«Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանական դատարանը աւարտեց շինծու մեղադրանքներով յարուցուած քրէական գործերով 14 հայ գերիներու դատավարութիւնը: «Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ կը գրէ, որ Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը որոշեց Գեղամ Սերոբեանը եւ Հրաչ Աւագեանը դատապարտել 4 տարուան բանտարկութեան, իսկ 12 այլ գերիներ` 6 ամսուան: Անոնք կը մեղադրուին «ահաբեկչութեան եւ ներթափանցման», «զէնք պահել»ու, «սահմանի ապօրինի հատում»ի եւ այլ յօդուածներու վերագրեալ յացանքներով: