մոմճ­եան-Աղ­պապ­եա­ն, ան­կա­խու­թեան տա­րի­նե­րու պատ­մա­կան ակ­նար­կը տա­լով ներ­կա­յա­ցուց այդ տա­րի­նե­րու Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան պայ­ման­ներն ու հա­մե­մա­տա­կան­ներ ըրաւ ներ­կայ օրե­րուն հետ:
Անդ­րա­դառ­նա­լով Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու զի­ջո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ան շեշ­տեց, թէ որ­քան ալ մեծ ըլ­լան յար­ձա­կող ու­ժե­րը, յաղ­թե­լու վճ­ռա­կա­մու­թիւնը եւ նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար մի­աս­նա­կան ու­ժե­րով պայ­քա­րե­լու ու­ղին ան­պայ­ման յաղ­թա­նա­կի կ’առաջ­նոր­դեն ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին նուիր­եալ­նե­րը:
«Ազա­տու­թեան եւ ար­ժա­նա­վա­յել  ան­կա­խու­թեան հա­մար նա­հա­տակ­ուած մեր հե­րոս­նե­րուն արիւնը, սփիւռ­քի թէ հայ­րե­նի­քի մեր պայ­քա­րու­նակ ժո­ղո­վուր­դը թոյլ պի­տի չտան որ տն­տե­սա­կան շա­հե­րու խաբ­կան­քով կուլ տան մեր հայ­րե­նի­քը, իսկ ազ­գա­յին պե­տու­թիւն կեր­տե­լու ան­կա­րող ղե­կա­վար­ներ ան­դունդ գլո­րեն մեր դա­րա­ւոր ար­ժէք­ներն ու թուրք ազերի­ին գե­րին դարձ­նեն մեր եր­կիրն ու ժո­ղո­վուր­դը: Մի­աս­նա­կան ու­ժե­րով հարկ է ձա­խո­ղու­թեան մատ­նել կր­կին թշ­նամի­ին նկր­տում­նե­րը, այն­պէս ինչ­պէս մատն­ուե­ցաւ 103 տա­րի առաջ, քա­ղա­քա­կիրթ մի­ջոց­նե­րով վար առ­նել երկ­րի շա­հե­րուն պաշտ­պան կանգ­նե­լու կա­րե­լիու­թիւն եւ կա­րո­ղու­թիւն չու­նե­ցող իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը եւ ան­կախ ապ­րե­լու մեր ժո­ղո­վուր­դին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնն ու պայ­քա­րի ոգին պայ­ծառ արե­գա­կի նման շո­ղաց­նել Հա­յաս­տա­նի երկ­նա­կա­մա­րին վրայ, տի­րու­թիւն ընե­լով մեր ազ­գա­յին, պե­տա­կան եւ մարդ­կա­յին բո­լոր իրա­ւունք­նե­րուն», ըսաւ բա­նա­խօ­սը:
Ապա եզ­րա­փա­կե­լով ըսաւ. «Կը հա­ւա­տանք, որ նոր սե­րուն­դին խոս­տու­մը ան­խախ­տե­լի է՝ ակա­նա­տես ըլ­լա­լով 27 Սեպ­տեմ­բե­րին մեր կա­մա­ւո­րա­կան շար­քե­րուն, որոնք ուղղ­ուե­ցան ճա­կատ տէր կանգ­նե­լու Ար­ցա­խի ու Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան: Կը հա­ւա­տանք նա­եւ որ հայ ժո­ղո­վուր­դը ու­նի արիու­թիւնն ու իմաս­տու­թիւնը որո­նե­լու եւ գտ­նե­լու Ազատ, Ան­կախ եւ Մի­աց­եալ Հա­յաս­տա­նին առաջ­նոր­դող դժ­ուար, բայց յաղ­թա­հա­րե­լի ու­ղին»:
Այ­նու­հե­տեւ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տէր Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպ­ու­եան ըսաւ, որ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան յի­շա­տակ­ման այս օրը կը զու­գա­դի­պի յաղ­թա­նա­կած Սուր­իոյ նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թեան, յան­ձին՝ Պաշ­շար ալ Ասա­տի։ Նա­խա­գահ մը, որ տա­սը տա­րի շա­րու­նակ պա­տե­րազ­մին կուրծք տա­լէ, ամէն տե­սակ ցաւ, տան­ջանք եւ հա­լա­ծանք տես­նե­լէ ետք հպար­տու­թեան էջ մը կ’ար­ձա­նագ­րէ իր պայ­քա­րով եւ համ­բե­րան­քով։ Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մէն յաղ­թա­նա­կած դուրս գա­լը կը պար­տինք սուր­ի­ա­կան բա­նա­կին, նա­խա­գա­հին, ժո­ղո­վուր­դին, մա­նա­ւանդ հա­լէ­պա­հա­յութ­եան։ «Պա­տի՛ւ ձեզ, հա­լէ­պա­հա­յե՛ր, որ դի­մա­ցաք ու այ­սօր հա­ւաք­ուած այս ան­գամ կը տօ­նէք Սուր­իոյ յաղ­թա­նա­կը եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տութ­եան կերտ­ման 103-ամ­եա­կը։ Մեր ժո­ղո­վուր­դը վեց դա­րեր ան­հայ­րե­նիք մնա­լէ ետք, շնոր­հիւ մեր մար­տու­նակ եւ տե­սիլք ու­նե­ցող ղե­կա­վար­նե­րուն, իր հե­րոս­նե­րու բա­զու­կին ու ար­եան շնոր­հիւ եւ Դաշ­նակ­ցու­թեան վե­րա­տի­րա­ցանք մեր ան­կա­խու­թեան», ըսաւ սր­բա­զան հայ­րը։ Ապա Տէր Մա­սիս շեշ­տեց, որ ցն­ծա­լու իրա­ւունք ու­նինք, երբ հա­մա­տա­րած, ամէն տեղ, Սփիւռ­քի ողջ տա­րած­քին կը տես­նենք մա­յիս­եան խոր­հուր­դով ապ­րող երի­տա­սար­դու­թիւն, որ իր կեան­քին մէջ կեն­դա­նի կը պա­հէ այդ խոր­հուր­դը եւ բռ­նու­թեան դէմ պայ­քա­րե­լու կա­մե­ցո­ղու­թիւնը։ Եզ­րա­փա­կե­լով ըսաւ, որ այս հա­ւատքն ու այս տե­սիլ­քը գոր­ծի վե­րա­ծե­լով կր­նանք յաղ­թա­հա­րել մեր հայ­րե­նի­քին ու ազ­գին սպառ­նա­ցող վտանգ­նե­րը։
Մարմանդ Աշոտեան