“Թերթ”._ Հզօր պայթում մը տեղի ունեցած է Կասպից ծովու ատրպէյճանական բաժինին մէջ: Պայթումը տեղի ունեցած է «Ումիդ» կազի հանքավայրին մէջ, որ կը գտնուի Պաքուէն 75 քմ. հեռաւորութեան վրայ՝ 170 քմ. խորութեան վրայ: Տեղւոյն ԶԼՄ-ներու հաղորդումով, դէպքը պաշտօնական աղբիւրներու կողմէ չէ հաստատուած։ Այնուամենայնիւ, ընկերային կայքերու վրայ լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր հրապարակուած են դէպքին վայրէն, ուրկէ կ’երեւին հրդեհի բռնկումին պատկերները։ Ատրպէյճանական SOCAR մեծագոյն քարիւղակազային ընկերութենէն յայտնած են, որ արտադրական հարթակներու վրայ վթարներ չեն եղած, աշխատանաքը բնականոն ընթացքի մէջ է։