«Հայրենիք»3-էն 6 Յունիս , ՀՅԴ Արեւելեան ԱՄՆի 122-րդ Շրջանային Ժողովը տեղի ունեցաւ «Քէմփ Հայաստան»-ի մէջ, մասնակցութեամբ շրջաններու ներկայացուցիչներուն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին եւ հրաւիրուած ընկերներու։ Մանրամասնօրէն քննելէ ետք, օրակարգի վրայ տեղադրուած հարցերը, ժողովը ձեւաւորեց ու որդեգրեց յառաջիկայ երկու տարիներու ռազմավարական ուղղութիւնը:

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէութեան 122րդ Շրջանային Ժողովը նախորդ երկամեակի իրադարձութիւններու լոյսին տակ եւ յառաջիկայ աշխատանքներուն իբրեւ ուղեցոյց կընդգծէ.

– Պիտի շարունակենք ամերիկահայութեան ազգային կեանքին մէջ ունեցած ազդու աշխատանքը եւ գաղութի հայեցի դիմագիծի պահպանման ու կազմակերպման գործին մէջ անփոխարինելի մեր դերակատարութիւնը:

– Տասնամեակներու վրայ երկարող Հայ Դատի աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակուտականին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Ցեղասպանութիւն բառին օգտագործումը ոչ միայն չեն կասեցներ մեր ընթացքը, այլ նոր էջ կը բանան հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերման համար մղած պահանջատիրական մեր պայքարի ճամբուն վրայ:

– Կը վերահաստատենք ընդհանրապէս հայրենի ժողովուրդին եւ մասնաւորապէս արցախահայութեան կողքին կենալու մեր յանձնառութիւնը: Հայութեան կրած աղէտալի կորուստներէն ետք՝ պարտաւոր ենք մեր բոլոր հնարաւորութիւնները ի սպաս դնել հայրենի ժողովուրդին մօտ ապագային հանդէպ յոյսի ու հաւատի վերականգնման գործին:

– Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներէն կը պահանջենք, պաշտպանել իրենց իսկ կողմէ ընդունուած Արցախահայութեան ինքնորոշման եւ պատմական հայրենի հողին վրայ ազատ արարելու իրաւունքը, իբրեւ Արցախեան հարցը կարգաւորելու սկզբունք:

– Ներհայաստանեան գետնի վրայ, անվերապահ մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք ՀՅԴ Հայաստանի մեր կառոյցի բոլոր այն կեցուածքներուն, բողոքի ու անհնազանդութեան ցոյցերէն, մինչեւ «Հայաստան» Դաշինքի ձեւաւորում, որոնք կը միտին Հայաստանի ու հայութեան այս աղէտին պատճառ հանդիսացած իշխանութեան հեռացման: Ուստի, կոչ կ՚ուղղենք հայրենի մեր ժողովուրդին, որ «Հայաստան» Դաշինքին շուրջ համախմբուելով` հեռացնէ այս հայրենակործան իշխանութիւնը:

Ժողովը իր աշխատանքները եզրափակեց շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ընտրութեամբ, որ կը բաղկանայ հետեւեալ 9 ընկերներէ.

Ճորճ Աղճայեան (Ներկայացուցիչ – Ուստըր)
Վալոտ Աթախանեան (Նիւ Եորք)
Սեպուհ Հացագործեան (Տիթրոյթ)
Փօլ Հարոյեան (Փրովիտընս)
Սթիւ Մեսրոպեան (Փրովիտընս)
Խաժակ Մկրտիչեան (Պոսթըն)
Ճան Մկրտիչեան (Փրովիտընս)
Սեւակ Շիրոզեան (Ֆիլատելֆիա)
Անի Չաղլասեան (Նիւ Ճըրզի)