«Արմէնփրէս».- Քոնկրէսի հայկական հարցերու յանձնաժողովի համանախագահ Ատամ Շիֆ յայտարարած է, որ ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յատկացումներու 2022 տնտեսական տարուան ծախսերու մասին օրինագիծին մէջ ներառուած է Հայաստանին եւ Արցախին յատկացուող կայուն տնտեսաւորման հարցը: «Աւերիչ հակամարտութեան եւ անհաւանական տառապանքին յաջորդող տարի մենք կրցանք Հայաստանի ու Արցախի համար աւելի քան 52 մլն. տոլարի տնւտեսաւորում ներառել Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յատկացումներու օրինագիծին մէջ: Այս կայուն ներդրումը կ’աջակցի ժողովրդավարական, տնտեսական եւ ուժանիւթի բարեփոխումներու իրականացման Հայաստանի մէջ եւ առաջին անհրաժեշտութեան մարդասիրական օգնութիւն կ’ապահովէ Արցախին», ըսուած է Շիֆի յայտարարութեան մէջ: Քոնկրէսականը ընդգծած է, որ տակաւին ընելիք շատ կայ ու քոնկրէսականները պէտք է շարունակեն յորդորել նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին` ձեռնարկելու բոլոր մատչելի քայլերուն` Ատրպէյճանի յարձակումին վերջ դնելու եւ հայ կալանաւորներն ու անյապաղ ազատ արձակելու գերիները, որոնցմէ շատերը կտտանքներու ենթարկուած են, ինչ որ կը խախտէ մարդու իրաւունքներու մասին միջազգային պայմանադրութիւնները: «Մենք պէտք է յորդորենք նախագահ Պայտընը հրաժարելու Ատրպէյճանի մէջ Ալիեւի վարչակազմին օգնութիւն տրամադրելէ, որովհետեւ ան կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել մարդու իրաւունքներն ու սպառնալ Հայաստանի անկախութեան: Միշտ կանգնած եմ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի կողքին», ըսած է Ատամ Շիֆ: