ՀՄԸՄ-ի միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին տո­ղանցք­նե­րը նշա­նա­կա­լից դեր ու­նե­ցած են միու­թեան ծա­ւա­լուն գոր­ծու­նէ­ու­թեան մէջ ու երկ­րի տար­բեր նա­հանգ­նե­րու հա­յու­թիւնը կամր­ջող ազ­դակ­ներ հան­դի­սա­ցած են։ 1927-ին քա­նի մը հա­րիւր հան­դի­սա­կան­նե­րու ներ­կա­յու­թեան, Հա­լէպ-Պէյ­րութ ֆութ­պո­լի խում­բե­րու հան­դի­պու­մով մը սկ­սած միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին խա­ղե­րը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին վե­րած­ուած են մար­զա­կան-սկաու­տա­կան փա­ռա­տօն­նե­րու, որոնց ներ­կայ եղած են տասն­եակ հա­զա­րա­ւոր հան­դի­սա­կան­ներ, Հա­լէպ այ­ցե­լող մտա­ւո­րա­կան­ներ եւ հան­րա­յին գոր­ծիչ­ներ, ինչ­պէս՝ Սի­մոն Վրաց­եան, Շա­ւարշ Մի­սաք­եան, Դրօ եւ Յա­կոբ Օշա­կան։
Այս տա­րի, ՀՄԸՄ-ը սուր­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մի տաս­նամ­եա­կի դժն­դակ պայ­ման­նե­րու էջը փա­կեց միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին մար­զա­կան- սկաու­տա­կան տո­ղանցք-փա­ռա­տօ­նով։
Այս տար­ուան տո­ղանց­քը յատ­կան­շա­կան էր քա­նի մը տու­եալ­նե­րով։
Տո­ղանց­քին կը մաս­նակ­ցէ­ին սե­րունդ­ներ, որոնք սուր­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մին բե­րու­մով զրկ­ուած էին մար­զա­կան-սկաու­տա­կան այս հան­դի­սա­ւոր տօ­նա­կա­տա­րու­թե­նէն ու առա­ջին ան­գամ կը մա­սնակ­ցէ­ին ՀՄԸՄ-ի կուռ շար­քե­րը մի­աց­նող ու Հա­լէ­պի մար­զա­կան դաշ­տը դղըր­դաց­նող միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին տո­ղանց­քին։
Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով եր­կի­րը ցարդ կը դի­մագ­րա­ւէ ապա­հո­վա­կան հար­ցեր, հիւ­սի­սա­յին շր­ջա­նի նա­հանգ­նե­րէն դէ­պի Հա­լէպ ցա­մա­քա­յին ճամ­բան,- զին­եալ­նե­րու թա­փան­ցում­նե­րուն պատ­ճա­ռով,- չի բա­նիր, նա­հան­գէ-նա­հանգ եր­թե­ւե­կու­թիւնը տա­կա­ւին կը մնայ դժ­ուար, ծախ­սա­լից ու եր­բեմն եր­կար ժա­մեր խլող։ Այս բո­լո­րը, սա­կայն, յաղ­թա­հա­րե­ցին ՀՄԸՄ-ական­նե­րը եւ գործ­նա­պէս փաս­տե­ցին, որ ՀՄԸՄ-ակա­նին կամքն ու աշ­խա­տա­սի­րու­թիւնը, կազ­մա­կերպ­ուա­ծու­թիւնն ու ար­թուն միտ­քը կր­նան յաղ­թա­հա­րել ամէն դժ­ուա­րու­թիւն եւ անել կա­ցու­թիւն­նե­րէ ել­քեր գտ­նել ան­պայ­ման։
Եւ այս­պէս, միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին տո­ղանցք-փա­ռա­տօ­նին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Հա­լէպ ժա­մա­նե­ցին Ճե­զի­րէի սիր­տէն՝ Գա­միշլի­էն, Սուր­իոյ ծո­վափն­եայ շր­ջա­նէն՝ Լա­թաք­իա­յէն, պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն թըր­քա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րուն են­թա­կայ եղող, սա­կայն կան­գուն մնա­ցող հա­յատ­րոփ Քե­սա­պէն, մայ­րա­քա­ղաք Դա­մաս­կո­սէն հա­րիւ­րա­ւոր ՀՄԸՄ-ական­ներ՝ իրենց սկաու­տա­կան ու մար­զա­կան խում­բե­րով եւ փո­ղե­րա­խում­բե­րով։ Անոնց մի­ա­ցան Հա­լէ­պի մաս­նա­ճիւղն ու Սուր­իոյ Հայ Սեւ Գօ­տի­նե­րու Միու­թիւնը իրենց խում­բե­րով եւ Հա­լէ­պի պե­տա­կան մար­զա­կան դաշ­տը թն­դաց՝ հիւ­րըն­կա­լե­լով նա­եւ հա­զա­րա­ւոր հան­դի­սա­կան­ներ։
Հպար­տա­ռիթ երե­ւոյթ էր այս­քան տա­րի­նե­րու ընդ­մի­ջու­մէ ետք կր­կին տես­նել ՀՄԸՄ-ական­նե­րը հա­մախմբ­ուած, գու­նեղ տա­րազ­նե­րով, խրոխտ քայ­լե­րով եւ սկաու­տա­կան կար­գա­պա­հու­թեամբ։ Դաշ­տին մէկ ծայ­րէն միւ­սը կը տո­ղան­ցէ­ին փոք­րե­րը, պա­տա­նի­նե­րը, երի­տա­սարդ­ներն ու երէց սե­րունդ­նե­րը մի­ա­սին, կուռ շար­քե­րով, քայ­լե­րու նոյն կշ­ռոյ­թով, ՀՄԸՄ-ի առա­քե­լու­թեան հան­դէպ մի­եւ­նոյն հա­ւա­տար­մու­թեամբ։
Նախ­քան տո­ղանց­քը, Սուր­իոյ տար­բեր նա­հանգ­նե­րու հայ մար­զիկ­նե­րը միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին մր­ցա­շար­քե­րու մաս­նակ­ցե­ցան։ Անոնք մար­զա­կան ոգի­ով մր­ցե­ցան, փո­րա­ձա­ռու­թիւն­ներ փո­խա­նա­կե­ցին ու ըն­կե­րա­յին ջերմ մթ­նո­լոր­տի մը մէջ իրենց քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ամ­րապն­դե­ցին։
Հա­մազ­գա­յին Հայ Կր­թա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թիւնն ալ մի­ա­ցաւ փա­ռա­տօ­նին եւ իր գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գի­րով, հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի երանգ­նե­րով հարս­տա­ցուց զայն։
Այս տո­ղանց­քով, սուր­ի­ա­հայ մար­զա­կան-սկաու­տա­կան կեան­քը նոր փուլ թե­ւա­կո­խեց։
Ակն­կա­լե­լի է, որ այ­սու­հետ ՀՄԸՄ-ի Սուր­իոյ մաս­նա­ճիւ­ղե­րը թիւի եւ գոր­ծու­նէ­ու­թեան որա­կի աճ ար­ձա­նագ­րեն։ Միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին նման ձեռ­նարկ­նե­րը խթա­նիչ ուժ են այս իմաս­տով։
ՀՄԸՄ-ի Հա­լէ­պի ֆութ­պո­լի եւ պաս­քե­թի դաշ­տե­րու վե­րա­նո­րո­գումն ու արդ­ի­ա­կան չա­փա­նիշ­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խա­նե­ցու­մը եւս իրենց դե­րը պի­տի ու­նե­նան մար­զա­կան կեան­քի աշ­խու­ժաց­ման եւ երի­տա­սար­դութ­եան հա­մախմ­բու­մին մէջ։ ՀՄԸՄ-ի գոր­ծու­նէ­ու­թեան շուրջ ստեղծ­ուած խան­դա­վա­ռու­թիւնը պի­տի հա­մա­կէ երի­տա­սարդ սե­րուն­դը՝ մի­ա­նա­լու անոր շար­քե­րուն։
Յի­րա­ւի, այս տար­ուան միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին տո­ղանց­քին շե­փոր­նե­րը ՀՄԸՄ-ի Սուր­իոյ ըն­տա­նի­քին լու­սա­ւոր մէկ էջին բա­ցու­մը աւե­տե­ցին։
Բա­րի երթ մաղ­թենք ՀՄԸՄ-ի հայ արի­նե­րուն, որոնք այս տո­ղանց­քով վե­րա­հաս­տա­տե­ցին, որ հա­ւա­տա­րիմ ժա­ռան­գորդ­ներն են խա­ւար դամ­բա­նէն յա­րու­թիւն առած հս­կայ նուիր­ման տոր­միղ, հրա­թեւ, կա­մա­ւոր բա­նա­կին ու տար­բեր պայ­ման­նե­րու մէջ կը շա­րու­նա­կեն մարմ­նակր­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թեամբ վե­րա­ծաղ­կիլ։