Կիրակի, 13 Յունիս 2021-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մտադրութիւն յայտնած է ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի հետ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ այլ կարեւոր հարցերու շուրջ խորհրդակցելու։ Փութին անհրաժեշտ համարած է Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ գործակցութիւնը՝ համաշխարհային կարգ մը կարեւոր հարցերու շուրջ։ Ան հաստատած է, որ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային ապահովութեան սպառնացող հարցերը յառաջիկայ 16 Յունիս 2021-ին, Ժենեւի մէջ Փիւթինի եւ Պայտընի միջեւ տեղի ունենալիք ժողովին օրակարգը պիտի ըլլան։ Այս հանդիպումը Պայտընի ԱՄՆ-ի նախագահ նշանակուելէն ետք առաջինը պիտի ըլլայ Փութինի հետ։