«Թերթ».-Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ 14 հայ ռազմագերիներու դէմ քրէական գործով հերթական դատավարութեան ընթացքին ընթերցուած է մեղադրական եզրակացութիւնը:
Գեղամ Սամուէլի Սերոբեան, Հրաչ Արզումանի Աւագեան, Արմէն Եղիազարի Պաղասեան, Գոռ Վահրամի Գասպարեան, Կամօ Կարէնի Սեֆիլեան, Վոլոտիա Վաչագանի Յակոբեան, Գէորգ Նորայրի Ասերտեան, Սիսակ Գրիշայի Ենգոյեան, Ալբերտ Քոմիի Պետրոսեան, Ռոմիկ Միսակի Սեդրակեան, Արամ Գառնիկի Մինոսեան, Մկրտիչ Սիմոնի Մինոսեան, Էտկար Վաչագանի Մաթեսեան, Իւրի Տիգրանի Կարապետեան մեղադրուած են «յարձակողական» եւ «ահաբեկչութեան» համար:
Ըստ մեղադրական եզրակացութեան, «Հայաստանի խումբ մը քաղաքացիներ ապօրինի կերպով զէնք ու զինամթերք ձեռք բերած են եւ ստեղծած են օրէնքով չնախատեսուած զինեալ կազմաւորումներ, որոնց անդամները 26-27 Նոյեմբեր 2020-ին խախտած են Ատրպէյճանի պետական սահմանը եւ մարտական դիրքեր գրաւած են Մարտունիի շրջանի Հադրութ գիւղի հիւսիսարեւմտեան մասին մէջ գտնուող անտառային գօտիին մէջ, մինչեւ 13 Դեկտեմբեր 2020 անոնք կատարած են զինեալ յարձակումներ երկրին մէջ տեղակայուած ձեռնարկութիւններու եւ հաստատութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ ֆիզիքական աներու վրայ:
Անոնց մեղադրանք առաջադրուած է 214 (ահաբեկչութիւն), 228 (զէնքի եւ պայթուցիկ նիւթերու ապօրինի ձեռքբերում, պահում), 279 (անօրինական զինուած խմբաւորումներու ստեղծում), 318 (պետական սահմանի ապօրինի հատում) յօդուածներով:
Դատաւոր Աֆղան Հաճիեւ յայտարարած է, որ եթէ մեղադրանքը հաստատուի դատավարութեան ընթացքին, ամբաստանեալները կրնան դատապարտուիլ 14-էն 20 տարի ժամկէտով կամ ցմահ բանտարկումի: