Երկուշաբթի, 28 Յունիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաստատեց, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի ուղղութեամբ ԱՄՆ-ի մղած օդային յարձակումը կը նպատակադրէ տարածաշրջանին մէջ քաոսային իրավիճակ ստեղծել։ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբեր Սաիտ Խաթիպ Զատահ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ. «Նախընտրելի է, որ ԱՄՆ-ի վարչակազմը դադրեցնէ իր այս թշնամական կեցուածքը տարածաշրջանին դէմ եւ չմիջամտէ երկիրներու ներքին հարցերուն մէջ»։ Այս առիթով ան կոչ ուղղեց ԱՄՆ-ի նոր վարչակազմին իր այս վատ ընթացքը բարեփոխելու եւ տարածաշրջանի երկիրներուն դէմ իրարայաջորդ յարձակումները անմիջապէս դադրեցնելու։