Շա­բաթ, 26 Յու­նիս 2021-ին երե­կոյ­եան ժա­մը 7:30-ին, Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի շր­ջա­փա­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­նա­կար­գի ամա­վեր­ջի հան­դէ­սը։
Հան­դի­սու­թիւնը կը հո­վա­նա­ւո­րէր Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպ­ու­եան, ներ­կայ էին՝ Սուի­րոյ Խորհր­դա­րա­նի ան­դամ տի­ար Ժի­րայր Րէ­իս­եան, Բեր­իոյ Թե­մի Ազգ. Վար­չութ­եան, ՀՄԸՄ-ի Կենդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ բա­րե­սի­րա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ մար­զա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Ճե­մա­րա­նի խնա­մա­լու­թիւնը, տնօ­րէ­նու­թիւնը, ու­սուց­չա­կան կազ­մը եւ շր­ջա­նա­ւար­տից միու­թիւնը։
Հան­դէ­սի բա­ցու­մէն ետք, երգ­չա­խում­բը մեկ­նա­բա­նեց Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան զոյգ քայ­լերգ­նե­րը՝ դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Ար­փի Կոս­տան­եա­նի եւ Սե­դի Խա­չեր­եա­նի։
Հա­յե­րէն բաց­ման խօս­քով հան­դէս եկաւ Յո­վիկ Տա­տաղլ­եան, իսկ արա­բե­րէն Մա­րի-Ռոզ Քէ­օշ­կէր­եան։
Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի 9-րդ կար­գի երգ­չա­խում­բը յա­ջոր­դա­բար ներ­կա­յա­ցուց փունջ մը հա­յե­րէն, արա­բե­րէն եր­գեր, գե­ղա- ր­ուես­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ռու­զան Պար­սում­եա­նի։
Երգ­չա­խում­բին յա­ջոր­դե­ցին խմ­բա­յին հա­յե­րէն եւ արա­բե­րէն աս­մունք­ներ։
Արա­բե­րէն ու­ղեր­ձը ըն­թեր­ցեց Ան­նա Պետ­րոս­եան, իսկ Հա­յե­րէ­նը՝ Արէն Խրոյ­եան։ Անոնք 9-րդ կար­գի աշա­կեր­տու­թեան անու­նով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին եւ ծնող­նե­րուն՝ տար­ուան ըն­թաց­քին իրենց հո­գա­տա­րու­թեան եւ խնամ­քին հա­մար։ Ապա շնոր­հա­ւո­րե­ցին իրենց դա­սըն­կեր­ներն ու դա­սըն­կե­րու­հի­նե­րը եւ անոնց մաղ­թե­ցին յա­ջո­ղու­թիւն: Շըր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը խոս­տա­ցան ըլ­լալ ուս­ման, գի­տու­թեան եւ ազ­գա­յին բարձր իտ­է­ալ­նե­րու հա­ւա­տա­րիմ ուխտեալները։
Ապա խօսք առաւ Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի պե­տա­կան տնօ­րէն Ապըտ ալ Հա­միտ Մաս­րի եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հա­լէ­պի Կր­թա­կան Տնօ­րԷ­նու­թեան, թե­միս առաջ­նոր­դին, Ճե­մա­րա­նի խնա­մա­կա­լու­թեան, տնօ­րէ­նու­թեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մին եւ ծնող­նե­րուն, որոնց մի­աս­նա­կան աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ ու­սում­նա­կան այս տա­րին յա­ջո­ղու­թեամբ պսակ­ուե­ցաւ։
Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն Յա­կոբ Քի­լէճ­եան ըն­թեր­ցեց ճե­մա­րա­նի մի­ամ­եայ տե­ղե­կա­գի­րը, ապա յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յատ­նեց սր­բա­զան հօր, Ազգ. Վար­չու­թեան եւ Ու­սու­մնա­կան Խոր­հուր­դին, Ճե­մա­րա­նի խնա­մա­կա­լութ­եան, պե­տա­կան տնօ­րէ­նին, Շր­ջա­նա­ւար­տից Միու­թեան վար­չութ­եան, ու­սուց­չա­կան եւ վար­չա­կան կազ­մե­րուն, երգ­չա­խում­բի ղե­կա­վա­րին, խմ­բա­յին աս­մունք­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, Բեր­իոյ թե­մի դպ­րոց հիմ­նադ­րա­մին, ԱՔԵ Ճե­մա­րա­նի Քա­լի­ֆորն­իոյ ըն­կե­րակ­ցու­թեան եւ անոր Հա­լէ­պի յանձ­նա­խում­բին, ան­հատ բա­րե­րար­նե­րուն եւ բո­լոր անոնց, որոնք նիւ­թա­պէս եւ բա­րո­յա­պէս նե­ցուկ կը կանգ­նին ճե­մա­րա­նին։
Աւար­տին խօս­քը ուղ­ղե­լով միջ­նա­կար­գի երեք տար­ուան տա­րի­նե­րը բո­լո­րած Ճե­մա­րա­նա­կան­նե­րուն, թե­լադ­րեց յա­ւել­եալ ջանք թա­փել երկ­րոր­դա­կա­նի կար­գե­րուն եւս յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րե­լու եւ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հաս­նե­լու հա­մար: Տնօ­րէ­նը այ­նու­հե­տեւ ուժ, կո­րով եւ համ­բե­րու­թիւն մաղ­թեց երկ­րի նա­խա­գահ տոքթ. Պաշ­շար ալ Ասա­տին, որ վճ­ռա­կա­նօ­րէն Սուր­ի­ան կ’առաջ­նոր­դէ դէ­պի խա­ղա­ղու­թեան ափ։
Ապա բեմ հրա­ւիր­ուե­ցաւ Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի Շր­ջա­նա­ւար­տից Միու­թեան Վար­չու­թեան ան­դամ Սե­դա Աճէմ­եան՝ պար­գե­ւատ­րե­լու 2019-2020 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի 9-րդ կար­գի պե­տա­կան քն­նու­թեանց առա­ջին երեք դիր­քե­րը գրա­ւող հե­տեւ­եալ աշա­կերտ­նե­րը՝ Ան­նա Սաղ­պա­զար­եան (առա­ջին), Արեգ Արոյ­եան (երկ­րորդ) եւ Յո­վիկ Իփճ­եան (եր­րորդ)։
Պար­գե­ւատր­ուե­ցան նա­եւ 2020-2021 տա­րեշր­ջա­նի առաջ­նա­կարգ հե­տեւ­եալ աշա­կերտ­նե­րը՝ 7-րդ կար­գէն Ար­շա­լոյս Տիլ­պէր­եան, Սե­լի­նա Երէց­եան եւ Սէր­լի Մկր­տիչ­եան, 8-րդ կար­գէն՝ Ար­փի Արա­պան­եան, Ես­թեր Կիւլ­տալ­եան եւ Շո­ղակ Խրոյ­եան։
Այ­նու­հե­տեւ բեմ բարձ­րա­ցան 2020-2021 տա­րեշր­ջա­նի 76 շր­ջա­նա­ւարտ­ներ, որոնք առաջ­նորդ սր­բա­զան հօր ձե­ռամբ ստա­ցան միջ­նա­կար­գի վկա­յա­կան, իսկ հա­յե­րէն լեզ­ուի առաջ­նա­կարգ ու­սա­նող­նե­րը տնօ­րէ­նու­թեան կող­մէ գո­վա­սա­նա­գիր­նե­րու ար­ժա­նա­ցան։
Օր­ուան եզ­րա­փա­կիչ պատ­գա­մը ուղ­ղեց Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տէր Մա­սիս Ս. Եպս. Զօպ­ու­եան աշա­կերտ­նե­րուն հե­տեւ­եալ յոր­դո­րը տա­լով. «Ձեր սե­փա­կան նպա­տակ­նե­րու եւ երա­զանք­նե­րու իրա­կա­նա­ցու­մը ճե­մա­րա­նին, հա­լէ­պա­հա­յու­թեան եւ մեր բո­լո­րին յա­ջո­ղու­թիւնն ու պար­ծանքն են»:
Ապա իր ու­րա­խու­թիւնը յայտ­նեց ազ­գա­յին շուն­չով տո­գոր­ուած այս սե­րուն­դին ի տես ու ըսաւ. «Դուք էք ապա­գան, ձեզ­մով պի­տի իրա­կա­նաց­նենք մեր ազ­գա­յին երազ­նե­րը: Այս դպ­րո­ցը սո­վո­րա­կան դպ­րոց մը չէ, ան հա­յա­կեր­տու­մի, ազ­գա­կեր­տու­մի նուի­րա­կան վայր մըն է, որ­մէ վկա­յուո­ղէն կ’ակն­կալ­ուի ազ­գի եւ հայ­րե­նի­քի ծա­ռա­յու­թիւն»:
Հան­դի­սու­թիւնը փակ­ուե­ցաւ ճե­մա­րա­նի քայ­լեր­գով, դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Կա­լին Տէ­միրճ­եա­նի։
Հան­դէ­սին խրախ­ճան­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ «Տիգ­րան­եան» պար­տէ­զէն ներս, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ճե­մա­րա­նի Շր­ջա­նա­ւար­տից Միու­թեան վար­չու­թեան, վկայ­ուած աշա­կերտ­նե­րու բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ, եւ անոնց ծնող­նե­րուն ու հա­րա­զատ­նե­րուն քա­ջա­լե­րե­լի ներ­կա­յութ­եամբ։
Ահա­ւա­սիկ սե­րունդ մը եւս յաղ­թա­հա­րե­լով բո­լոր դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը ինք­նավս­տահ կշ­ռոյ­թով կը կրկ­նէ՝ «Չենք նա­հան­ջեր»:
Ժիրայր Կարապետեան