“Էրմէնիհապեր”._ 2 Յուլիս 2021-ին Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը։
Հանդիպումէն վերջ նախարարները մամլոյ ասուլիս տուած են։ Անոնք լրագրողներուն յայտնած են, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկած են զբօսաշրջութեան, առեւտրաշրջանառութեան, ուժանիւթի նախագիծերուն առնչուած հարցեր։ Անոնք քննարկած են նաեւ տարածաշրջանային շարք մը հարցեր, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը։
Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, որ Մոսկուան եւ Անգարան մտադիր են միատեղ ջանքերով նպաստել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ գործնական գործակցութեան կարգաւորման։
«Համաձայնած ենք սերտօրէն շարունակելով համակարգել մեր ջանքերը՝ աջակցելով Պաքուին եւ Երեւանին՝ լուծելու յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչուած գործնական հարցերը՝ շեշտադրելով վստահութեան միջոցներու ամրապնդումը»։