«Ազատութիւն».- Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը (ԱԻՊԾ) յայտնած է, որ 8 Յունիսին իրականացուած որոնողական աշխատանքներու ընթացքին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Ֆիզուլիի շրջանէն յայտնաբերուած եւ տարհանուած է  3 նահատակի աճիւն եւս:

Համաձայն հաղորդագրութեան, նախնական տուեալներով անոնք ռազմագործողութիւններու մասնակիցներ են, որոնց ինքնութիւնը պարզ կը դառնայ դատաբժշկական փորձաքննութինէն վերջ:

13 Նոյեմբեր 2020-էն մինչ օրս` Արցախի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող տարածքներէն յայտնաբերուած է 1563 աճիւն: