“Արմէնփրէս”._ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Իւրի Ուշաքով լրագրողներուն պատմած է Ռուսիոյ նախագահ Փութինի եւ ԱՄՆ նախագահ Պայտընի գագաթնաժողովի օրակարգին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ 16 Յունիսին Ժնեւի՝ «La Grange» վիլլային մէջ: 14 Յունիսին տեղի ունեցած է Ուշաքովի զրոյցը Ռուսիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Սալիվանի հետ, որուն ընթացքին հաստատուած են երկու նախագահներու հանդիպումին ձեւաչափին եւ օրակարգին առնչուող բոլոր համաձայնութիւնները: Ուշաքով յայտնած է, որ, ի թիւս այլ հարցերու, նախագահները պիտի քննարկեն տարածաշրջանային հարցեր, որոնց մէջ են Լեռնային Ղարաբաղը, Միջին Արեւելքը, Սուրիան, Լիպիան, իրանական միջուկային ծրագիրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, Աֆղանիստանի եւ Քորէական թերակղզիի իրավիճակի կարգաւորումը, Ուքրանիան եւ Պելառուսը: