Յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Համերաշխութիւն» կուսակցութիւնը պիտի սատարէ «Հայաստան» դաշինքը:

Կուսակցութիւնը նման որոշումի հասած է իր համակիրներու, քաղաքացիներու հետ շարք մը հանդիպումներէն վերջ:

Կուսակցութեան նախագահը յայտնած է, որ Հայաստանին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները լուծելու եւ ապագայի մասին իրենց մօտեցումները լիովին կը համընկնին «Հայաստան» դաշինքի մօտեցումներուն հետ:

Ան կոչ ուղղած է իրենց ուժի համակիրներուն յառաջիկայ ընտրութիւններուն քուարկելու «Հայաստան» դաշինքին։