ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Հա­մաշ­խար­հա­յին եւ Աս­իոյ ֆութ­պո­լի զտ­ման մր­ցում­նե­րուն, Սուր­իոյ ֆութ­պո­լի հա­ւա­քա­կա­նը 4-0 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նեց Ղուա­մը: Մր­ցու­մին կո­լե­րը նշա­նա­կե­ցին Մար­տիկ Մար­տիկ­եան՝ եր­կու կոլ եւ Մահ­մուտ Մաուաս մէկ կոլ:
– Հա­մաշ­խար­հա­յին եւ Աս­իոյ պաս­քե­թի ախոյ­եա­նու­թեան զտ­ման մր­ցում­նե­րուն, Յոր­դա­նա­նի մէջ Սուր­իոյ հա­ւա­քա­կա­նը 79-77 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատն­ուե­ցաւ Սէ­ու­տա­կան Արաբ­իոյ հա­ւա­քա­կա­նէն: Հան­դի­պու­մին հիմ­նա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը  69-69 հա­ւա­սար աւար­տե­լէ ետք, խում­բե­րը դի­մե­ցին յա­ւել­եալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի խա­ղար­կու­թեան:
– Սուր­իոյ ֆութ­պո­լի հա­ւա­քա­կա­նի նախ­կին խա­ղա­ցող Ֆի­րաս ալ Խա­թիպ Հոմ­սի Քա­րա­մէ խում­բի մար­զիչ նշա­նակ­ուե­ցաւ: Ան յա­ռա­ջի­կայ օրե­րուն պի­տի որո­շէ իր օգ­նա­կան կազ­մը:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ԵՒՐՕ 2020-Ի ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ
ՄԵԿՆԱՐԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԵՑԱՒ
Իտալ­իոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ եւ­րօ 2020-ի ֆութ­պո­լի մր­ցում­նե­րու բաց­ման արա­րո­ղու­թիւնը, որ­մէ ետք կա­տար­ուե­ցաւ առա­ջին հան­դի­պու­մը Իտալ­իոյ եւ Թուրք­իոյ հա­ւա­քա­կան­նե­րուն մի­ջեւ: Թէ­եւ հան­դի­պու­մի իրա­ւա­րա­րի սու­լիչ­նե­րը ար­դա­րօ­րէն չէ­ին հն­չեր Իտալ­իոյ կազ­մին հա­մար, եւ զինք զր­կե­ցին չորս ար­դար տու­գա­նա­յին հար­ուած­նե­րէ, սա­կայն երկ­րորդ կի­սա­խա­ղին իտալացիները յա­ջո­ղե­ցան երեք ան­գամ ցն­ցել թուր­քե­րուն դար­պա­սը եւ հան­դի­պու­մը աւար­տել 3-0 յաղ­թա­նա­կով: Նոյն ար­դիւն­քով Ռուս­իոյ հա­ւա­քա­կա­նը զի­ջե­ցաւ Պել­ճի­քա­յին, իսկ  Ուէլզ Զուի­ցեր­իոյ հան­դի­պու­մը աւար­տե­ցաւ 1-1 հա­ւա­սար ար­դիւն­քով: Անգլ­իոյ հա­ւա­քա­կա­նը 1-0 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նեց Խր­ուաթ­ի­ան, իսկ Աւստրիան 3-1 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նեց Մա­կե­դոն­ի­ան: Կի­րա­կի օր­ուան վեր­ջին մր­ցու­մին Հո­լան­տան 3-2 ար­դիւն­քով յաղ­թեց Ուք­րան­իա­յին:
ՔՐԻՍՏ­ԵԱՆ ԷՐԻՔ­ՍԸՆ ՄԱ­ՀԷ ՓՐԿ­ՈՒԵ­ՑԱՒ
Շա­բաթ երե­կոյ­եան Դան­իա -Ֆին­լան­տա մր­ցու­մի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ վտան­գա­ւոր դէպք մը: Առա­ջին կի­սա­խա­ղի վեր­ջին վայրկ­եան­նե­րուն, Դան­իոյ հա­ւա­քա­կա­նի կի­սա­պաշտ­պան խա­ղա­ցող Քրիստ­եան Էրիք­սըն անս­պա­սելի­օ­րէն գե­տին ին­կաւ եւ կորսն­ցուց  իր գի­տակ­ցու­թիւնը: Բժիշկ­նե­րը նախ խա­ղա­դաշ­տին մէջ  եր­կար ժա­մա­նակ սր­տի նախ­նա­կան դար­մա­նում­նե­րը կա­տա­րե­ցին եւ վե­րաշ­խու­ժա­ցու­ցին անոր սր­տի զար­կը, որ­մէ ետք դան­ի­ա­ցի ֆութ­պո­լիստ­նե­րը իրենց խա­ղըն­կե­րը տե­ղա­փո­խե­ցին  հան­դեր­ձա­րան, ապա ան հիւան­դա­նոց տե­ղա­փոխ­ուե­ցաւ:
ՓԵ­ՐԷԶ ՌԱ­ՄՈ­ՍԻ ՀԵՏ  ՓԱԿ ՀԱՆ­ԴԻ­ՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒ­ՆԵ­ՑԱՒ
Սպան­իոյ մայ­րա­քա­ղա­քի Ռէ­ալ Մատ­րի­տի նա­խա­գահ Ֆլո­րեն­թի­նօ Փե­րէզ Կի­րա­կի օր փակ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ խում­բի խմ­բա­պետ Սերժիօ Ռա­մո­սի հետ, ուր խօս­ուե­ցաւ սպա­նա­ցի մար­զի­կին նոր պայ­մա­նագ­րու­թիւն մը ստո­րագ­րե­լուն հար­ցը: Ըստ սպա­նա­կան թեր­թե­րուն, Փե­րէզ առա­ջար­կած է մէկ տար­ուան պայ­մա­նագ­րու­թիւն, 10% տո­կո­սով նուա­զեց­նե­լով խա­ղա­ցո­ղին տա­րե­կան վարձ­քը. Ռա­մոս մեր­ժած է այս առա­ջար­կը:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ