Երեքշաբթի, 15 Յունիս 2021-ին, Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց իսլամական ազգային խորհրդաժողովը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ կ՚ընդգրկէ կուսակցապետներ, երեսփոխաններ եւ արաբական, իսլամական կարգ մը երկիրներէ քաղաքական գործիչներ։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան արաբական ազգային գաղափարախօսութեան մասին, շեշտելով, որ վերջերս Կազզայի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի ժողովուրդին շարունակուող պայքարը, յաղթանակը եւ արաբ ժողովուրդին կեցուածքը փաստեց, որ հակառակ արաբական տարածաշրջանին դէմ հիւսուած բոլոր դաւադրական ծրագիրներուն, արաբ ժողովուրդը կը մնայ կառչած իր ազգայնականութեան եւ պատկանելիութեան։ Իրենց կարգին, պատուիրակութեան անդամները շեշտեցին, որ Սուրիոյ ժողովուրդը պատերազմի երկարատեւ տարիներուն ընթացքին կայուն մնալով եւ պայքարելով ազգայնականութեան բարձրագոյն արժէքը դրսեւորեց։ Անոնք հաստատեցին, որ Սուրիան իր ազգային կեցուածքներուն եւ տարածաշրջանը քայքայելու միտող դաւադրական ծրագիրներուն դիմադրելուն տուրքը վճառեց։ Ապա շեշտեցին, որ արաբական եւ իսլամական բոլոր պետութիւնները եւ ժողովուրդները պարտական են Սուրիոյ, ուստի պէտք է նեցուկ կանգնին անոր, որովհետեւ Սուրիոյ պաշտպան հանդիսանալը կը նշանակէ ազգայնութեան եւ արաբականութեան ճակատագիրին պաշտպան հանդիսանալ։ Անոնք դիտել տուին, որ Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ ձեռքբերուած յաղթանակները չէին իրականանար առանց Սուրիոյ ժողովուրդին տարիներու պայքարին։ Աւարտին անոնք շնորհաւորեցին նախագահ Ասատը Սուրիոյ նախագահը վերընտրուելուն առիթով, յայտնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը ողջ աշխարհին փաստեց, որ ահաբեկչական եւ տնտեսական պատերազմները չյաջողեցան Սուրիոյ ազատ կամքն ու անկախ որոշումը չեղարկել։