«Հայաստան» դաշինքի նախընտրական քարոզարշաւի չորրորդ օրը (10 Յանիսին) անցած է Արագածոտնի մարզ: Դաշինքի առաջնորդներն ու անդամները հանդիպումներ ունեցած են  Թալինի, Ծաղկահովիտի, Ալագեազի, Ապարանի ու Աշտարակի մէջ:

Հանդիպումներու ընթացքին դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան անդրադարձած է գերիներու վերադարձին, երկրի արտաքին քաղաքականութեան, Շուշիի կարելի յանձնումին վերաբերող հարցերուն: Արագածոտնի մարզի բնակիչներուն կ’անհանգստացնէր նաեւ աշխատատեղերու ստեղծման հարցը, ոռոգման ջուրի հարցը:

Օրը իր աւարտին հասաւ  Աշտարակի կեդրոնական հրապարակին մէջ հրաւիրուած բազմամարդ հանրահաւաքով, ուր ելոյթ ունեցան դաշինքի առաջնորդներն ու անդամները:

«Օգնեցէք ինծի եւ մեր քաղաքական խումբին ստանձնելու այս պատասխանատուութիւնը, եւ մենք կ’ապացուցենք, որ ի վիճակի ենք կրկնելու մեր յաջողութիւնները: Եւ ոչ մէկը մտածէ, որ հանգիստ պիտի ձգենք ձեզի` պիտի աշխատացինք գիշեր-ցերեկ: Մենք ալ քիչ մը ձեզմէ շատ պիտի աշխատինք»,  հանրահաւաքին յայտարարեց Ռոպերթ Քոչարեան:

Հանրապետութեան 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան խօսած է նաեւ դաշինքը կազմած քաղաքական ուժերու մասին: «Մենք իշխանութեան պիտի երթանք Դաշնակցութեան հետ, որ ունի նուիրում եւ մարդկային կարողականութիւն», յայտնած է Քոչարեան: