«Էրմէնիհապեր».-Թրքական ազգայնամոլական «Yeni çağ gazetesi» թերթի կայքին մէջ «Հայաստանը առանց Թուրքիոյ չի կրնար զարգանալ» վերնագիրով յօդուած հրապարակուած է: Հեղինակ Արսլան Թեքին իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի մէջ կատարուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի յաղթանակին: Թուրք վերլուծաբանի դիտարկումով` Փաշինեանի յաղթանակը կը նշանակէ, որ հայ ժողովուրդը պատերազմ չ’ուզեր եւ կ’ընդունի այն հանգամանքը, որ »Ատրպէյճան վերադարձուցած է իր հողերը»: Թեքին նախ յիշեցուցած է Փաշինեանի այն արտայայտութիւնը, որ «Թշնամութիւնը պէտք է կառավարելի դարձնել», ապա աւելցուցած է, որ անցեալի մէջ եղած տառապանքները եղած են երկուստէք ու անոնք պատմութեան մէջ պէտք է մնան որպէս միջանկեալ ժամանակաշրջան: Յօդուածի հեղինակը կը կարծէ, որ ամէն անգամ ետեւ երթալով` նոր վէրքեր կը բացուին, իսկ ժողովուրդը անվերջանալի լարուածութեան կը մատնուի: Թեքինը համոզուած է, որ թշնամութիւնը կառավարելի դարձնելու մասին Փաշինեանի արտայայտութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան բաց դուռ ձգել Թուրքիոյ համար: «Նոր իշխանութիւնը պիտի քննարկէ բոլոր զարգացումները եւ մշակէ ճանապարհային քարտէզ` տեսանելի ուղղութեամբ: Նախ եւ առաջ իր ուղղութիւնը պէտք է փոխէ դէպի Անգարա: Թուրքիան պատրաստ է տարբեր դռներ բանալու, միայն թէ հայերը իրենք զիրենք ազատագրեն Սփիւռքի բռնակալութենէն եւ առողջ դատեն», եզրափակած է թուրք վերլուծաբանը, փորձելով սեպ խրել Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ: