ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 8 Յունիսին, 2022 տարուան համար ԱՄՆ արտաքին օժանդակութեան պիւտճէի նախագիծի լսումներու ընթացքին ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամները եւ հայկական հարցերով հետաքրքրուած ծերակուտականները, յատկապէս յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտես, Պարպարա Լին, Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Պրետ Շերման ԱՄՆ Պետքարտուղար Էնտօնի Պլինքընին հարցեր ուղղած են` Սպիտակ տան վարչակազմի կողմէն «907-րդ բանաձեւի» կատարումէն հրաժարելու, Ատրպէյճանին օժանդակութիւն տրամադրելու եւ հայ ռազմագերիներու հարցերուն մասին: Արծարծուած են նաեւ Թուրքիոյ` հարեւան բոլոր տարածաշրջաններն ապակայունացնող քաղաքականութեան եւ այդ երկրի մէջ մարդու իրաւունքներու համատարած խախտումներուն, մասնաւորապէս լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու ձերբակալութիւններու հարցերը: Մենենտես հետաքրքրուած է, թէ ինչ կ’ընէ Ուաշինկթըն` «Էրտողանական Թուրքիոյ հակազդելու համար»: Լսումներու ընթացքին յանձնաժողովի նախագահ, ծերակուտական Մենենտես ըսած է, որ ինք հիասթափուած է վարչակազմի կողմէն «907-րդ բանաձեւի» պահանջներու հրաժարումէն, երբ Ատրպէյճանը յարձակեցաւ Արցախի վրայ: Մենենտես նկատած է, որ Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժելու եւ գերիները անօրինաբար պահելու ետնապատկերին վրայ, վարչակազմի կողմէն «907-րդ բանաձեւէն» հրաժարումը, Պաքուն կրնայ դիտել, որպէս «կանաչ լոյս` անպատիժ գործելու համար»: «907-րդ բանաձեւի» պահանջներէն հրաժարելու եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան խախտման հարցերը բարձրացուցին նաեւ Պրետ Շերմանն ու Պարպարա Լին, վերջինս հարցը պետքարտուղարի հետ պիտի քննարկէ գրաւոր ընթացակարգով: Ի պատասխան հնչած դիտարկումներուն` պետքարտուղար Պլինքըն յայտնած է, թէ բարձրացուած հարցերը պէտք է ըլլան պետքարտուղարութեան ուշադրութեան տակ եւ ինք անձամբ աշխատած է գերիներու վերադարձի եւ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած գործնական բանակցութիւններու ուղղութեամբ եւ քիչ մը յառաջընթաց տեսնելու յոյս ունի: Թուրքիոյ մասին վեր առնուած հարցերուն ի պատասխան` Պլինքըն նկատած է, որ պետքարտուղարութիւնը կը բաժնեկցի արծարծուած մտահոգութիւնները եւ Թուրքիոյ ուղղակիօրէն ներգրաւուած են անոնց շուրջ քննարկումներուն մէջ: Մեկնաբանելով լսումները` Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յայտնած է «Մենք կը միանանք մեր քոնկրէսական բարեկամներուն` պահանջելով անյապաղօրէն դադրեցնելու ԱՄՆ-ի ռազմական եւ որեւէ տեսակի օգնութիւնը Ատրպէյճանին: ԱՄՆ հարկատուներէն ոչ մէկ տոլար պէտք չէ փոխանցուի Ալիեւի քարիւղով հարուստ, ցեղապաշտական եւ բռնատիրական վարչակարգին»: