Հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ Գամիշլիի Ազգային Վարժարաններու Հոգաբարձութեան, Շաբաթ, 29 Մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ. մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, ներկայութեամբ` Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, ազգային, միութենական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ աշակերտներու ծնողներուն։

Հանդիսութիւնը բաց յայտարարուեցաւ եւ հանդիսականները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին անմահ նահատակներուն յիշատակը, որմէ ետք հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մանկապարտիզպանուհի, փաստաբան Մարալ Սարգիսեան Գասապեան, որ նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա յայտնեց որ այս տարուան հանդէսին խորագիրը հայու սրտին ու հոգիին հարազատ ապրումները կ՚արտացոլացնէ։ Ան դիտել տուաւ, որ Արցախը կը մնայ մեր բոլորին ուշադրութեան կիզակէտն ու պապենական օճախը։ Առանց անոր մենք կը կորսնցնենք մեր լինելութեան ու գոյութեան իմաստը։ Ապա շեշտեց. «Յարատեւ ու արդար պայքար մղելով դաւադրութեամբ գրաւուած հողը պիտի ազատագրենք ու կրկին շենցնենք մեր սուրբ Արցախը»։
Այնուհետեւ յաջորդաբար բեմ բարձրացան մանկապարտէզի փոքրիկները՝ ներկայացնելով հայկական պարեր, խմբային երգեր, արտասանութիւններ եւ Արցախի նուիրուած թատերական ներկայացում մը՝ տպաւորիչ ապրումներով ներշնչելով ներկաները, խլելով գնահատանքի ծափողջոյններ։ Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում։
Փակման իր պատգամը ուղղեց Հոգեշնորհ Հայր սուրբը։ Ան նախ գնահատեց մանկապարտէզի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, որոնց տքնաջան աշխատանքով յաջող աւարտ ունեցաւ 2020-2021 տարեշրջանը, ապա շնորհաւորեց ծնողներն
ու փոքրիկները վկայականին առիթով, շրջանաւարտներուն մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ յառաջիկայ ուսումնական իրենց ընթացքին մէջ։ Անդրադառնալով հայ դպրոցի վսեմ առաքելութեան, ան ըսաւ. «Գիտակից ոչ մէկ հայ կրնայ ուրանալ հայ դպրոցի անզուգական դերն ու կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքին մէջ։ Հայ դպրոցը կոչուած է մարդակերտութեան եւ հայակերտութեան վսեմ գործին։ Սփիւռքի տարածքին հայ մանուկը իր ամէնօրեայ ստացած սնունդին կողքին պէտք ունի հայ դպրոցի ոգեղէն սնունդին՝ իր ազգային դիմագիծը վառ պահելու համար»։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ«Պահպանիչ» աղօթքով։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն