14 Յունիսին, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդները բազմամարդ հանրահաւաք կատարեցին Երեւանի Շէնգաւիթ վարչական շրջանին մէջ: Ողջունելով հաւաքուողները «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտնեց, որ չափազանց մեծ պատասխանատուութեան տակ կը մտնեն: «Հայաստան ըսելով կը հասկնանք ամուր ոտքերու վրայ կանգնած, ժողովրդավարական, ուժեղ, մարտունակ բանակ, հզօր տնտեսութիւն ունեցող երկիր, որով կը հպարտանանք իւրաքանչիւրս: Սիրելի՛ ժողովուրդ, ես միշտ գործի մարդ եղած եմ, սակայն այնպիսի իրավիճակ ստեղծուած է, որ նաեւ խօսող մարդ պէտք է դառնալ, որովհետեւ ժամանակակից աշխարհի մէջ խօսքի ուժը հզօր է: Այդ խօսքը պէտք է հասցնենք իւրաքանչիւր քաղաքացիի: Փոխանցեցէ՛ք բոլորին, որ Հայաստան դաշինքը պիտի գայ ուժեղ Հայաստան կառուցելու համար», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան: Անոր խօսքին համաձայն, «Հայաստան» դաշինքը պիտի գայ թռիչքաձեւ տնտեսական աճ ապահովելու, մարդոց կեանքին որակը բարելաւելու համար: Ռոպերթ Քոչարեան կոչ ուղղեց հաւաքուողներուն աշխուժօրէն մասնակցելու ընտրութիւններուն՝ իրենց ձայնը տալով ուժեղ Հայաստանին: ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ եւ «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց. “Բոլորդ քաջ գիտէք, որ մեր երկիրը ճգնաժամի մեջ է։ Ի՞նչ անհրաժեշտ է այսօր Հայաստանին․ ազգային իշխանութիւն, որ պէտք է ունենայ ազգային գաղափարախօսութիւն եւ հիմք դնէ ազգային պետութեան։ Այսօր Հայաստանին անհրաժեշտ է իշխանութիւն, որ տէր պիտի կանգնի իր քաղաքացիին, գիւղացիին, երկրի սահմաններուն, համահայկական ժողովուրդին։ Այսօր Հայաստանին պէտք է իշխանութիւն, որ ոչ թէ ամէն ինչ ժողովուրդին կամքին հակառակ ընէ, այլ՝ իր ժողովուրդին օգտակար ըլլալու համար” ։ Ան դիտել տուաւ , որ Հայաստանին այսօր պէտք է իշխանութիւն, որ կը մտածէ իր հասարակութեան կրթութեան, առողջութեան մասին եւ երկրի մէջ կը հաստատէ ընկերային արդարութիւն։ Իշխող կուսակցութիւնը քաղաքական հոգեվարքի մէջ է, փաստ է. իր ելոյթին մէջ ըսաւ «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ, Սիւնիքի նախկին մարզպետ Վահէ Յակոբեան։ «Այնքան պառակտեցին ազգը, որ պառակտումը մտաւ իրենց խումբկն մէջ ու հիմա իրենց անդամներէն շատեր արդէն համակերպած են պարտութեան հետ եւ չեն ուզեր բաժնեկցիլ իրենց առաջնորդին ո՛չ պատասխանատուութիւնը, ո՛չ ալ ճակատագիրը», ըսաւ ան։ Վահէ Յակոբեան յայտնեց, որ վաղը Նիկոլ Փաշինեան կ’երթայ Սիւնիք և միայն Երեւանէն 1400 ոստիկան պիտի տանի։ «Այդ ո՞ւր կը տանի այդ ոստիկանները, Սեւ լի՞ճ», ըսաւ ան։ Վահէ Յակոբեան յայտնեց, որ իրենք կու գան, որ բոլորը ճանչնան ամէն տեղ իր կատարած գործերով։ «Մենք կու գանք, որ միացնենք ազգը, մենք յոգնած են թշնամանքէն, սուտէն, մենք պիտի բերենք հանգստութիւն մեր ազգին եւ իրարու հետ շատ դժուար ճամբայ պիտի անցնենք», ըսաւ ան եւ հարց տուաւ, որ եթէ ոչ իրենք, հապա ով։ «Ամսուն քսանին համար 24, բոլորս մէկ մարդու պէս դէպի ուժեղ Հայաստան», ըսաւ ան։