“Թերթ”._ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատի անդամ, իրաւաբան Ֆրանք Փալոն պետական բաժինի եւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան պաշտօնեաներուն հետ քննարկած է Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ գերիներու ազատութեան հարցին գծով ԱՄՆ-ի կարելի դերը։ Այս մասին Փալոն յայտնած է իր պաշտօնական թուիթըրի էջին վրայ։ «Այսօր արդիւնաւէտ զրոյց ունեցայ պետական բաժինի եւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան պաշտօնեաներուն հետ՝ քննարկելու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները խորացնելու ուղիները։ Մենք խօսեցանք ԱՄն_ի կարեւոր դերին մասին, որ պէտք է ունենայ ատրպէյճանական կալանքին տակ գտնուող հայ գերիները ազատ արձակելու և շարունակուող սահմանային ճգնաժամի հարցին մէջ», գրած է Ներկայացուցիչներու Պալատի անդամ Ֆրանք Փալոն։