«Հրապարակ» թերթը կը գրէ,Արտաքին գործերի նախարարութիւնն ամբողջութեամբ դուրս  եկած է Նիկոլ Փաշինեանի վերահսկողութենէն եւ միասնական է իր դիրքորոշման մէջ: Օրերս գերատեսչութեան անունով կոշտ յայտարարութիւն  պատրաստած են` մօտաւորապէս նախկին նախարար Արա Այվազեանի հրաժեշտի ելոյթի ոգիով, որ պետութիւնը ծանրագոյն վիճակի մէջ է, պետականութեան կորուստի վտանգ կայ, եւ այս պարագային  կարելի չէ  ոչ մէկ նոր փաստաթուղթ ստորագրել: նաբանը նոյնիսկ պատրաստած են, որ կոչ  պիտի ըլլայ` ուղղուած վարչապետի ԺՊ-ին, եւ Երեքշաբթի երեկոյեան պէտք է  հրապարակէին, ու այդ օր միաժամանակ 3 փոխնախարար հրաժարականի դիմումներ ներկայացուցինն, սակայն անյայտ պատճառներով գործընթացը կեցած է:

ԱԳՆ մեր աղբիւրներուն փոխանցումով, արտաքին ոլորտի պատասխանատուները չեն ուզեր նոր ցնցումներ յառաջացնել երկրին մէջ: Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան  խելօքնալու հրահանգ տուած է ԱԳՆ աշխատակիցներուն: Լուրեր տարածուեցան, որ հրաժարականի դիմում  ներկայացուցած է նաեւ վերջին փոխնախարարը` Արմէն Ղեւոնդեան, որ ԱԳ նախարարի պարտականութիւնները այժմ կը կատարէ: Սակայն անոր դիմումը արձակուրդի մէջ գտնուող վարչապետի պարտականութիւնները կատարող Աւինեան չէ ստորագրած, որովհետեւ նախարարութիւնը չի կրնար մնալ առանց ղեկավարի:

Բայց թերթի աղբիւրները ըսած են, որ Ղեւոնդեան, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութենէն եկած է ԱԳ համակարգ, «խաղերու» մէջ է իշխանութիւններու հետ, եւ հրաժեշտի դիմումը ձեւական  գրուած է, որպէսզի աշխատակազմի մէջ չ’ըսեն` դաւաճան է, սակայն անոր հետ համաձայնուած է դիմումը չմակագրել, եւ ինք կեցուցած է յայտարարութեան տարածումը»,գրած է թերթը: