«Երկիր».-Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը (Caucasus Heritage Watch) անդրադարձած է Արցախի մէջ հայկական գերեզմանոցներու պղծումին: Այս մասին տեղեկութիւն արձանագրուած է կազմակերպութեան թուիթըրի էջին վրայ: «Կովկասեան Ժառանգութեան Պաշտպանութեան Կազմակերպութիւնը կը հաստատէ Սղնախ գիւղի հայկական գերեզմանոցի քանդումին փաստը, որուն մասին առաջին անգամ զեկուցած էր Յուշարձաններու Պաշտպանութեան Կազմակերպութիւնը: Այդ տարածքը աւերուած է ճանապարհային շինարարութեան նպատակով», յիշուած է գրառումին մէջ: Սղնախը կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանին, այժմ ան Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ է: Սղնախի գերեզմանոցը հիմնուած է 18-րդ դարու կիսուն եւ շահագործուած է մինչեւ 2020-ի աշունը, երբ հայերը պատերազմի հետեւանքով տարհանեցին գիւղի բնակիչները: Կովկասեան Ժառանգութեան Պաշտպանութեան Կազմակերպութիւնը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է դադրեցնելու գերեզմանոցներու քանդումը: