Երեքշաբթի, 15 Յունիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Համայի Ապի ալ Ֆիտա աւանին հեռաձայնային հաղորդակցութեան կեդրոնէն ներս հրդեհ բռնկեցաւ, որուն հետեւանքով Սուրիոյ մէջ համացանցային կապը խզուեցաւ։ Համայի հեռաձայնային հաղորդակցութեան բաժինի տնօրէն երկրչփ. Մունիր Ասֆար ՍԱՆԱ-ի թղթակիցին յայտնեց, որ մասնագէտներու խմբակ մը անմիջապէս ուղղուեցաւ կեդրոն եւ սկսաւ վերանորոգման աշխատանքներուն։ Ան աւելցուց, որ այլընտրանքային միջոցներ պիտի որդեգրուին, որպէսզի ամենամօտ ժամանակամիջոցին համացանցի ծառայութիւնը վերականգնի, մինչեւ կեդրոնին ամբողջական վերանորոգումը, որը պիտի ամբողջանայ յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին։ Ասֆար յայտնեց, որ Դամասկոսէն արհեստագիտական խմբակ մը Համա ժամանեց, որպէսզի վերանորոգման կարիքները ճշդէ։