“Երկիր Մետիա”._ 12 Յունիսին Ստեփանաւանցիներու հետ հանդիպումի ընթացքին Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց, որ
Ստեփանաւանի մէջ մեծ ծաւալով աշխատանքներ կատարուած են, եւ ան չի պատկերացներ, թէ ինչպէս կարելի է երթալ տեղ մը եւ խօսիլ ընտրութիւններուն, ձայներուն, մարդոց վստահութեան մասին` առանց իրագործելու: Սա լկտիութեան նման բան մըն է. “Ոչինչ կ’ըսեմ, բայց կ’երթաս կ’ըսես՝ դուք ինծի պարտական էք, որովհետեւ ես եմ: Ինչու՞ համար: Մենք երբ կ’ըսենք, որ բան մը պիտի ընենք, կ’ընենք: Եւ մենք ապացուցած ենք”։
Ան յայտնեց, որ մարդիկ դաշինքին պիտի քուէարկեն թռիչքաձեւ տնտեսական աճ, անվտանգ երկիր ու սահմաններ ունենալու համար:

«Եթե դուն կ’ուզես յաջողութիւններ ունենալ, ներդրումներ ունենալ, աշխատատեղեր ստեղծել, մարդոց տրամադրութիւնը պէտք է փոխես: Մինչեւ տրամադրութիւնը չփոխուի, ոչինչ պիտի ըլլայ: Որովհետեւ մենք գիտենք, որ պիտի ստանձնենք
իշխանութիւնը, տրամադրութիւնը սկսած ենք փոխելու արդէն», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան: