«Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Փութին եւ Եւրոխորհուրդի ղեկավար Շառլ Միշէլ քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցը՝ ընդգծելով Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու ընդունած յայտարարութիւններու իրականացման հետեւողականութիւնը: Քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած ներկայիս իրավիճակը՝ նկատի առնելով Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու 9 Նոյեմբեր 2020-ին եւ 11 Յունուար 2021-ին կատարուած յայտարարութիւններու հետեւողական իրականացումը: Առաջնային հարցերէն է տարածաշրջանի տնտեսական եւ երթեւեկութեան կապերու ապաշրջափակումը, բնակչութեան մարդասիրական հարցերու լուծումը: Շառլ Միշէլ զորակցութիւն յայտնած է կատարուող աշխատանքներուն, որոնք իրագործուած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի (Ռուսիա, ԱՄՆ, Ֆրանսա) համանախագահներուն միջոցով», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: