Երկուշաբթի, 14 Յունիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ներկայիս Սուրիոյ մէջ փոքրիկներու արեան ցողունային բջիջներու փոխպատուաստման կեդրոնի վերջին պատրաստութիւնները տեղի կ՚ունենան։ Ինչպէս նախապէս յիշած էինք, կեդրոնը յատկացուած է արեան քաղցկեղ, արեան ժառանգական հիւանդութիւններ եւ տկար դիմադրողականութիւն ունեցող փոքրիկներուն համար եւ օժտուած է բժշկական արդիական սարքաւորումներով։ Ստորեւ՝ կեդրոնէն պատկերներ։